Օդանաւային ընկերութիւն մը ճամբորդներուն տրուած ճաշացուցակի ձիթապտուղներէն մէկ հատիկ պակսեցուցած է. այսպիսով մէկ տարուան ընթացքին 40.000 $ խնայողութիւն մը գոյացուցած է: Անշուշտ ճամբորդները չեն անդրադարձած, ոչ ալ համրած են, նկատելու համար, որ 8 հատիկ ձիթապտուղը եղած է 7: Ո՜վ պիտի անդրադառնայ այսպիսի անկարեւոր մանրուքի մը: Ճամբորդները բան չկորսնցուցին մէկ ձիթապտուղ պակաս ուտելով, սակայն ընկերութիւնը կարեւոր շահ մը ըրաւ:
Ասիկա շուկայական աչքբացութիւն է, որ կը կիրառուի աշխարհի որեւէ երկրի մէջ զանազան ձեւերով ու միջոցներով: Այստեղ գործատէրերու ստեղծագործական միտքը անդադար նոր հնարքներ ի գործ կը դնէ, աննկատելի վնաս մը պատճառելով յաճախորդին եւ մեծ շահ մը ապահովելով գործատիրոջ:
Երբեմն, ագահութիւնը այն աստիճանի կը հասնի, որ խաբէութիւնն ու չարաշահութիւնը կը սկսին աւերներ գործել, ոչ միայն յաճախորդին, այլեւ գործատիրոջ, որուն հետեւանքով ամբողջ գործարքը կրնայ փլուզումի հասնիլ:
Այս ասպարէզին մէջ ամենաշատ խնդրայարոյց գիները հանրախանութներու մէջ են, ուր ցուցադրուած ապրանքի մը գինը երբեմն կը տարբերի վճարելի գինէն: Դուն կը տեսնես որ որոշ ապրանքի մը գինը ցուցադրադարանին վրայ, օրինակի համար, 450 է, վճարման ատեն, եթէ ուշադիր ես, կը նայիս որ հաշուեցուցակին մէջ նշուած է 475. Կը բողոքես, քեզի կ՛ըսեն որ ատիկա հին գինն է եւ երեւի դեռ գնապիտակը չեն փոխած: Սովորաբար, հարց չբարձրացնելու համար, կը լռես ու կ՛անցնիս կ՛երթաս: Քեզի պէս քանի՞ հոգի կը ստուգէ հաշուեցուցակը:
Հսկայ շահեր ապահովող այս հաստատութիւնները ինչո՞ւ այս չարաշահութեան կը դիմեն, դրամի մոլուցքը սահման կը ճանչնա՞յ: Չի բաւեր հսկայ շահերը: Վերջերս դիմեցին ուրիշ միջոցի մըն ալ. ապրանքներդ կը դնես վճարման սեղանին, քեզի կը հարցնենՙ տոպրակ կ՛ուզե՞ս… Հապա ո՞ւր պիտի դնես այդքան ապրանք, գրպանիդ մէ՞ջ,- այո՛ կ՛ըսես եւ տոպրակին գինը կը բարդուի վճարելի գումարիդ վրայ: Օր մը գանձիչ աղջկան հարցուցիՙ օրական քանի՞ տոպրակ կը սպառէք, հազար հատ մը կը սպառէք հաւանաբար, տոպրակին հատը 10 դրամ հաշուելով, օրական 10.000 դրամ կողմնակի շահ մը կ՛ապահովէք. ես ձեզի տամ այդ գումարը եւ այսօր ձրի բաժնեցէք տոպրակները, չ՛ըլլա՞ր… Աղջիկը նոյնիսկ չժպտեցաւ: Հանրախանութներէն քաջալերուած որոշ խանութներ ալ սկսած են գնորդներէն տոպրակին գինը պահանջել:
Մարդիկ ինչո՞ւ անկուշտ են: Եղածով գոհանալ չկա՞յ, անպայման աւելի՛ ու աւելի՛:
Ճաշարաններուն պարագան տարբեր է. մարդիկ նկատած են, որ որոշ ճաշարաններ երկու տեսակ ճաշացուցակ ունին, երկու տեսակ ճաշագիներով: Ապսպրանք ըրած ատենդՙ տարբեր, վճարած ատենդՙ տարբեր:
Բացատրեմ. ճաշացուցակին մէջ նշուած է, որ այսինչ կերակրատեսակը 1200 դրամ կ՛արժէ, կը համոզուիս որ տրամաբանական է ու կը պատուիրես: Վճարման ատեն կը նայիս, որ լրիւ տարբեր գին մը նշուած է, բացատրութիւն կ՛ուզես, քեզի ճաշացուցակի երկրորդ տարբերակը կը բերեն, որուն մէջ լրիւ տարբեր է գինը: Կը բողոքես, կ՛ըսեն այդ առաջինը հին է, բունը այս նորն է. կ՛ըսես ինչո՞ւ սկիզբը չբերիք նորը:
Այստեղ արդէն որքան փորձեն արդարանալ եւ համոզել, կը զգաս որ խաբուած ես:
Դեռ կայ աւելին, երբ սեղանիդ շուրջ հրաւիրեալներ կան, յատկապէսՙ կանայք, վստահ ըլլալով որ անոնց ներկայութեան պիտի չզննես հաշուեցուցակը, ուտեստներ ու խմիչքներ աւելցուցած կ՛ըլլան հաշուեցոյցին մէջ, եւ դուն, որ խմած ես ու քէֆդ տեղն է, ամենայն «ճենթլմենութեամբ» կը վճարես պահանջուածը, վրան ալ ոչ- արհամարհելի ձեռաձիր մը աւելցնելով: Սպասեակները կը ժպտին, կը խոնարհին մինչեւ ճաշարանէն դուրս ելլելդ: Դուն շոյուած կը զգաս, առանց անդրադառնալու, որ իսկական շոյուածը գրպանդ եղած է: Իսկ եթէ պատահեցաւ, որ զգաստ մարդ ես ու հաշիւդ գիտցող, անոնց պատասխանը պատրաստ էՙ օ՜, կը ներէք, երեւի սխալմունք է, հիմա կը սրբագրենք… Եւ վերջ:
Կը չարաշահեն մարդոց միամտութիւնն ու բարեացակամութիւնը: Ընչաքաղցութիւնը սահման ունի՞: