ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Յակոբ Աւետիքեան, Ատենապետ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Վարդան Նազիրեան, Ատենապետ
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան,
Մեծարգոյ Պարոն Նախագահ,
Ճշմարիտ գոհունակութեամբ կու գանք շնորհաւոդելու Ձեզՙ Հայաստանի Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան քուէներով նախագահ ընտրուելու առիթով:
Դուք այն բացառիկ անհատականութիւններէն էք, որոնք իրենց գիտական ու քաղաքական պատրաստութեամբ եւ ծառայելու անսահման կամքով արժանացած էք համընդհանուր համակրանքի եւ յարգանքի, Հայաստանի սահմաններէն ներս թէ դուրս:
Նախընտրական շրջանի Ձեր հանդիպումներն ու զրոյցները եկան քաղաքական նոր մշակոյթ ներմուծել մեր հայրենիքի հասարակական-քաղաքական կեանքէն ներս: Հանրութիւնը յանգեցաւ այն համոզման, որ ժողովուրդի հետ զրոյցի նստող առաջնորդով մը պիտի օժտուի մեր երկիրը:
Ձեր հանդիպումներուն ընթացքին մեզի եւս բախտը ընծայուեցաւ ունկնդրութիւն մը ունենալու Ձեզի հետՙ մօտէն իրազեկուելու Ձեր քաղաքական հայեացքներուն եւ պատկերացումներուն մասին:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր հայրենական թէ սփիւռքեան կառոցներով այդ օր Ձեր մէջ ողջունեց խոհեմ ու հեռատես առաջնորդն ու քաղաքական գործիչը:
Մեր աշխարհասփիւռ կազմերը պատրաստ են Ձեզի ընծայելու իրենց զօրակցութիւնը, իրենց քաղաքական կառոյցներով եւ տարածուն մամուլով, վկայելու անպայման Ձեր առաքելութեան յաջողութիւնը:
Դուք լայնօրէն ծանօթ էք քաղաքական աշխարհին, ինչպէս այդ աշխարհը ծանօթ է Ձեր անձին եւ արժանիքներուն:
Ձեր յաջողութիւնըՙ յաջողութիւնն է մեր նուիրական հայրենիքին ու պետութեան:
Պայծառ օրերու ակնկալութեամբ, կը մնանք, յարգանօք`