«Մէկ ձեռքով երկու ձմերուկ չես կրնար բռնել», ըսած է հայկական առածը, առանց նկատի առնելու, որ կու գայ օր, ուր կարելի կ՛ըլլայ մէկ ձեռքով չորս – հինգ ձմեռուկ բռնել:
Մի զարմանաք, ահա՛ ձեզի մեր կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, որ արդէն հազիւ կը հասցնէր կրթական գործերով զբաղելու, երբ այսօր դարձաւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ սփորի նախարարութիւն…
Երբ մէկ ասպարէզ վստահուած է քեզի, ամէն ճիգդ ի գործ կը դնես այդ ասպարէզը լաւագոյնս տնօրինելու, սակայն, երբ քանի մը ասպարէզ կ՛ըլլայ աշխատանքային դաշտդ, ապա ուրեմն կը մասնատուի կեդրոնացումդ ու իւրաքանչիւր ասպարէզ կեդրոնացումի մէկ հինգերորդին կ՛արժանանայ, եթէ անշուշտ արդարօրէն բաժնուին ճիգերը, ու տոկոսային համեմատութեամբ կամ կարեւորութեան կարգով, մին-միւսէն աւելի չստանայ:
Հայաստանի դպրոցական եւ բուհական ցանցը բաւական ընդարձակ է, Հայաստանը նաեւ ունի գիտական փորձարկումներու եւ նուաճումներու մեծ փորձ: Ասոնց վրայ աւելցուր մեր մշակոյթը, որուն մակարդակին անկումին համար յաճախ կը գրուի եւ զայն վերականգնելու համար լուրջ ծրագիր պէտք է: Մնացին երիտասարդութիւնն ու սփորը: Սփորը, կամ մարմնամարզը վերահսկելն ու կառավարելը ընթացիկ աշխատանք է, սակայն երիտասարդութեան հարցերը շատ լուրջի առնուելու են:
Յաճախ կը յայտարարենք, որ երկրի ապագան երիտասարդներուն կը պատկանի, անո՛նք պիտի ըլլան վաղուան ղեկավարները այս երկրին: Անոնց, միմիայն քաղաքական -դիւանագիտական ու տնտեսական պատրաստութիւնը բաւարար չէ, անոնք մարդկային եւ հայրենասիրական առաքինութիւններու առողջ կրողները ըլլալու են, որպէսզի սատարեն երկրի բարգաւաճման ու վերելքին եւ, իրենց կարգին, իրենք ալ պատրաստեն զիրենք յաջորդողները:
Ահա՛ այստեղ է որ մատս պիտի դնեմ վէրքի մը վրայ, որ սկսած է վարակ դառնալ եւ որուն առաջքը առնելու համար որեւէ ճիգ չեմ նկատեր:
Խօսքս թմրամոլութեան մասին է: Հայաստան գտնուելուս այս քանի մը տարիներուն ընթացքին իրազեկ դարձայ, որ մեր երիտասարդներէն շատերուն մօտ այդ ախտը բոյն դրած է: Ցարդ, թմրամոլներու հետապնդումի, թմրադեղերու արգիլման, վաճառողներն ու օգտագործողները պատիժի ենթարկելու մասին յայտարարութիւն կամ լուր չեմ լսած: Իսկ եթէ կողմնակի բաներ մը եղած են ու չեն հրապարակուած, կը նշանակէ, որ լուրջ թերացում մը կայ:
Թմրամոլութիւնը իր գործած առողջական աւերին կողքին, աւելի՛ վտանգաւոր վնաս կը հասցնէ, եւ այս պարագայինՙ ոչ թէ անհատին, այլ երկրի՛ն: Թմրամոլութիւնը կը տանի բարոյազրկման, իսկ բարոյազրկուած երիտասարդութիւն մը չի կրնար երկրի ղեկը ձեռքը առնել, ոչ իսկ որպէս զինուոր կրնայ երկիրը պաշտպանել:
Մեր պատկան մարմինները ինչո՞ւ լուրջ հետապնդումի չեն ենթարկեր այս վատ գործով զբաղողները: Ըսողներ կան, որ պետութեան մէջ կան այնպիսի պատասխանատուներ, որոնք այս աղիտալի ասպարէզին համար ալ որոշ ազատութիւններ տալու պատրաստ են…
Պիտի չզարմանայի, եթէ իմանայի, որ դուրսէն յատուկ ուղղուած ծրագրով կ՛ըլլայ այս: Ծախուած անձեր, կամ երկրին թշնամիներ, ինչ-ինչ միջոցներու կը դիմեն այս ախտով վարակելու երիտասարդութիւնը, նոյնիսկ պատանիներն ու դպրոցականները:
Ծնողնե՛ր, շատ կը խնդրեմ, հսկեցէք ձեր զաւակներուն վարքն ու բարքը, հետեւեցէք անոնց ըրածներուն իրենց ազատ ժամերուն, որպէսզի վաղը չզղջաք ու ծունկ չծեծէք:
Յարգարժան պետական այրեր, կը խնդրեմ որ զբաղիք այս կենսական հարցով. Ասսիկա սովորական հարց մը չէ, ասիկա պատուհաս է ազգին գլխուն: