Անցեալ շաբաթ ամբողջ Ամերիկան ցնցուեցաւ, երբ Ֆլորիտայի դպրոցներէն մէկուն մէջ երիտասարդ մը կրակ բացաւ աշակերտութեան վրայ եւ 17 հոգի սպաննեց:
Նոյնպէս անցեալ շաբաթ ամբողջ Հայաստանն ալ ցնցուեցաւ, երբ Դաւթաշէնի կամուրջին տակ մօր մը ու իր իննամեայ աղջնակին դիակները գտնուեցան:
Ամերիկայի պարագային այդօրինակ դպրոց ներխուժելով աշակերտութեան վրայ կրակ բանալու դէպքերը յաճախակի դարձած են, եւ այս պատճառով ալ շատ ծնողներ իրենց զաւակները դպրոց չեն ղրկեր, այլ տնային դաստիարակութեան կ՛ապաւինին:
Այդ նենգամիտ, կամ խախտուած ուղեղով ոճրագործներուն պարագան ձգենք Ամերիկայի մասնագէտներուն եւ խօսինք մեր ցաւին մասին:
Մարդիկ ինչո՞ւ անձնասպան կ՛ըլլան: Առաջին եւ ամենապարզ պատասխանը «յուսահատութիւն»ն է: Բայց, ի՞նչ պարագաներու տակ մարդիկ յուսահատութեան եզրին կը հասնին, ուր մահը կը գերադասուի կեանքէն:
Հայաստանի մէջ ինքնասպանութեան դէպքեր յաճախ կը պատահին. կը լսենք, կը ցաւինք, սակայն այս վերջին դէպքը ուղղակի ցնցիչ էր: Ինչպէ՞ս կրնայ մայր մը իր աղջնակին հետ կամուրջէն վար նետուիլ: Այդ երեխան գիտցա՞ծ է թէ ինչ կ՛ընէ, մայրը խօսած ու համոզա՞ծ է, թէ՞ անոր ձեռքէն քաշած, կամ գրկած ու նետուած է… Ուղեղս չ՛ընդունիր այսպիսի բան, իննը տարեկան երեխան ինչպէ՞ս դէպի մահ կ՛առաջնորդէ մայր մը:
Թերթերը կ՛ըսեն, թէ պատճառը ֆինանսական է, ընտանիքին եկամուտը անակնկալ կերպով կրճատուած է ինչ ինչ պատճառներով եւ այլեւս անհնար դարձած է ապրուստի ծախսերը հոգալ: Իմ հաւատալս չի գար, մարդ կրնայ չոր հաց ուտել ու ապրիլ, յուսալով նոր գործ մը գտնել, թէ չէ Հայաստանի մէջ այսպիսի պատճառով ամէն օր քանի մը հարիւր հոգի անձնասպան պէտք է ըլլան:
Անձնասպանութիւնները յաճախ կամուրջներէն գահաւէժ իյնալով կ՛ըլլան: Երեւանի մէջ ընդամէնը երեք կամուրջ կայ, հնարաւոր չէ՞ անոնց մօտ շուրջօրեայ հերթապահ ոստիկաններ կանգնեցնել, կամ կամուրջներուն բազրիքները բարձրացնել ու ցանցապատել…
Վայրկեան մը պատկերացնենք որ մեր առաջարկը գործադրուեցաւ, հապա՞ տուներու մէջ պատահածներուն առաջքը ինչպէ՞ս պիտի առնուի: Ամէն տունի մէջ ալ ոստիկան չի դրուիր:
Ես կը կարծեմ, որ յատուկ մարմին մը եթէ զբաղի այս հարցով, քննարկէ պատահարներն ու անոնց տուն տուող դրդապատճառները, կրնայ որոշ բան մը փոխել: Օրինակՙ յուսահատ մարդոց օգնելու յանձնախումբ մը մէջտեղ գայ, որ իւրաքանչիւր դէպք առանձին սերտելով օժանդակութիւն ցուցաբերէ եւ կանխարգիլէ անձնասպանութիւնը:
Ես կ՛ըսեմ ու իմ ըսածիս ես չեմ հաւատար. Հայաստանի մէջ պետութիւնը առաջնային այնպիսի հարցեր ունի, որ այսպիսի տասներորդական հարցով զբաղելու ժամանակ վստահաբար չունի:
Շատցած են ապօրինութիւնները, կեղծիքը, խարդախութիւնը, գողութիւնները, խաբեբայութիւնները, դրամաշորթութիւնները … եւ ասոնց գլխաոր պատճառը մէյ մը փտածութիւնն է կամ կոռուպցիան, ինչպէս կ՛ըսեն հոս, մէյ մըն ալՙ նիւթական անձուկ վիճակը:
Երկրի մտաւորական, մշակութային, մարզական եւ այլ բնագաւառներու նուաճումներով կը հպարտանաս, անդինՙ երկրին արիւնը քամող տզրուկներուն զեխ կեանքը երբ կը տեսնես իրենց ապարանքներուն եւ շքեղ մեքենաներուն մէջ, ուրախութիւնդ ակամայ կը զսպես, որովհետեւ մէկ կողմէ կառուցուող երկիրը միւս կողմէ քանդողներ կան:
Ոստիկանութիւնն ու դատական իշխանութիւնը մինչեւ որ պարզեն այս անձնասպանական գործողութեան մանրամասները, որոնք ինչ ալ ըլլան, ընտանիքի մը երկու անդամներուն մահը կը մնայ կոտտացող վէրք: