Համաշխարհային թենիսի աստղ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերէր, իր շատ մը բարեսիրական ծրագիրներուն կողքին, 13.5 միլիոն տոլար տրամադրած է Ափրիկէի մէջ 81 դպրոց բանալու համար… Թէեւ մայրը Հարաւային Ափրիկէ ծնած է, սակայն ինք ոչ ափրիկեան քաղաքացիութիւն ունի, ոչ ալ որեւէ արիւնակցական կապ ափրիկեցիներու հետ, բայց Ափրիկէի մէջ դպրոցներ կը բանայ, որպէսզի Սեւ ցամաքամասի սեւամորթ երախաներուն ապագան ալ սեւ չըլլայ անգրագէտ, անուս մնալով:
Բարեգործութիւնը սահման չի ճանչնար, թուաբանական հաշիւներու չ՛ենթարկուիր, այլ կ՛արձագանգէ միայն խղճի կանչին, եթէ արթուն ու առողջ է մարդու խիղճը:
Թէնիսի խաղերէն շահած միլիոններով մարդը կրնար քանի մը առանձնատուն եւս գնել, քանի մը նոր շքեղ ու բարձրաժէք եախթ ու ինքնաշարժ գնել, կրնար ինչե՜ր ընել, սակայն նախընտրեց բարեգործութիւն ընել, ինչպէս ուրիշ միլիոնատէր աստղեր ալ քաղցկեղի հետազօտութեան հիմնարկներու եւ այլ բարեսիրական ծրագիրներու կը սատարեն:
Ի՞նչն է պատճառը, որ որոշ մարդիկ բարեգործութիւն կ՛ընեն, իսկ որոշ մարդիկ ալ շահագործութիւն կ՛ընեն եւ ոչ միայն իրենց արդար շահածը, այլ անարդարօրէն թալանած միլիոնները կը կուտակեն:
Մարդ ընչաքաղց կամ բարեսէ՞ր կը ծնի, թէ՞ յետոյ կը դառնայ: Այս յատկութիւնները ժառանգակա՞ն են, թէ՞ դաստիարակութեան արդիւնք: Հետաքրքրական թեմա է քննարկումի եւ վիճաբանութեան:
Մարդ կայ, որ իր կատարած բարեգործութեանց պատճառով հոգեկան երջանկութիւն կ՛ապրի ու գիշերները անդորրութեամբ գլուխը բարձին կը դնէ. Մարդ ալ կայ, որ հանգիստ չի քնանար, մինչեւ որ գլուխը միլիոններու վրայ չդնէ:
Հայաստանի մէջ տակաւին կան գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ, որոնց փողոցներն ու թաղերը ասֆալթապատ չեն, հո՛ղ են, գիւղեր կան, ուր դպրոց չկայ, դպրոց կայ, աշակերտութիւն չկայ, աշակերտութիւն կայ, տնօրէն եւ ուսուցիչ չկայ, եւ ասոնց կիցՙ ինչեր չկան, որոնք տարրական պէտք են գիւղացիներուն, որոնք ակամայ կը լքեն գիւղը, եւ մեր գիւղերը կը պարպուին:
Այս իմ գիտցածներս մեր իշխանութիւնները չէի՞ն գիտեր: Անշո՛ւշտ գիտէին, լա՛ւ, ինչո՞ւ ուրեմն ձեռք չեն երկարած օգնելու եւ պահպանելու գիւղերը: Ձեռք երկարած են, սակայն ուրիշ տեղեր եւ միլիոններ թալանած են, որովհետեւ կեանքը զիրենք այդպէս դաստիարակած է, իշխանամոլութեան կիրքը այդպէս կոփած է զիրենք:
Երբ կը տեսնեմ մեր գիւղերուն վիճակը, երբ կը տեսնեմ մեր գիւղացիներուն զրկանքներն ու ապրած ծանր կեանքը, կը զայրանամ, որ Երեւանը գեղեցկացնելու եւ զարդարելու վրայ ծախսուած հսկայ գումարներէն բաժին չէ հանուած գիւղերուն, երբ մեր գիւղերն են, որ կը մատակարարեն մայրաքաղաքը:
Այս կացութեան առջեւ ես կրնամ վստահեցնել, որ երկրի ղեկավարները իրենց ամբողջ պաշտօնավարութեան շրջանին, գիւղ ոտք չեն դրած: Հաւանաբար միայն ընտրարշաւի առիթներով, ձայներ ապահովելու համար:
Գիւղացին միայն ձայն չի տար, գիւղացին կաթ ու պանիր կու տայ, մեղր ու կարագ կու տայ, բանջարեղէն ու պտուղ կու տայ… Սակայն, մեր իշխանաւորներուն համար կենսականը եղած է անոնց ձայները, որոնց փոխարժէքը եղած է առատ խոստում, երբեմն ալ մի քանի թղթադրամ:
Անցեալի մեր շատ մը գրողներն ու արուեստագէտները գիւղերէն ու գիւղաքաղաքներէն եկած են, իսկ այսօ՞ր:
Յուսանք Նոր Հայաստանի նոր իշխանաւորները տարբեր աչքով կը նային մեր գիւղերուն եւ կը կասեցնեն անոնց հիւծումն ու հոգեվարքը: