Հալէպի մէջ 5 հայկական երկրորդական վարժարաններ կը գործեն, որոնք կրթական նախարարութեան ծրագիրը լրիւ գործադրելու կողքին կը դասաւանդեն նաեւ հայերէն լեզու եւ գրականութիւն («ծիսական լեզու» անունին տակ), առաւելՙ կրօն: Ի պատիւ մեր վարժարաններուն, հարկ է հպարտութեամբ նշել, որ միջնակարգի եւ երկրորդականի պետական աւարտական քննութեանց մէջ մեր աշակերտները երկրի առաջնակարգ դիրքերու վրայ եղած են միշտ:
Անշուշտ Սուրիոյ ութնամեայ պատերազմը շատ բան փոխեց, թէեւ մեր վարժարանները կը շարունակեն իրենց դռները բաց պահել, սակայն ի գին ինչի՞: Մեր կրթական համակարգը շատ բան կորսնցուց իր անցեալի փառքէն. եթէ ոչ որակական, սակայն քանակական իմաստով պատկերը տխուր է:
Քանի որ հալէպահայ գաղութը նօսրացաւ համարեա՛ 70%-ով, նոյն տոկոսով ալ նօսրացաւ մեր աշակերտութեան թիւը: Իսկ այս նօսրացումը ձեւով մը դարմանելու եւ իրենց դռները բաց պահելու համար, որոշ վարժարաններ միջոցի մը դիմեցին, որուն արդիւնքը թէեւ գոհացուցիչ էր քանակական իմաստով, սակայն տխրեզուցիչ էր ազգային իմաստով:
Խօսքըՙ հայկական վարժարաններուն հայ աշակերտներուն սակաւ թիւը ոչ – հայ աշակերտներով համալրելու մասին է, պարզապէս որպէսզի անոնց բերած նիւթականով կարելի ըլլայ ձեւով մը պիւտճէին բացը փակել, կամ նուազագոյնի իջեցնել: Անուններ չեմ ուզեր տալ, սակայն մեր հինգ երկրորդական վարժարաններէն երեքը ակամայ այդ ձեւին դիմած են: Այստեղ, հպարտութեամբ կարելի է ըսել, որ օտարներու համար մեր վարժարանները միշտ ալ յատուկ գրաւչութիւն ունեցած են:
Այս օրերուս Սուրիոյ կրթական նախարարութիւնը հրապարակած է պետական աւարտական (պաքալորիա) քննութեանց արդիւնքները եւ դիմատետրի (ֆէյսպուք) ճամբով ալ մեր վարժարանները տեղադրած են իրենց աշակերտութեանց քննութեանց արդիւնքները: Թէեւ մեր բոլոր երկրորդական վարժարաններուն արդիւնքները շատ աւելի բարձր են Սուրիոյ ընդհանուր մակարդակէն, սակայն երբ կը կարդանք յաջողողներուն անունները, կը նկատենք, որ վերոյիշեալ երեք վարժարաններուն անուանացանկերուն մէջ հայերուն թիւը ընդհանուրին հազիւ 20 – 25% կը կազմէ, ինչ որ ցաւալի կացութիւն մը կը պարզէ:
Թէեւ, ըստ պետական օրէնքի, սուրիացի ոեւէ աշակերտ, ինչ ազգութեան կամ կրօնի ալ պատկանի, իրաւունք ունի որեւէ վարժարան արձանագրուիլ: Հակառակ այս օրէնքին, ի շահ մեր վարժարաններու հայկական մթնոլորտի պահպանման, միշտ ալ փորձ եղած է օտար աշակերտ չառնել, եթէ հնարաւոր է:
Վերոյիշեալ անուանացանկերը տեսնողներ արդէն սկսած են իրենց մտահոգութիւնը յայտնել, նոյնիսկ բողոքել, որ մենք ինչ-ինչ զոհողութիւններու գնով հայ դպրոց կը պահենք, որպէսզի օտարնե՞րը օգտուին:
Անշուշտ բողոքին մէջ իրականութիւն կայ. մեր վարժարանները ուրիշ երկիրներու նման պետութենէ նպաստ չեն ստանար, անոնց նիւթական ապահովութեան գլխաւոր աղբիւրները բարեսիրական կազմակերպութիւններն են եւ անհատ բարերարները, որոնք իրենց նիւթական կարողութիւնները ի սպաս դրած են սփիւռքի մէջ հայ նոր սերունդներուն հայկական ոգի ջամբելու ու անոնց մօտ հայ լեզուն պահպանելու կռուաններ ստեղծելու գործին, մէկ խօսքովՙ հայը հա՛յ պահելու առաքելութեան: Մահացած կտակարարները խօսք չունին, սակայն ապրողները պիտի չմտածե՞ն իրենց նպաստները օտարներուն ծառայեցնելուն մասին:
Հարցին մօտիկ կանգնողները միայն գիտեն, թէ պատերազմի դժնդակ պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կը շարունակուին պահպանուիլ մեր վարժարանները, երբ շատ մը ընտանիքներ նիւթական ծանր պայմաններու մատնուած ըլլալովՙ ոչինչ կրնան վճարել վարժարանին, բայց վարժարանը իր դռները չի փակեր անոնց առջեւ: Ուրե՞մն, լուծումի միակ ձեւը այս է, յանուն դասարանի 25% հայ աշակերտութեան, 75% օտարներուն ներկայութիւնը առայժմ փրկարար լաստ մըն է վարժարանին համար, մինչեւ որ… Աստուած գիտէ:
Խմբ. կողմից.- Հոդվածագիրը լայն փորձառություն ունի հալեպահայ կրթական մարզում, թե՛ որպես ուսուցիչ, թե՛ որպես տնօրեն ՀԲԸՄիության Գյուլբենկյան-Նաճարյան ավագ դպրոցում: