Կ՛ըսենՙ «Ցոյց տուր աղբամանդ, ըսեմ ինչ է կենսամակարդակդ»: Կ՛ըսեն ըսի, բայց տեղէ մը չեմ լսած, այնպէս որ ինծի կրնաք վերագրել այս թեւաւոր խօսքը…
Երբ քաղաքի մը աղբամաններուն վրայ աչք մը նետենք, անոնց մէջ կուտակուած աղբի քանակէն ու որակէն կրնանք գուշակել մարդոց կենսամակարդակը: Եթէ քանակը քիչ է, կը նշանակէ, որ մարդիկը շատ բան չունին ուտելու եւ իրենց կերածն ալ այնքան կը կրծոտեն, որ շատ քիչ բան կը մնայ թափելու. իսկ եթէ աղբը լեռնացած է ու աղբարկղէն ալ դուրս թափած ու անոր մէջՙ մսոտ ոսկորներ, խմիչքի շիշեր, պտուղի մնացորդներ, պատրաստի ճաշի տուփեր ու տոպրակներ, ապա ուրեմն մարդոց կենսամակարդակը բարձր է, լաւ կ՛ուտեն ու կը սնուին:
Այս երկրորդ խումբին կը պատկանին Երեւանի աղբարկղերը: Ես քաղաքի ծայրամասերը չեմ այցելած, որ գիտնամ այդտեղի աղբամաններուն վիճակը, հաւանաբար անոնք այնքան փարթամ չեն, որքան քաղաքամէջինները, որոնք կը յորդին, ի մեծ ուրախութիւն կատուներուն եւ ի մեծ յուսախաբութիւն այն մարդոց, որոնք «Հայաստանը աղքատ երկիր է» կ՛ըսեն:
Հայաստանը աղքատ երկիր չէ, սու՛տ է, տեսէ՛ք ինչ նոր ծաղկամաններով հարստացաւ քաղաքը: Քաղաքապետը ծաղկասէր է եւ Երեւանը ծաղկաւէտ քաղաքի կ՛ուզէ վերածել եւ լա՛ւ կ՛ընէ: Ծաղկոցներն ու ածուները, որոնք անդադար կը վերանորոգուին նոր ծաղիկներով ամբողջ տարուան ընթացքին, կը գեղեցկացնեն Երեւանի դէմքը, հաճոյք պատճառելով թէ՛ տեղացիին եւ թէ՛ զբօսաշրջիկին: Ծաղիկն ալ հարստութեան նշան է, ինչպէս հեծանիւներ կայանելու սարքերն ու կանգառներու չուացուցակ սեւ սնտուկները, հոգ չէ թէ անգործածելի են, կարեւորըՙ փաստելն է, որ ունի՛նք: Ասոնք ալ հարստութեան նշաններ չեն, հապա ի՞նչ են:
Դեռ կայ աւելի աչքառուն. ամբողջ աշխարհի մէջ ջուրի խնայողութեան աշխատանքներ կը տարուին, վախնալով որ պիտի գայ օրը, ուր ջուրի ահաւոր տագնապ պիտի ստեղծուի եւ մարդիկ ու երկիրներ իրար պիտի կոտորեն ջուրի համար, սակայն մեր մօտ այդպիսի վախ չկայ. մէյ մը նայեցէք ինչպէս մարդիկ ջրցան խողովակը բռնած իրենց մեքենաները կը լուան, փողոցներուն մէջ գետեր հոսեցնելով. տեսէք ինչպէս մարդիկ իրենց վաճառատուներուն առջեւի մայթերը կը լուան, ամռան տօթին դէմ պայքարելով ու այնքան ջուր կը հոսեցնեն, որով կարելի կ՛ըլլար ամբողջ պուրակ մը ջրել:
Ջուրի անխնայ գործածութիւնը անգիտակցութեան արդիւնք չէ երեւի, այլՙ հարստութեան գրաւական:
Դեռ չեմ խօսիր շքեղագոյն ինքնաշարժներու մասին, որոնք կ՛ողողեն Երեւանի փողոցները, օրուան մէջ մի քանի անգամ խցանում յառաջացնելով: Հապա՞ հանրախանութներու մէջ տարատեսակ ուտեստեղեններով ծանրաբեռնուած սայլակները…
Այնպէս որ «արխային» կեցէք, պէտք չէ հաւատալ բամբասանքներուն եւ տարաձայնութիւններուն, Հայաստանը աղքատ չէ՛: