Ամէն տարի նոյեմբեր ամսու չորրորդ հինգշաբթին յատկացուած է ամերիկացիներու ամենէն սիրած տօնինՙ Գոհաբանութեան (Thanksgiving), որ ամենայն ջերմեռանդութեամբ կը տօնուի: Ընտանիքներ իրենց բոլոր անդամներով կը բոլորուին համադամ ճաշատեսակներով բեռնաւորուած տօնական սեղաններու շուրջ, որոնց մէջտեղը բազմած կ՛ըլլայ հնդկահաւը:
Չեմ գիտեր, Ամերիկայի ազգային, ցեղային, կրօնական հսկայ խառնարանին մէջ բոլո՞րը կը հետեւին այս աւանդութեան, որ սկիզբ առած է 1621-ին, երբ տեղացի հնդիկներ եւ շրջանի մը գաղութարարները միասին տարուան հունձքը տօնած են, թէ՞ միայն քրիստոնեաները: Կ՛ըսուի թէ ամերիկացիներու 88%ը կը տօնեն Գոհաբանութիւնը, որուն համար ամէն տարի 46 միլիոն հնդկահաւ կը մորթուի:
Միւս կրօններուն եւ աղանդներուն հետեւող տարբեր ազգութեանց մարդիկ հաւանաբար իրենք իրենց սեփական տօները ունին, որոնց մէջ գոհաբանականն ալ կա՞յ, թէ՞ ոչ, չեմ գիտեր, սակայն բոլորն ալ, վստահ եմ, իւրաքանչիւրը իր Աստուծոյ շնորհակալ կ՛ըլլայ ատենը անգամ մը:
Եթէ հնդկահաւերը գիտնային զիրենք զոհաբերութեան «բագինին» վրայ բազմեցնողներուն ինչ մարդիկ ըլլալը, նոյնիսկ մորթուած ու եփուած, պիտի ընդդիմանային եւ շատերու կոկորդէն վար պիտի չիջնէին, քանի որ անոնց մէջ, արդարներու կողքին, վստահաբար կան անարդարներ, ստախօսներ, սրիկաներ, պոռնիկներ, գողեր, աւազակներ, խաբեբաներ, նախանձողներ, զրպարտիչներ, մարդասպաններ, դաւաճաններ… որոնք բոլորն ալ դանակով ու պատառաքաղով զինուածՙ պիտի ուտեն ու փառք տան Ամենակալին, որ հովանաւորած է զիրենք եւ իրենց գործերը: Եղա՞ւ:
Եղաւ, կամՙ ոչ, այս է որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի: Բոլորը գոհ են, թէ՛ ագարակատէրերը, թէ՛ հնդկահաւի վաճառականները, թէ՛ եփողները, թէ՛ ուտողները. միակ դժգոհը Թուրքիան է, քանի որ ամէն տարի 46 միլիոն turkey կը մորթուի, որուն համար թուրքերը այնքան աշխատանք տարին որպէսզի փոխուի բառը, սակայն չյաջողեցան:
Այդ խեղճ թռչունը ամէն տեղ տարբեր անունով ճանչցուած է, ամերիկացիները «Թրքի» կ՛ըսեն, որ նաեւ Թուրքիա կը նշանակէ, հայերսՙ «Հնդկահաւ» կ՛ըսենք, արաբները «Հապէշական աքլոր» կ՛ըսեն, թուրքերըՙ «ճողլուք»: Ուրիշ երկիրներու մէջ ի՞նչ անուն կու տան անոնց, չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ որ այս հաւատեսակը կը բուծանուի եւ կը պահուի միայն մորթուելու եւ ուտուելու համար, որովհետեւ միսը համով է:
Ամերիկայի հիմնադիր նախագահներէն Պենճամին Ֆրանքլին յայտարարած է, որ հնդկահաւը Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական թռչունն է, (Turkey is the official bird of US)… Լաւ որ այն ատեն չեն մտածած իրենց զինանշանին վրայ արծիւի փոխարէն հնդկահաւ մը դնել:
Կը զարմանամ, որ միւս կրօններէն կամ աղանդներէն այս տօնին դէմ եղողներ չկան, քանի որ ոչ քրիստոնեաներու կողմէ որոշ քրիստոնէական երեւոյթներ արգիլելու աշխատանքներ կը տարուին: Օրինակ արգիլեցին, որ հանրային դպրոցներուն մէջ դասերը առաւօտեան աղօթքով սկսին, քանի որ ըսին այդ դպրոցներու աշակերտութեանց մէջ կան նաեւ ոչ քրիստոնեաներ: Վերջերս նաեւ աշխատանք կը տարուի որ Merry Christmas-ը փոխարինուի Seasons Greetings-ով. այսինքն «Ուրախ Ս. Ծնունդը» փոխարինուի «Եղանակի շնորհաւորանքներ»ով:
Ազատ երկիր է Ամերիկան, եւ հակառակ որ անոր ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ է, յանուն ժողովրդավարութեան փոքրամասնութիւններն ալ իրենց խօսքը ունին:
Այնպէս որ դարերէ ի վեր աւանդական դարձած այս տօնը պիտի շարունակուի ամէն տարի, նոյեմբեր ամսուն չորրորդ հինգշաբթին, քանի որ… հնդկահաւի միսը ամէն մարդ կը սիրէ: