Հայաստանի վերանկախացման հետ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին վերաշխուժացաւ, իր վրայէն նետելով խորհրդային ռեժիմին պարտադրած , եթէ ոչ արգելքի, գոնէ անտարբերութեան ու լուսանցքայնացման քօղը: Անոր հետ Հայաստան մտան Բողոքականներն ու Կաթոլիկները իրենց եկեղեցիներով ու համայնքային կեդրոններով:
Եթէ նկատի առնենք որ կաթոլիկութեան մուտքը հայոց մէջ սկսած էր Կիլիկեան թագաւորութեան մէջ լատինական ներթափանցումով, սակայն Բողոքականութիւնը շատ աւելի ուշ մտաւ Արեւմտահայաստան,ՙ մօտաւորապէս ԺԹ դարասկիզբին:
Առաքելականը ըլլալով հայազգի հիմնական կրօնը, որ 301-ին ծնունդ առած էր պաշտօնապէս, Կաթոլիկներն ու Բողոքականները մեծ աշխատանք տարին հայերը սիրաշահելու եւ իրենց եկեղեցիին կապելու, զանազան միջոցներով, յատկապէս գիւղացի տարրին պարէն ու նպաստ բաշխելով: (Առակի կարգ անցած է «Ուն պիթտի, տին պիթտի» թրքերէն ասոյթը, որ կը նշանակէ «Ալիւրը պրծաւ, կրօնն ալ պրծաւ», այսինքն մարդիկ ալիւրի սիրոյն իրենց եկեղեցին կը փոխէին, իսկ երբ ալիւրը վերջանար, կը վերադառնային իրենց մայր եկեղեցւոյ գիրկը):
Թէ ի՞նչ էր շահը այդ նորամուտ եկեղեցիներուն նոր անդամներ կապելու իրենց եկեղեցիին, ինծի համար դեռ յստակ ու համոզիչ չէ, սակայն մէկ կողմ դնելով հարցին վիճայարոյց շատ մը երեսները, խոստովանինք որ այդ երկու եկեղեցիները օգտակար որոշ դեր մը կատարեցին Մեծ եղեռնի օրերուն, երբ Բողոքականները յենելով ամերիկեան դեսպանատան վրայ, կրցան փրկել որոշ թիւ մը հայեր, ինչպէս նաեւ Կաթոլիկները, որոնք եւրոպական կարգ մը պետութեանց դեսպանատուներուն միջամտութիւններով կրցան նոյնը ընել*:
Թուրքին համար տարբերութիւն չունէր հայերուն սա կամ նա դաւանանքին յարած ըլլալը, եւ երբ առիթը ներկայացաւ, ջարդեց թացն ու չորը: Առաքելականներուն հետՙ քիչ չէ թիւը նաեւ բողոքական կամ կաթոլիկ ցեղասպանութեան զոհերուն:
Այս մտորումներուն տուն տուողը եղաւ թատերական ներկայացում մը, Հայաստանի ԱՀԱԸ-ի (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն) կեդրոնին մէջ, ուր կը պատկերուէր վերապատուելի Յովհաննէս Էսկիճեանի բարեսիրական գործունէութիւնը 1915-ի օրերուն, երբ ան իր անձնական միջոցներով, իր կեանքը վտանգելով, կարողացած է հայ կիներ, որբեր ու մտաւորականներ փրկել ստոյգ մահէ: Ներկայացումը նուիրուած էր Ընկերակցութեան 100- ամեակին, որ ամբողջ շաբաթ մը տեւեց զանազան ձեռնարկներով:
Խօսելով այս հաստատութեան մասին խոստովանինք, որ որպէս կրօնական կազմակերպութիւն, անոնց կատարած բարեսիրական գործունէութիւնը իւրայատուկ է եւ, կարծես, անմրցակից, քանի, Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին սփռուած իր 50 կեդրոններով հսկայ ներդրում կ՛ունենայ կրթական, առողջապահական, մշակութային եւ այլ ասպարէզներու ճամբով, որոնց կից իր օժանդակութիւնը չի զլանար նաեւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն: Միւս- ները ի՞նչ կ՛ընեն այս առումով, տեսանելի չէ:
Այս առթիւ չեմ կրնար չյիշել նաեւ Հալէպի Աւետարանական համայնքինՙ պատերազմի տարիներուն եւ ցարդ կատարած բարեսիրական հսկայ գործունէութիւնը, հալեպահայ զանգուածներուն եւ նոյնիսկ տեղացիներուն իր ամէնամսեայ դրամական ու պարենային օժանդակութիւններով:
Պատերազմը դժբախտութիւն է, սակայն անոր աւերներուն դէմ դնելու համար Հալէպի երեք յարանուանութիւններուն միատեղ ու համերաշխ գործունէութիւնը օրինակելի է:
* Բժ. Աբրահամ Երէցեան իր «Եագուպիէն երէկ եւ այսօր» գիրքին մէջ կը յիշէ տխուր իրականութիւն մը, որ պատահած է Մեծ եղեռնի օրերուն, ուր մօտակայ Ղնէյյէ գիւղի լատինաց վանքը իր դռները բացած է լատին հայերու առջեւ, իսկ ոչ-լատինները մերժած է ներս առնել, զանոնք թուրքի եաթաղանի ողորմածութեանը թողելով: