Կ՛առաջարկեմ որ ՄԱԿ-ը լուծարուի, դադրին նաեւ միջազգային բոլոր իրաւարար կազմակերպութիւնները, համաշխարհային արդարադատութեան ատեանները եւ ցրուին անոնց բազմահազար պաշտօնեաները, միլիոնաւոր տոլարներ խնայելով անոնց ետին կանգնած պետութեանց գանձանակին:
Կազմակերպութիւններ, որոնք ստերջ են, չբեր, քանի որ անոնց որոշումները թուղթի վրայ կը մնան եւ չեն գործադրուիր, ոյժ չունին իրենք զիրենք պարտադրելու եւ իրենց որոշումները գործադրելու, այնքան ատեն որ անոնք կը բախին այնպիսի պատերու, որոնք չեն քանդուիր, քանի որ… չես գիտեր ինչու:
Յիշեալ բոլոր կազմակերպութիւններուն փոխարէն ԱՄՆ կրնայ առանձին լուծել բոլոր հարցերը, աւելի ճիշդՙ նախագահ Թրամփը, որ որոշումներ կ՛առնէ, որոշումներ կ՛ոտնակոխէ, հրահանգներ կ՛արձակէ, չենթարկուողին գլխուն սպառնալիքներ կը տեղացնէ, խարազանը ձեռքին կը սաստէ ու կը սպառնայ եւ այդպիսով ազգերու եւ երկիրներու ճակատագրին հետ կը խաղայ:
Երուսաղէմը Հրէաստանի մայրաքաղաք ճանչցաւ, ինքը որոշում կայացուց, լեռնաշղթայի նմանող իր ստորագրութեամբ որոշումը (ինչպէս սովորութիւնն է) ցուցադրեց, հրեան ուրախացաւ, սակայն համընդհանուր զօրակցութեան չարժանացաւ. հոգ չէ, կարեւորըՙ Նաթանիահուին խաթրը չկոտրեց:
Իրանի ատոմակայանի հարցով եւրոպական երկիրներու եւ ԱՄՆ-ի ալ կողմէ պաշտօնապէս ստորագրուած համաձայնութիւնը միակողմանիօրէն ջնջեց ու ականջ չկախեց Եւրոպայի կարծիքին:
Չհանդուրժեց Ռուսիոյ դերին Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, ուզեց ձեռք առնել ղեկը, չյաջողեցաւ, դռնէն ելաւ, պատուհանէն մտաւ, մի քանի անգամ բարեկամ ու թշնամի փոխեց:
Այս բոլորը մէկ կողմ, սակայն երբ մարտ 26-ին յայտարարութեամբ մը սուրիական Գոլանի բարձունքները Իսրայէլին կցելու որոշումը ցուցադրեց, Նաթանիահուիի յաղթական ժպիտին ներքեւ, իր տարօրինակութիւնները պսակած եղաւ պատմական աններելի տխրահռչակ որոշումով մը:
Ահա՛ քեզի երկրորդ Ստալին մը: Ա՛ն ալ ինքզինքին իրաւունք կու տար խորհրդային երկիրներու սահմանները փոխելու՛ ասկէ կտրելու, անոր փակցնելու,- Արցախն ու Նախիջեւանը վկայ,- ըսենք ան իր մականին տակ եղածը կը մասնատէր, մինչդեռ Թրամփը իր երկրէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռու երկու դրկից երկիրներու սահմաններուն ճակատագիրը որոշելու կ՛ելլէ:
Դուն, պարոն Թրամփ, որո՞ւն հողը որո՞ւն կը կտակես, ո՞ր իրաւունքով, ի՞նչ տրամաբանութեամբ, չէ՞ որ այս ձեւով կը խայտառակուիս, աշխարհի ո՞ր պետութիւնը իրաւունք պիտի տայ քեզի, ո՞վ պիտի ծափահարէ այս վտանգաւոր որոշումդ, բացի քանի մը պնակալէզ արբանեակներէդ:
Եթէ իսկապէս կը կարծես, որ այս ձեւով արդարութիւն կ՛ընես, միջազգայնօրէն որպէս սուրիական հող ճանչցուածը ապօրինաբար ուրիշին կցել որոշելով, լաւ չըլլա՞ր որ պատմականօրէն ճանչցուած ու փաստուած հայկական հողերուն մասին ալ այդպիսի որոշում մը կայացնես: Սկսիր Արցախով, անցնիս Նախիջեւան, ապա Արարատ ու մեր հայկական նահանգները, քու նախնիիդՙ Ուիլսընին ծրագիրն ու քարտէսը վերակենդանացուր, ճանչցիր Ցեղասպանութիւնը, ստորագրութիւնդ ալ դիր որոշումիդ տակ եւ ցուցադրէ:
Միայն Իսրայէլի թմբուկը զարնելով չ՛ըլլար, արդար եղիր քիչ մը: Կը տեսնես ինչպէս պաղեստինցիները կը պայքարին իրենց անկախութեան համար, կը տեսնես թէ իսրայէլեան բանակը ինչ ոճիրներ կը գործէ: Գիտես որ Գոլանի բնիկ արաբ եւ տիւրզի բնակիչները մինչեւ օրս կը մերժեն իսրայէլեան հպատակութիւնը ու Մաճտալ Շամսէն բարձրախօսներով իրենց սէրն ու կարօտը կը յայտնեն իրենց հարազատներուն եւ սուրիական հայրենիքին: Ալ ինչպէ՞ս ձեռքդ չդողաց, երբ ստորագրեցիր այդ որոշումդ, որ տը ֆաքթօ ոչինչ արժէք ունի, բայց Ամերիկայի պատուին համար լաւ չէ: Ինչպէս կարգ մը որոշումներդ ետ քաշած ես, այս մէկն ալ քաշէ, քանի ուշ չէ: