Երբ նոր եկած էի Հայաստան, կարգ մը տարօրինակ երեւոյթներու կողքին, զիս զարմացուցած էր դեղարաններու մէջ դեղերու վաճառման ձեւը, երբ յաճախորդներ հատիկներով կը գնէինՙ 4, 6, 10… դեղահատ, առանց լման տուփը գնելու: Դեղագործն ալ վարժուած` տուփը կը բանար եւ պահանջուած հատիկները համրելով կը վաճառէր: Հասկցայ որ մարդոց համար լրիւ տուփ մը գնելը մատչելի չէ, հակառակը Սուրիոյ, կամ այլ երկիրներու, ուր դեղատուփին պարունակութիւնը չեն մասնատեր:
Տեղական արտադրութիւն, թէ ներածուած, անհրաժեշտ է որ պետութիւնը արտադրողէն եւ ներածողէն աւելի սպառողի մասին մտածէ: Դեղը բան մըն է, որ չարաշահումի պէտք չէ ենթարկուի քմահաճ գործատէրերու եւ գործակալներու կողմէ:
Հայաստան հաստատուելէս ի վեր դեղերս Սուրիայէն կ՛ապահովեմ, որովհետեւ գիներու հսկայ տարբերութիւն կայ: Անցեալները դարձեալ ծրար մը տարբեր տեսակի դեղեր հասան ինծի, անմիջապէս անոնց վրայի գիները հաշուելով, 20 տուփ սրտի եւ արեան գերճնշումի դեղերուն գումարը հաւասար էր 12 տոլարի, պատկերացուցէք, միայն 12 տոլար, այսինքն 6000 դրամէն պակաս: երբ բարեկամ բժիշկի մը ցոյց տուի, Հայաստանի մէջ ծախուող անոնց համազօր դեղերուն գիները հաշուելով, նկատեց որ այստեղ գրեթէ հինգապատիկ եւ նոյնիսկ աւելի պիտի արժէին: (Ի միջի այլոց, Լիբանանի մէջ ալ դեղորայքը պերճանքի առարկաներու գիներուն հետ կը մրցի: Դեղ մը, որուն կարիքը ունէի եւ Հայաստանի մէջ անգտանելի էր, Պէյրութ դիմեցի, ըսին որ 83.000 լ.ո. կ՛արժէ, 55 $: Ստիպուած Սուրիա դիմեցի եւ դեղը հասաւ, գինը 650 ս.ո., այսինքն 1.2 $, մէկ տոլարէն քիչ մը աւելի…)
Սուրիոյ մէջ վաղուց, նախագահին կողմէ «Կարմիր գիծ» նկատուած է հացին եւ դեղերուն գիները, երկու կենսական նիւթեր, որոնց գիներուն հետ «խաղալ» խստիւ արգիլուած է: Ի պատիւ Սուրիոյ, պատերազմի այս եօթ տարիներու ընթացքին եւ ցայսօր, Սուրիոյ մէջ արտադրուած դեղերը կը մնան մատչելի, նոյնիսկ եթէ անոնց բաղկացուցիչ նիւթերը համաշխարհային գիներով աճ արձանագրած են, քանի որ պետութիւնը լրջօրէն կը հսկէ եւ որեւէ ոտնձգութիւն խստիւ կը պատժուի: Նոյնիսկ, եթէ համաշխարհային սակէն նուազ վաճառուելով վնասի բաժին մը կայ, պետութիւնը ինք իր վրայ կը վերցնէ այդ վնասը, միայն թէ ժողովուրդը չտուժէ:
Տակաւին, Հայաստանի մէջ, նոյն դեղերը տարբեր շրջաններու, նոյնիսկ տարբեր փողոցներու մէջ, տարբեր գիներով կը վաճառուին: Պետական հսկողութիւն չկա՞յ գինեուն վրայ, եթէ ոչ այլ նիւթերու պարագային, սակայն դեղերը պէտք է պետական հակակշռի տակ ըլլան, թէ չէ իւրաքանչիւրը իր ուզած գինով կը վաճառէ եւ ժողովուրդը կրակի մէջ կ՛իյնայ, մասնաւորաբար չքաւորները:
Մարդ կրնայ մաշած կօշիկով եոլա երթալ, կամ շաբաթով միս չուտել եւ չոր հացով բաւարարուիլ, սակայն չի կրնար առանց դեղի մնալ եւ առողջութիւնը վտանգել:
«Ազատ շուկայ» հասկացողութիւնը պէտք չէ անիշխանական վիճակի վերածէ դեղերու շուկան, որոնք քանի մը ձեռքերէ անցնելէ ետք կը հասնին գնորդին եւ անշուշտ այդ ձեռքերը պիտի օգտուին, շահու տոկոսային իրենց բաժինը բարդելով եւ ուռճացնելով անոնց վաճառման գիները:
Սպառողի պաշտպան պետական մարմին մը կայ յուսամ, որուն առաջնահերթ պարտականութիւնը ըլլալու է, իսկապէ՛ս եւ գործնականապէ՛ս ժողովուրդին «Ցաւը տանիլ», որպէսզի Հայաստանի լեզուական արտայայտութեանց ամենագեղեցիկը եւ ամենամարդկայինը միայն խօսք չըլլայ: