Հալէպի հիւսիսային շրջանի հնավայրերը եւ անոնց շուրջի տարածքները ծածկուած են ձիթենիի պարտէզներով, որոնց արմատները կ՛երկարին մինչեւ ասորական եւ բիւզանդական դարաշրջանները: Քրիստոնէութեան տարածումէն ետք յատկապէս, ձիթենիներու ծառատնկումը առաջնային պահանջք դարձաւ, որովհետեւ անոր պտուղներէն ձէթ կը քամէին եւ ձէթն ալ կ՛օգտագործէին թէ՛ որպէս ուտեստ, թէ՛ որպէս եկեղեցական-ծիսական նիւթ եւ թէ՛ որպէս բուժիչ դեղամիջոց զանազան հիւանդութիւններու պարագային:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛այցելեն այդ շրջաններըՙ Հալէպէն դէպի հիւսիս, 20 քմ ետք կը հանդիպին հնադարեան, այժմ «Շէյխ Սլէյման» կոչուած գիւղին, ուր կան 5-րդ եւ 7-րդ դարերէն մնացած երկու կիսափուլ, սակայն իրենց գեղեցկութիւնը պահպանած եկեղեցիներու եւ զինուորական դիտակէտ աշտարակի մը, շրջապատուած ձիթենիի ծառաստաններով, որոնց մէջ համդիպած եմ հսկայ երկանաքարի մը, որ հաւանաբար օգտագործուած է ձիթահան հնձաններու համար:
Այդ հնավայրէն մինչեւ Աֆրին, ամէն քայլափոխի կարելի է հնութեան մը հանդիպիլ, իսկ դալարագեղ բլուրի մը վրայ թառած Սիմէոն Սիւնեկացիի 5-րդ դարու վանքային համալիրը իսկական հրաշակերտ կառոյց մըն է:
Այս վանքի յետսակողմէն մինչեւ Աֆրին ընդհանրապէս քրտաբնակ գիւղեր են, ուր իրենց իւրայատուկ մաքրութեամբ ու կոկիկութեամբ աչքի կ՛իյնան ձիթաստաններն ու նռնաստանները:
Եթէ Այն Տարան (*) նշանաւոր է երեքհազարամեայ իր հիթիթեան տաճարով, որ անցեալ դարուն ճափոնական հնագիտական արշաւախումբի մը տասնամեայ աշխատանքներով վերականգնեցաւ, ապա Պասութան հռչակաւոր է իր համեղ, հիւթեղ նուռերով, որոնց մէկ հատը 700-800 կրամ կրնայ կշռել:
Այս երկու քրտաբնակ վայրերէն անցնելով կը հասնինք Աֆրինին, որ եթէ երէկ անծանօթ անուն մըն էր, այսօր միջազգային լրատուամիջոցներու գլխաւոր նիւթն է, թրքական յարձակման եւ սուրիական հողեր ներխուժման որպէս թիրախ եւ որուն գործողութիւնը,- ի՜նչ հեգնանք,- «Ձիթենիի ճիւղ» անունը կը կրէ:
Աֆրինէն 5 քմ դէպի հարաւ-արեւմուտք Մարաթա գիւղն է, նոյնպէս քրտաբնակ, որ մեր հռչակաւոր առակագիր Վարդան Այգեկցիի ծննդավայրը եղած է, տրուած ըլլալով որ այս շրջանը ժամանակին Կիլիկիոյ մաս կազմած է: Հայրենի հիւրերու (Մերուժան Տէր Գուլանեան, Սերօ Խանզատեան) հետ քանիցս այցելած ենք ու ծերունազարդ քիւրտ գիւղապէտէն լսած ենք իր պապերէն իմացած «Վարդան Վարդանոս» անունը, որ 800 տարի առաջ եղած է այս գիւղին ամենանշանաւոր բնակիչը:
Ձիթենիի ճիւղը խաղաղութեան խորհրդանիշ է, մինչ Թուրքիոյ մենատէրին համար երեւի ան ուրիշ իմաստ ունի:
Սուրիոյ հիւսիսային սահմանի գրեթէ ամբողջ երկայնքին քրտական բնակավայրեր են, որոնք Թուրքիոյ հարաւային սահմանը կը կազմեն եւ սպառնալիք են Թուրքիոյ, անկախ պետականութիւն, կամ գերիշխանութիւն ունենալու իրենց մեծ երազի ճամբուն վրայ, ատոր համար ալ Թուրքիա ձեռնարկեց այս յարձակումին, ոտնակոխ ընելով միջազգային օրէնքըՙ ներխուժելով ինքնիշխան պետութեան մը սահմաններէն ներս, իբր թէ պատժելու համար PKK-ի (Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան) «ահաբեկիչներն» ու տակաւին այդ վայրերուն մէջ գտնուող ԻՊ-ի մնացորդացը:
Առանց քաղաքական ու ռազմական մեկնաբանութեանց ճահիճին մէջ իյնալու, ըսեմ որ այս շրջանները իրենց գեղատեսիլ վայրերով, իրենց անմրցելի ձէթի, ձիթապտուղի, նուռի ու նռնահիւթի արտադրութեամբ, որոնք սուրիական արտադրութեանց հպարտութիւնը կը կազմեն, ոտնակոխ պիտի ըլլան ու աւերուին թրքական յարձակումին պատճառով: «Ձիթենիի ճիւղ»ով պատերազմ յայտարարողը պիտի աւերէ բազմահազար ձիթենիներու այգիները…
Սակայն, ինչո՞ւ զարմանալ, այս է Գորշ գայլին նկարագիրը այսպէս էր 1915-ին, այսպէս եղաւ 1974-ին Կիպրոս ներխուժման ատեն, ու այսպէս ալ պիտի ըլլայ հիմա:
Սուրիական հողերը կը վերածաղկին, սակայն թրքական ձիթենիի չոր ճիւղը չի դալարիր:
*) Հեռատեսիլը հաղորդեց, որ այս տաճարը թիրախ դարձած է թրքական ռմբակոծումներուն: