Կոյր ըլլալու է չտեսնելու եւ չզգալու համար, որ աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւնը ետքայլ կ՛ապրի, մինչ իսլամութիւնը անընդհատ յառաջդիմութեան մէջ է: Իսլամական կրօնը իր դաստիարակչական խստութեամբ եւ հետեւորդներուն մոլեռանդութեամբ համաշխարհային ներկայութիւնը օրէ-օր ամրապնդած է, սակայն երբ Ալ Ղաիտան մէջտեղ եկաւ, իսկ վերջին տասնամեակին ալ ԻՊ-ն «Իսլամական Պետութիւնը» Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ), կրկնապատկուեցաւ եւ նոյնիսկ բազմապատկուեցաւ Մուհամմէտի հետեւորդներուն կարծրութիւնը, որ երբեմն դրսեւորուեցաւ արիւնալի խժդժութիւններով, «Քաֆիր անաստուածները» (ոչ-իսլամներ) դարձի բերելու, կամ զանոնք ոչնչացնելու, ըստ իրենց սուրբ գիրքի պատգամին, հակառակ որ խոհեմ իսլամ կրօնաւորներ հերքեցին ծայրայեղականներու գաղափարախօսութիւնը եւ կոչ ըրին խաղաղ գոյակցութեան, դատապարտելով անոնց արարքները:
Իսլամներուն մոլեռանդութեան մեծապէս կը նպաստէ իրենց բազմազաւակութիւնը, երբ, ըստ իրենց վարդապետութեան, յղութիւնը արգիլող որեւէ միջոց մեղք կը համարուի, ուստի արաբական աշխարհի եւ նաեւ շատ մի իսլամական երկիրներու ժողովրդական խաւերուն մէջ տարածուած է բազմազաւակութիւնը, երբ քրիստոնեաները ընդհանրապէս կը բաւականանան երկու, երեք երախաներով:
Այս օրերուն «Ռամատան» կոչուած իսլամներու ծոմապահութեան սուրբ ամիսն է, տեսնելու է, թէ ինչպիսի՜ կարեւորութիւն կու տան այս տօնին, ինչպէ՜ս արաբական հեռուստակայանները օրը 24 ժամ կը ներբողեն ու իրենց բոլոր ծրագիրները այս տօնին նուիրուած կ՛ըլլան: Անոնց ծոմապահութիւնը մեր պահքին չի նմանիր, անոնք մէկ ամիս, ամէն օր աւելի քան 12 ժամ, լուսաբացէն մինչեւ երեկոյ անօթի պէտք է մնան, որուն ընթացքին կաթիլ մը ջուր խմելն իսկ արգիլուած է, ինչպէս նաեւ հակաբարոյական որեւէ դրսեւորում, որ կրնայ պղծել սուրբ ամիսը:
Լիպիոյ յօշոտուած նախագահ Մոամմար Քազզաֆին ըսած էր, որ օրը պիտի գայ, ուր առանց կռիւի իսլամները պիտի գրաւեն Եւրոպան յարատեւ աճող իրենց թուաքանակով: Արդէն արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ իսլամները միլիոններով կը հաշուեն, անոնք անընդհատ աճի մէջ են, եւ որպէս բազմանդամ ընտանիքներ պետութեանց կողմէ նպաստ կը ստանան: Անոնք լրիւ ազատութիւն կը վայելեն իրենց մզկիթներն ու աղօթավայրերը ունենալու: Սակայն, դժբախտաբար մարդկայնօրէն իրենց շնորհուած ազատութիւնը երբեմն անմարդկային ձեւով կ՛օգտագործեն:
Վերջին տարիներու գաղթականներու հոսքը իսլամական երկիրներէն դէպի Եւրոպա, որոնց մէջ ԻՊ-ի ճիհատիստներ ալ կային, պատուհաս դարձան զիրենք ընդունող երկիրներուն, ուր անոնց ահաբեկչական արարքները կեանքեր խլեցին ու մեծ վնասներ հասցուցին հանրային հաստատութիւններուն եւ տեղացիներու սեփական կալուածներուն ու գոյքերուն:
Ամենաթարմ օրինակը անցեալ ամսուան Փարիզի Նոթրը Տամ եկեղեցւոյ վերնայարկի հրոյ ճարակ դառնալն էր: Ֆրանսական պետութիւնը,-չես գիտեր ինչո՞ւ,- ահաբեկչական արարք չանուանեց եղած վանտալիզմը, սակայն երբ Ֆրանսայի տարածքին տասնեակներով եկեղեցիներ հրկիզուած են վերջին տարիներուն, յստակ կը դառնայ անոնց պատասխանատուներուն ինքնութիւնը, որոնք բացէ ի բաց կը գործեն Եւրոպան իսլամացնելու յատուկ ծրագիրով:
Եւրոպայէն զատ, հակաքրիստոնէական գործունէութիւններու թատերաբեմ կը դառնան յաճախ շարք մը ասիական եւ ափրիկեան երկիրներ եւս, ինչպէս Շրի Լանքա, Ֆիլիպիններ, Նիկերիա, Եգիպտոս եւ այլք:
Եւրոպայի մէջ քրիստոնեաներուն վնասելու իրենց մղումին կը նպաստէ նաեւ երկրին մեղմ պատժամիջոցը, ուր մահապատիժի բացակայութեանՙ բանտային կալանքը սարսափեցնող ազդակ չէ, երբ անոնց բանտերը շատ նման են հիւրանոցներու, ուր ամէն ինչ ապահովուած է: Իսկ եթէ ահաբեկչական գործողութեան մը ընթացքին մահանան, ապա որպէս նահատակ դրախտին մէջ կը գտնեն իրենց խոստացուած հուրի-փերիները…
Ըստ վերջերս դիմատետրի (Ֆէյսպուք) մէջ տարածուած բացայայտումի մը, իբր թէ մինչեւ 2025 թուական Հռոմն ալ պիտի գրաւուի իսլամներու կողմէ ինչպէս իրենց Սուրբ գիրքին մէջ մարգարէութիւնը կ՛ըսէ, որ հռոմէական (իմաՙ յունա-բիւզանդական) երկու մայրաքաղաքներՙ Կոստանդնուպոլիսն ու Հռոմը պիտի իսլամանան, որպէսզի Եւրոպան ամբողջութեամբ իսլամանայ: Կոստանդնուպոլիսը արդէն իսլամացած Իսթամպուլն է, կը մնայ Հռոմը, որուն համար աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Ըստ ԻՊ-ի, կ՛ըսուի թէ Հռոմի գրաւման օրը Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ պիտի գլխատուի Պապը եւ անոր հետՙ իրենց «սրբազան կրօնի» բոլոր թշնամիները:
Գուցէ հեքիաթանման երեւակայութիւն թուի, սակայն այս ծայրայեղութիւնները շրջանցելով իսկ նկատելի է, որ մարդիկը լրջօրէն այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատին: Անոնց կապը իրենց Ղուրանին, աղօթավայրերուն եւ կրօնապետերուն հետ անբաղդատելի է: Կոյր հաւատքը մեծ գործօն է ամբոխներ տեղաշարժ ընելու եւ հնազանդեցնելու, քրիստոնեաներու հակառակ, ուր մոլեռանդութիւնը երթալով հող կը կորսնցնէ, իսկ պաշտամունքն ալՙ կարծես աւանդութեան մը շարունակութիւնն է, աւելի ձեւական, քան լուրջ ու նուիրական:
Արաբական երկիրներուն մէջ, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը առողջ մթնոլորտ կը ստեղծէ, յատկապէս սուրիական ութնամեայ պատերազմին երկու կողմերու կրօնապետեր յաճախակի հանդիպումներով կապի մէջ են, իրարու օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն ու միասին կը գործեն յանուն ժողովուրդի ապահովութեան եւ պատերազմի հետեւանքներու վերացման: Երկար տարիներ իրենց համատեղ գոյակցութեան հետեւանքով սուրիացի քրիստոնեաներ դիմատետրի միջոցաւ շնորհաւորական մաղթանքներ կ՛ուղղեն իրենց իսլամ բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ անցեալ ապրիլ ամսուն իսլամներ նոյն ձեւով վարուեցան եւ շնորհաւորեցին իրենց քրիստոնեայ բարեկամները:
Վերադառնալով անոնց գործունէութեանց եւ ահաբեկչութիւններուն, հիմա հարց կը ծագի, այս բոլորէն տեղեակ չէի՞ն կամ չե՞ն Եւրոպայի ղեկավարները, որոնք ոչ մէկ արտակարգ միջոցի կը դիմեն վտանգին առաջքը առնելու համար: Անոնք նոյնիսկ գիտակցաբար արգելք չհանդիսացան գաղթող իսլամներու հոսքին: Հռոմի Պապը դեռ կը շարունակէ իր այցելութիւնները զանազան երկիրներ, որոնց մէջ նաեւ իսլամական երկիրներ, Ան նոյնիսկ իսլամ նախագահի ոտք համբուրեց… Ոեւէ տրամաբանող մարդու մտքէն կ՛անցնի՞, որ օրին մէկը իսլամ կրօնապետ մը քրիստոնեայի մը ոտքը համբուրէ: Արդեօք յոյժ գաղտնի համաշխարհային ծրագի՞ր մը կը պատրաստուի ներմոլորակային, կամ այլմոլորակային ոյժերու կողմէ:
Տակաւին կը խօսուի «Արմակետտոնի» մասին, իսլամ-քրիստոնեայ վերջնական բախումի վայրը, որը, ըստ քարտէսին, Իսրայէլի տարածքին վրայ է (՞՞՞): Բացի Իսրայէլէն, տարածաշրջանի բոլոր երկիրները համտեսեցին ԻՊ-ի «պտուղները». ասիկա բան մը կը նշանակէ՞:
ԻՊ կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ, ո՞վ էր անոնց կնքահայրը, ո՞վ ֆինանսաւորեց, ո՞վ մարզեց զիրենք, ինչպէ՞ս կը շարունակեն դիմանալ անոնք, երբ ամբողջ աշխարհը (իբր թէ) իրենց դէմ է: Հիմա ինչո՞ւ կ՛աշխատին վերացնել զայն. լրջօրէն կ՛աշխատի՞ն, թէ կը ձեւացնեն: Անպատասխան, սակայն կիսաթափանց գաղտնիքներ:
Վերջ ի վերջոյ մարդ ակամայ պիտի մտածէՙ կրօնները ի՞նչ բանի համար են. խաղաղութեա՞ն, մարդոց հոգիներու փրկութեա՞ն, թէ՞ պատերազմներու ու մարդիկը պատուհասելո՞ւ: