ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ, Երեւան
Խստօրէն կը դատապարտեմ ՊԱՅՔԱՐ թերթին հրատարակութիւնը Լիբանանի մէջ պետական իշխանութիւններու միջոցով դադրեցնել տալու կարգ մը արարածներու նկրտումները: Շատ ցաւալի է արձանագրել, որ մինչ 1970-ին հայկական երկու օրաթերթ փակել տալու փորձը կատարած էր Թուրքիոյ դեսպանութիւնը (եւ, բնականաբար, ձախողած ու խայտառակուած), այսօր նոյն աշխատանքին լծուած է, այլոց շարքին, այդ օրաթերթերէն մէկուն խմբագիրը… Նոյն խայտառակութիւնը կը սպասէ մերօրեայ հայանուն թուրքերու փորձերուն:
Սփիւռքի մէջ հայերէն թերթ մը փակել տալու ամէն փորձ ստորութիւն էՙ ինչ ալ ըլլան պատճառները : Ո՛չ մէկ պատճառ կրնայ արդարացնել նման քայլը:
Կոչ կ՛ուղղեմ հայութեանՙ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, իր բողոքի ձայնը բարձրացնել եւ դատապարտել հայապահպանութեան կռուան մը տապալելու բացայայտ քայլերու հեղինակներուն վասակութիւնը: