ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Չեմ գիտեր ուրիշ երկիրներու մէջ ալ գուշակներու կը հաւատա՞ն, թէ ոչ, սակայն Լիբանանը նշանաւոր է իր արական եւ իգական պայծառատեսներով, որոնք ամէն նոր տարուան սեմին կը հրապարակեն իրենց կանխագուշակութիւնները, թէ՛ հեռատեսիլով եւ թէ՛ մամուլի ճամբով, գոհացում տալով հետաքրքիր ակնդիր-ունկնդիր եւ ընթերցող հասարակութեան, անշուշտ նաեւ իրենց գրպաններուն:
Հին օրերուն գուշակները միշտ ալ եղած են ամենափնտռուած ու յարգուած անձերը պալատներու մէջ, որոնք կը նախատեսէին պատերազմներու ճակատագիրը, երկրին սպառնացող վտանգներըՙ երկրաշարժ, երաշտ, սով, համաճարակ եւ այլն: Հասկնալի է, հին օրերուն գուշակներէն ուրիշ միջոցներ չկային ապագան կանխատեսող, ոչ այսօրուան նման, ուր բազմատեսակ միջոցներ ու սարքեր կան գալիքը բացայայտող, սակայն զարմանալին այն է, որ հակառակ գիտութեան ընձեռած միջոցներուն, կամ մարդկային տրամաբանութեան յենած վերլուծումներուն, մարդիկ տակաւին կառչած կը մնան գուշակներու գուշակութեանց: Իսկ այդ սուտ «մարգարէները» լաւ մը կը շահագործեն մարդոց միամտութիւնը:
Ոեւէ տրամաբանող անձ եթէ հետեւի ներկայ իրադարձութեանց, քիչ մը տրամաբանութիւն գործածէ, ինք ալ կրնայ կանխատեսել, թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Թրամփին, կամ Իրանին, կամ Երուսաղէմին եւ այլն: Եթէ կանխատեսումներուն կէսը ճիշդ ելաւ, ապա ինք ալ կրնայ անցնիլ նորօրեայ մարգարէներու շարքին:
Ինչո՞ւ ես ալ չփորձեմ: Ձգենք աշխարհը իր ճակատագրին եւ խօսինք մենք մեր մասին:
– Սուրիական պատերազմը վերջ պիտի գտնէ ու վերակառուցման աշխատանքները պիտի մեկնարկեն:
– Հալէպահայերէն բաւական թիւով մարդիկ պիտի վերադառնան իրենց տուները:
– Սփիւռքի մէջ նորէն քանի մը հայկական վարժարան պիտի փակուի:
– Քանի մը թերթ ու պարբերաթերթ պիտի դադրին:
– Քանի մը սփիւռքահայ գրող եւ արուեստագէտ պիտի արժանանան ՀՀ նախագահի պարգեւներուն:
– Հայաստանի մէջ իշխանական փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ:
– Արցախի հարցի լուծումը պիտի ձգձգուի եւ քանի մը հայ զինուոր պիտի նահատակուիՙ թշնամիին տասնապատիկ զոհեր պատճառելով:
– ՀՀ տնտեսական աճ պիտի արձանագրէ. թիւերը պիտի խօսին, բայց մարդիկ ոչ մէկ տարբերութիւն պիտի զգան:
– Հայաստանի մէջ պալատանման առանձնատուները պիտի բազմապատկուին, սակայն խրճիթները պիտի չպակսին:
– Եւս քանի մը հազար հայաստանցի գաղթի ճամբան պիտի բռնէ:
– Քանի մը շաբաթաթերթ առցանց տարբերակով պիտի շարունակուին:
Վերոյիշեալները ըլլալիք բաներ են, որոնց իրականացումը բարենիշ կրնայ բերել ինծի, սակայն կան բաներ որոնք չըլլալիք են, ատոր համար ռիսկ չեմ ըներ զանոնք բացայայտելով.
Օրինակՙ Երեւանի փողոցներէն պիտի վերանան մուրացկանները:
– Մարդոց հանգստեան թոշակները այնքան պիտի բարձրանան, որ տարեց քաղաքացիները պէտք պիտի չզգան փողոցները իյնալով գործ փնտռելու:
– Անարդարութիւնը, կաշառակերութիւնը, փտածութիւնը եւ նման բաներ միանգամընդմիշտ պիտի վերանան:
– ՀՀ բոլոր սահմանները պիտի բացուին եւ երէկուան թշնամիները իրարու ձեռք պիտի սեղմեն:
Այսօրինակ անհեթեթ բաներ ոչ իրենք կ՛ըսեն, ոչ ալ ես կ՛ըսեմ, եթէ չեմ ուզեր որ զիս խենթի տեղ դնեն: Կը տեսնէ՞ք, մարգարէ ըլլալը այդքան ալ դժուար բան չէ: