Շահէ Նաւասարդ Սանենց, որդի Փառէն (Գազանճեան) Սանենցի եւ Նազելի (ծնեալ Փարթամեան) Սանենցի, օրերս արժանացած է դոկտորական վկայականին, Ռաթկըրզ համալսարանի (Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ) Հաղորդակցութեան եւ Տեղեկատուութեան դպրոցի կաճառէն: Հիմնուելով հարցազրոյցներով եւ այլ միջոցներով ձեռք բերուած տուեալներու վերլուծումներուն վրայ, իր «Երկլեզու չափահասներու տեղեկութիւն փնտռելու եւ գործածելու վարքը» խորագրեալ թեզը կ՛ուսումնասիրէ ընդհանրապէս չուսումնասիրուած ոլորտ մը. թէ մէկէ աւելի լեզու կամ բարբառ իրենց տրամադրութեան տակ ունեցող անհատներ – մարդկութեան կէսը – ինչպէ՞ս կը փոխյարաբերին տեղեկոյթի (information) հետ:
Շնորհաւորում ենք: