Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը Հայաստանի Առաջին հանրապետութենէն մինչեւ այսօր, առանց նկատի առնելու տիրող վարչակարգը, միշտ իր օգնութիւնը փութացուցած է Մայր հայրենիք, որովհետեւ իրեն համար Հայրենիքը վեր եղած է ամէն տեսակի գունաւորումներէ:
Երրորդ հանրապետութեանՙ ազատ, անկախ Հայաստանի գոյառութեան առաջին օրէն սկսեալ, Միութեան օժանդակութիւնը բազմապատկուեցաւ ու իր բարերար ներկայութիւնը Հայաստանի հողին վրայ դարձաւ հնչեղ իր հովանաւորած շարք մը ազգօգուտ ձեռնարկներով, ինչպէս Ամերիկեան համալսարանը, չքաւոր, անօգնական տարեցներու բարեսիրական ճաշարանները եւ երկար շարք մը այլ ձեռնարկներու, որոնց ղեկավարման համար ՀԲԸՄ-ը յատուկ աշխատակազմով կեդրոն մը հաստատած է Երեւանի Մելիք Ադամեան փողոցին վրայ, ուր յաճախ կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային որակաւոր միջոցառումներ:
Այս տարուան նորութիւնը անհրաժեշտութենէ մղուած կարեւոր ձեռնարկ մըն էր: Քանաքեռ 1 հասցէի վրայ գտնուող ՀԲԸՄ-ի Վահէ Կարապետեան գեղատիպ շէնքը, թէեւ քաղաքի կեդրոնէն հեռու է, սակայն հեռաւորութիւնը արգելք չէ հանդիսացած, որ սուրիահայեր խճողեն անոր յարկերը, մասնաւորաբար երկրորդը, ուր տեղադրուած է Միութեան բժշկական դարմանատունը, որ անվճար ծառայութիւններ կը մատուցէ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն, յատկապէս հալէպահայերուն:
Թէեւ անցնող 4 տարիներուն այսպիսի ծառայութիւն սկիսզբ առած էր ՀԲԸՄ-ի նախկին կեդրոնին մէջ, Ալեք Մանուկեան փողոցին վրայ, ուր հալէպահայ վեց բժիշկներ սիրայօժար կը ծառայէին, սակայն վայրը չէր արտօներ որ գործունէութիւնը խորհրդատուականի սահմանը անցնի, մինչեւ որ Միութիւնը որոշեց պաշտօնականացնել հարցը եւ մասնագիտական, խնամատարական արհեստավարժ բժշկական կեդրոն մը ունենալ:
Ամերիկաբնակ բարերար Վահէ Կարապետեան իր սեփական այս շէնքը նուիրելով ՀԲԸՄ-ին վստահ էր, որ ան պիտի օգտագործուի բարի եւ բարեսիրական նպատակներու համար, եւ այդպէս ալ եղաւ: Ան այժմ կը ծառայէ որպէս ՀԲԸՄ-ի սկաուտական շարժման հաւաքավայր, ինչպէս նաեւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները կարգաւորող մարմնի կեդրոն, որ տեղադրուած է առաջին յարկին մէջ, ապա, ինչպէս նշեցինք, երկրորդ յարկը, որպէս դարմանատուն:
ՀԲԸՄ-ի այժմու բժշկական կեդրոնին մէջ կը գործեն 4 մասնագէտ բժիշկներ, չորսն ալ հալէպահայ: Սրտաբանութեան բաժինը կը վարէ սրտաբան բժ. Գրիգոր Տարաքճեան, որ նաեւ կեդրոնի պատասխանատուն է: Կնախտաբանութեան բաժինը կը վարէ կնախտաբան բժ. Մերուժան Քիրիշեան, մանկաբուժական բաժինըՙ մանկաբուժ բժ. Ժան Պեշլեան եւ ակնաբուժական բաժինը, ակնաբուժ բժ. Մակի Քեշիշեան-Հաճընլեանը: Վերոյիշեալներուն կ՛օգնեն 4 վկայեալ բուժքոյրեր, իսկ կեդրոնի քարտուղարն է տիկ. Լիթա Տիմիճեան-Մարտիրոսեան, որոնք բոլորն ալ ժպտուն դէմքերով կը դիմաւորեն հիւանդները, բան մը, որ շատ ընդհանրացած չէ Հայաստանի մէջ…
Բժ. Գ. Տարաքճեանի հետ մեր զրոյցի ընթացքին վերահասու եղանք կեդրոնի վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններու:
2017 ապրիլ 1-ին պաշտօնապէս բացուած այս կեդրոնը վեց ամիսներու ընթացքին ընդունած է 1108 հիւանդ, որոնց կեդրոն այցելութեան թիւը հասած է 2350-ի: Դարմանատան 10 հոգինոց անձնակազմը կը սպասարկէ միջին հաշուով ամիսը 390 հիւանդի, քննութեամբ, ախտաճանաչումով, դեղեր նշանակելով եւ անհրաժեշտ թելադրութիւններ ընելով:
ՀԲԸՄ-ի բժշկական կեդրոնը կը գործակցի Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ կարգ մը բարեսիրական հաստատութիւններու, ինչպէս «Սուրիահայերի հիմնախնդիրների կարգաւորման կեդրոնը», «Իզմիրլեան բժշկական կեդրոնը», «Առաքելութիւն Հայաստան»ը, «Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը», «Կարմիր Խաչը» եւ անշուշտ ՀԲԸՄ-ը:
Նշանակուած դեղերուն համար կեդրոնի յատուկ դեղատոմսով հիւանդը կը դիմէ «Առաքելութիւն Հայաստան»ին, ուրկէ անվճար կը ստանայ զանոնք: Բարդ հիւանդութեանց պարագային, շողանկարի, տարրալուծարանի, նոյնիսկ վիրաբուժական հարցերու համար ՀԲԸՄ-ի ուղեգիրով հիւանդը կրնայ «Իզմիրլեան բժշկական կեդրոն»ի ծառայութիւններէն օգտուիլ, իսկ որոշ նիւթական ապահովելու համար ալ կեդրոնը կը դիմէ վերոյիշեալ միւս բարեսիրական հաստատութիւններուն:
Կեդրոնի թղթածրարներն ու վիճակագրական տուեալները այնքան բծախնդրօրէն կը պատրաստուին ու կը պահպանուին, որ այցելու պատասխանատուներ հիացումով եւ մեծ գնահատանքով կը խօսին այդ մասինՙ
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանեան ձեռնարկներու ոսկեայ շղթային վրայ որպէս օրհնութիւն այս օղակն ալ եկաւ աւելնալու: