Արմատները Կիլիկիայէն են, ինք Հալէպի ծնունդ է. Սուրիոյ պատերազմին Հայաստան տեղափոխուեցաւ, երկու տարի ետք Քանատա հարս գնաց, երախայ ունեցաւ, ընտանիք կազմեց: Նկարներուն մէջ միշտ ժպտերես, ուրախ էր: Ուրախ էր, որովհետեւ վերջապէս լուծուած էր գլխուն վրայ դամոկլեան սուրի նման կախուած անորոշութիւնը, որ յատուկ է անհայր մնացած, դժուար կեանքով ապրող ընտանիքի մը աղջիկ զաւակին:
Հիմա նկար մը տեղադրած է ֆէյսպուքին մէջ. ամուսնոյն ու զաւկին հետ կանգնած են դրօշակներու առջեւ, իրենց կողքին թխամորթ մարդ մը կայ փաստաբաններու յատուկ քղամիդով: Նկարին տակ գրուած էՙ «Վերջապէս քանատացի դարձանք»… Երեւի քաղաքացի դառնալու գործընթացի աւարտին, երդման արարողութենէ եւ քաղաքացիութեան փաստաթուղթը ստանալէ ետք, յիշատակի համար լուսանկարուած են:
Նոյն օրը, նկարին տակ 200 շնորհաւորանք զետեղուած էրՙ «Շնորհաւոր ըլլայ, աչքերնիդ լոյս…», նոյնքան մըն ալ «լայք» զետեղուած էր, պարզ, կամ սրտիկներով:
Ծանօթ աղջիկ է, զանազան առիթներով երկտողեր ալ փոխանակած ենք, սակայն… սակայն այս անգամ ձեռքս չգնաց իմ կողմէս ալ շնորհաւորական երկու խօսք ընելու. չկրցայ շնորհաւորել:
Եթէ իրեն ուղղուած հարիւրաւոր խօսքերուն մէջ կարողացաւ նկատել իմ բացակայութիւնս, գուցէ նեղուի, սակայն քանի խելացի աղջիկ է ու զիս լաւ կը ճանչնայ, վստահ եմՙ պիտի հասկնայ: Ինք քանատահայու մը հետ ամուսնացաւ, եւ պարզ է, որ ինք ալ Քանատայի քաղաքացիութիւնը պիտի ընդունի, սակայն ես եւ ինծի նման ուրիշներ, եթէ նոյնիսկ պիտի շնորհաւորեն, պիտի վարանին սկիզբը:
Հիմա մէկը կը մտածէ, որ այս մարդը ե՞րբ իրատես պիտի դառնայ. հերիք որքան զգացումներով շարժեցանք, կը բաւէ որքան ազգասիրութեան սիրոյն սխալներու մէջ ինկանք, ուզածիդ չափ գլուխդ պատերուն զարկ, բան չի փոխուիր:
Իրավիճակը այս է, հաւնիս կամՙ ոչ. հայերը գրեթէ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն թիւով քաղաքացիութիւններ ունին եւ պիտի ունենան տակաւին, այնքան ատեն որ…
Այնքան ատեն որ, ի՛նչ, ես ալ չեմ գիտեր. այսինքն, այնքան ատեն, որ ունեցած հայրենիքնիս չենք հաւնիր եւ անդադար նոր հայրենիքնե՞ր կը փնտռենք. այնքան ատեն որ «ուր հաց, հոն կաց» ի տրամաբանութեա՞մ կը շարժինք, թէ՞ այնքան ատեն որ տաշեղի պէս կը քշուինք ամէն փոքր ցնցումէ , թէ՞ …
Ձեռքդ չ՛երթա՞ր գրելուՙ «Այնքան ատեն որ Հայրենիք ըսուածը մեզի համար դեռ ճոխութեան պէս բան մըն է, տօնական զգեստի պէս, ոչ բնաւ կրակէ շապիկի պէս: Կրակէ շապիկ, որ մաշկիդ փակած կ՛ըլլայ, որուն բոցերու լեզուակներուն մէջ պատմութեան խորերէն եկած աւանդ մը կայ, զոր փոխանցելու ենք մեր զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռներուն:
Յաջորդ օրերուն կը շարունակեմ հետեւիլ անդադար աճող շնորհաւորողներու ցանկին, որուն զուգահեռ կ՛աճի նաեւ իմ ներքին տագնապս: Ի՞նչ տեսակ ժողովուրդ ենք մենք. սա պատառիկ մը հողը շինելու, շէնցնելու, պահելու, պահպանելու փոխարէն աչքերնիս միշտ արեւմուտք էՙ Մ. Նահանգներ, Քանատա… Ու հազիւ «կրին քարթը» ձեռքերնիս անցնի, կամ հազիւ քաղաքացի դառնանք, աշխարհը մերը կ՛ըլլայ… Կատա՞կ բան է, դիւրի՞ն է ամերիկացի, կամ քանատացի ըլլալ, անոնց դրօշակին տակ կանգնիլ ու երդում ընել հաւատարիմ քաղաքացի դառնալու, պահելու, պահպանելու երկիրը:
Այս պատմութեան մէջ յանցաւոր չեմ գտներ աղջիկը, որ ամուսնացաւ ու հարկ էր որ ամուսինին նման ինք ալ քաղաքացի դառնար. իմ ցաւս հարիւրաւոր շնորհաւորողներուն համար է, որոնց շատերուն շնորհաւորանքներուն տակ քօղարկուած «բարի» նախանձ մը կայ, որ թարգմանիՙ «Երանի՜ ձեզի, տարոսը մեզի»:
Ես, տարիներ առաջ, երբ ՀՀ անցագիրս առի, համբուրեցի գրքոյկը, իսկ զայն ինծի յանձնող պաշտօնեան քիթին տակէն խնդաց:
Ափսո՜ս, շատեր մեր ունեցածին յարգը չեն գիտեր ու աչքերնին միշտ դուրսն է: