Այս օրերուն կրկին աշխուժացած են այն մարդիկը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, որոնք օգտուելով մեր ժողովուրդին անգիտութենէն եւ, երբեմն ալ, իրենց սեփական… տգիտութենէն, կը ջանան կարծիք ստեղծել, թէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսներու գահընկեցութիւնը սովորական երեւոյթ մը եղած է, եւ, ինչպէս կը պնդէ, օրինակ, անթիլիասական նախկին եկեղեցական Ոսկան Մխիթարեանՙ «Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ պատմութիւնը լեցուն է գահընկեց կաթողիկոսներով»: Այդպիսի մարդոց նպատակը պարզ էՙ ստեղծել «նախադէպային հիմք»ՙ Մայր Աթոռի ներկայ Գահակալի գահընկեցութեան համար, միանալով նմանատիպ մարդոց խժալուր աղմուկին:
Առայժմ մէկ կողմ ձգելով նման մարդոց մութ ծրագիրներուն բացայայտման գործը, խմբագրութիւնս ուզեց պարզել, թէ որքա՞ն հիմնաւոր են այդ չարամիտներուն պնդումները Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ գահընկեցութեան երեւոյթի յաճախադէպ ըլլալու մասին եւ դիմեց մեր քաջահմուտ եկեղեցականներէնՙ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան Տէր Փառէն Արքեպիսկոպոս Աւետիքեանի օգնութեան: Փառէն Սրբազան, պրպտելով մեր եկեղեցական աղբիւրները եւ յատկապէս հիմք ընդունելով անգերազանցելի շտեմարանՙ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Ազգապատումը», մեզի ներկայացուց հրաժարած կամ հրաժարեցուած, Մայր Աթոռէն հեռացած կամ գահընկեց եղած հայրապետներու հետեւեալ ցանկը:
Ինչպէս պիտի տեսնէ ընթերցողը, Մայր Աթոռի 132 գահակալներէն ընդամէնը 15 կաթողիկոսներ նման ստիպողութիւններու տակ գտնուած են եւ անոնցմէ միայն մեկ հոգի գահընկեցութեամբ պատժուած է զեղծումներու համար. մնացեալ 14-ը զոհ եղած են արտաքինՙ քաղաքական պարտադրանքներու կամ խարդաւանքներուՙ պարսիկներու, արաբներու, բիւզանդացիներու կամ, Կիլիկեան շրջանին, լատիններու (կաթոլիկ) դրդումով կամ միջամտութեամբ:
Խմբ.
1. Ներսէս Մեծ, 353-373 .- Չորս տարի Ներսէս կաթողիկոս Ս. Աթոռը թողուց Արշակ թագաւորիՙ պարսիկներու կողմը հակելուն պատճառաւ, նոյնիսկ զայն փոխարինող կաթողիկոս մը եղաւ, որ Զոնակ կը կոչուի: Ներսէս վերջապէս կը վերադառնայ իր Աթոռը թագաւորին եւ իշխաններուն խնդրանքով: Ներսէսի մահուան պարագային ալ Արշակի որդի Պապ թագաւորի հանդէպ կասկածներ կան:
2. Սահակ Պարթեւ, 387-436 .- Արտաշիր թագաւորին անվայել ընթացքը պատճառ դարձաւ, որ հայ նախարարներ անոր գահընկեցութիւնը պահանջեն Պարսից Վռամ թագաւորէն: Սահակ մերժեց նախարարներուն պահանջքըՙ «Իմ մոլորեալ ոչխարը գայլին չեմ տար» ըսելով: Նախարարները Արտաշիրի հետ Սահակը եւս ամբաստանեցին: Վռամ թէ՛ Արտաշիրը գահընկեց ըրաւ եւ թէ՛ Սահակը: Ի վերջոյ Սահակ վերադարձաւ իր Աթոռին, բայց հոգեւոր հարցերով միայն զբաղելու սահմանափակումով:
3. Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի, 437-452 .- Հազկերտի հրամանով Պարսկաստան կը տարուի եւ կը բանտարկուի 451-ին: Իր կենդանութեան օրով, 452-ին, նոր կաթողիկոս մը կը պաշտօնավարէ: Յովսէփ իր ընկերակից հոգեւորականներու հետ երեք տարիներ բանտարկուելէ ետք, 454-ի Յուլիս 25-ին Դենշապուհի կողմէ կը գլխատուի Նիւշապուհէն քիչ մը հեռու Ռեւան գիւղին մօտ իր 5 ընկերակիցներուն հետՙ Սահակ եպիսկոպոս, Ղեւոնդ, Մուշէ, Արշէն երէցներ եւ Քաջաջ սարկաւագ:
4. Գիւտ Ա. Արահեղացի , 461-478.- Զրպարտութեանց որպէս հետեւանք Տիզբոն կանչուեցաւ Պերոզ պարսից արքային կողմէ 471-ին: Զրպարտութեանց պատասխանեց գոհացուցիչ կերպով եւ որպէսզի չսրբացուի որպէս նահատակ, Պերոզի կողմէ պաշտօնազուրկ հայրենիք վերադարձաւ եւ յաչս իր ժողովուրդին աւելի քան նախապէս յարգուեցաւ, իր պարզունակ կեանքը վախճանին հասաւ 478-ին, Վահան մարզպանի օրով:
5. Քրիստափոր Բ. Ապահունի, 628-630 .- Չարախօսութիւններ կաթողիկոսին դէմՙ որոնց որպէս հետեւանք, ըստ մէկ պատմիչի, ժողովականներ կը պաշտօնազրկեն զայն, իսկ ըստ ուրիշ պատմիչի մըՙ երբ Քրիստափոր կ՛իմանայ, թէ իր դէմ դաւեր կը լարուին, ինքնակամ կը հեռանայ իր պաշտօնէն: Օրմանեանի տեսակէտն է թէ ան անիրաւ հակառակութեանց զոհ գացած է:
6. Ներսէս Գ. Իշխանցի, 641-661 .- Արաբական արշաւանքներ, Թէոդորոս Ռշտունին արաբներու, իսկ Կաթողիկոսըՙ Յոյներու, Բիւզանդիոնի կողմնակից են: Կաթողիկոսը կ՛որոշէ հեռանալ իր Աթոռէն, որ վեց տարի տեւեց, միեւնոյն ժամանակ իր օգնականներուն միջոցաւ կը շարունակէր վերահսկել հայրապետանոցի գործերը եւ կը շարունակէր Զուարթնոց տաճարին շինարարութիւնը: Այս միջոցին ան իր հայրենի գիւղըՙ Իշխան, կ՛ապաստանի Տայոց նահանգին մէջ: Վերջ ի վերջոյ ան իր հայրապետական իշխանութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը վերստանձնէ:
7. Յովհաննէս Գ. Ովայեցի, 833-855 .- Մեղադրուեցաւ, բայց արդարացուեցաւ եպիսկոպոսներու եւ իշխաններու կողմէ:
8. Վահան Սիւնի, 968-969 .- Որպէս Քաղկեդոնական կ՛ամբաստանուի, ժողով կը գումարուի, Վահան չի ներկայանար, փախուստ կուտայ, ուստի գահընկէց կ՛ըլլայ:
9. Ստեփանոս Գ. Սեւանցի, 969-972 .- Վահան Սիւնի ապաստանած էր Վասպուրականի Աբուսահլ թագաւորին մօտ, որ կը քաջալերէր Վահանը հայրապետական իրաւունքները գործածել: Նորընտիր Կաթողիկոս Ստեփանոս Գ. Սեւանցին, չուզելով որ հակաթոռութիւն մը գոյանայ, նոյնիսկ պատրաստ Աթոռէն հրաժարելուՙ պառակտումին առաջքը առնելու համար, անոնց կը դիմէ: Աբուսահլ եւ Վահան անմիջապէս Ստեփանոսը եւ իրեն ընկերակցողները Աղթամար կղզիին մէջ կը բանտարկեն: Ապա Աբուսահլ եւ Վահան, Ստեփանոս Գ. կաթողիկոսին ընկերացողները ազատ արձակելովՙ Կաթողիկոսը Կոտորոց ամրոցին մէջ կը բանտարկեն, ուր եւ կը վախճանի ան:
10. Գրիգոր Ե. Քարավէժ, 1193-1194 .- Լեւոն Իշխանին հետ տարակարծիք էր Լատին եկեղեցւոյ հետ գործակցութեան խնդրոյն մէջ: Բանտարկութիւն Կոպիտառա ամրոցին մէջ: Եպիսկոպոսաց ժողով, ժողովի որոշումը չկայացած Քարավէժ կը վախճանի:
11. Կոստանդին Բ. Կատուկեցի, 1286-1289 .- Հեթում թագաւոր պատրաստ էր զիջումներու, բայց Կաթողիկոսը կ՛ընդդիմանայ Պապական հանգանակի ընդունելութեան: Ի վերջոյ Հեթում կը յաջողի ժողով գումարել Սիսի մէջ, ուր Կաթողիկոսը կը գտնուէր, բայց չի հրաւիրուիր ժողովին: Կաթողիկոսը կ՛ամբաստանուի ոչ դաւանական, այլ բարոյական կէտերով, որոնց նկատմամբ պատմագրեր հասկնալի բացատրութիւններ կուտան: Այդ կէտերը մինչեւ 30 կը ներկայացնեն ոմանք: Ոչ մէկը արժանի Կաթողիկոսի դատապարտութեան: Ժողովը վճիռ կը կայացնէ, թէ Կատուկեցին արժանի չէ կաթողիկոսութեան: Կաթողիկոսը ոչ ժողովին ներկայ գտնուած է եւ ոչ ալ որոշումէն առաջ իրմէ բացատրութիւն պահանջուած է, ժողովին որոշումը իրեն պատուիրակներու կողմէ հաղորդուած է: Կաթողիկոսը իր պատասխանը կուտայ պատգամաւորներուն առջեւ թատերական ձեւով մերկանալով իր կաթողիկոսական պաճուճանքներէն:
12. Յակոբ Բ. Անաւարզեցի, 1327-1341 .- Հաշտութեան պայմանագիր մը կնքուած էր Եգիպտոսի եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան միջեւ: Սակայն Լեւոն թագաւոր հակառակ պայմանագրինՙ գաղտնօրէն կը յարաբերէր Արեւմուտքի հետ: Եգիպտացիք արշաւանք մը կը կազմակերպեն Կիլիկիոյ վրայ: Խնդիր կը ծագի Կիլիկիոյ մէջՙ յարաբերիլ եւ գործակցիլ Արեւմուտքի հե՞տ, թէ՞ ամբողջութեամբ հետեւիլ պայմանագրի կէտերուն: Այս հարցը, եւ ոչ դաւանական, ծիսական կամ բարոյական հարցեր էին, որ ստիպեցին Յակոբ Անաւարզեցի Կաթողիկոսին հրաժարիլ իր պաշտօնէն:
13. Գրիգոր Ը. Խանձողատ, 1411-1418 .- Կիլիկիոյ ընդհանուր վիճակը պատճառ դարձած էր անսահմանափակ զեղծումներու հոգեւորականներու կողմէ, որուն մաս կը կազմէին Խանձողատ եւ իր գործակիցները: Արեւելեայք լրջօրէն կը մտածէին Աթոռին տեղափոխութեան մասին, ուստի Երուսաղէմի Պատրիարք Պօղոս Արքեպիսկոպոսը, որ իրենց համախոհն էր, ղրկեցին Կիլիկիա որպէս պատուիրակ: Պօղոս 1417-ին Սիս գնաց եւ մէջտեղ հանեց զեղծումները եւ հեռացնելէ ետք անբաղձալի տարրերը, համագործակցելով տեղւոյն ամիրային հետ, տապալեց Խանձողատ Կաթողիկոսը եւ այլազգի ամիրային միջոցով աքսորեց զինք: Օրմանեան կ՛ըսէ. «Կրնայ ըլլալ որ Պօղոս զայն բանտարկել տուած ըլլայ, որուն որպէս հետեւանք կասկածներ կան, որ նախկին Կաթողիկոսը նոյնիսկ ուրացութեան դիմած ըլլայ»:
14. Կիրակոս Ա. Վիրապեցի, 1441-1443 .- Չբաւականացուած փառասիրութիւններ եւ Սիւնեցի-Վասպուրականցի հակամարտական դրդապատճառներ խմորումներու յանգեցան, որոնք ի վերջոյ վերջ դրին սրբակրօն հոգեւորականի մը երկու տարի միայն գահակալութեան նորովի վերականգնուած Ս. Էջմիածնայ Աթոռին վրայ: Սիւնեցիք եւ իրենց համակիրները, քանի որ Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնը անվաւեր կը ճանչցուէր, Կիրակոսի ձեռնադրութիւնը առ ոչինչ համարեցին եւ իրենց իսկ կատարած ձեռնադրութիւնը անօրինական համարելովՙ խնդրեցին Երեւանի Եաղութ պարսից պէկէն անոր գահընկեցութիւնը Կաթողիկոսական Աթոռէն: Վիրապեցին չդիմադրեց բացարձակապէս եւ հեռացաւ Ս. Աթոռէն:
15. Յովհաննէս Է. Աջակիր, 1474-1484 .- Յատուկ նշելու գործ մը չէ կատարած: Իր օրով է որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը Մայր Աթոռ վերադարձաւ: 1484-ին կը հեռանայ Մայր Աթոռէն եւ 1485-ին Լեհաստանի Կամենից քաղաքին մէջ կը յիշատակուի: Ենթադրաբար Մայր Աթոռի համար նիւթական նպաստներ հաւաքելու գացած էր Լեհաստան: Անոր Մայր Աթոռ վերադարձի առնչութեամբ տուեալներու բացակայութեան պատճառաւ Օրմանեան կ՛ենթադրէ, թէ լքած է իր գահը: Յովհաննէս մը, երկու ընկերակիցներու հետ 1508-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գլխատմամբ կը նահատակուի: Հարցական մըՙ նոյն ինքն կաթողիկո՞սն էր նահատակուածը, կը գրէ Օրմանեան: