Վերջերս յօդուածի մը մէջ դարձեալ Հայը Հրեային հետ բաղդատութեան դրուած էր: Մենք այս հիւանդութենէն պիտի չազատինք երեւի: Զարմանալի է, առիթ չենք փախցներ Իսրայէլի կամ հրեաներու հետ համեմատուելէ, հակառակ որ ոչ մէկ հասարակաց կապ ունինք այդ ժողովուրդին հետ, ո՛չ էթնիք, ո՛չ պատմական, ո՛չ լեզուական, ո՛չ մշակութային, ո՛չ կենցաղային… այնպէս որ այս երկու ազգերը իրար հետ բաղդատելը անհեթեթութիւն է: Թէեւ հրեաները ազգ կոչեցի, սակայն ազգի մը յատկանիշներն ալ չունին, բացի կրօնական ազդակէն:
Անոնց դէմքերուն կը նայիս, բնաւ իրար նման չեն, տարբեր ժողովուրդներու խառնուրդ մըն են, որոնց միացուցած է հրեական կրօնը: Խելացի են, հնարամիտ, աշխատասէր… ըսելիք չունիմ, սակայն միեւնոյն ժամանակ շատ մը յոռի բարքեր եւ բնաւորութիւններ ունին, որոնց մասին յաճախ կարդացած ենք համաշխարհային գրական գործերու մէջ:
Իշխանատենչ են, ծաւալապաշտ, խորամանկ, իսկական Մաքիաւելեան տիպարներ, որոնք իրենց նպատակին հասնելու համար ոչ մէկ խտրութիւն կը դնեն միջոցներուն մէջ: Նոյնիսկ բարոյականութիւնը կը զոհեն յանուն իրենց նպատակին: Այս ըսուածները անհիմն բամբասանք չեն, իրականութիւն են, որոնք իրենց հաւատալիքներուն մաս կը կազմեն: Կ՛ուզեն ամբողջ աշխարհին տիրել, այսօր կը ծրագրեն 50-100 տարի ետքի պատահելիքները: Խաղաղութեան կողմնակից չեն, ընդհակառակը, երբ աշխարհը քիչ մը խաղաղի, նոր վարդապետութիւն մը մէջտեղ կը նետեն, նոր պատերազմ մը կը հրահրեն:
Այս բոլորը գիտնալէ ետք, ի՞նչ հասարակաց բան կը գտնենք մեր երկուքին մէջ, որ բաղդատութեան կը դնենք: Հիմա պիտի ըսէքՙ իրենքՙ հրեաներն ալ չարչարուած են, տեղահանուած են, դարերով թափառական դարձած են ու վերջապէս հայրենիք ունեցած են: Այս մակերեսային տուեալներուն տակ պահուած իսկական պատճառներուն եթէ ծանօթանաք, պիտի տեսնէք որ անոնք բնաւ մերիններուն չեն նմանիր: Կը մնայ միայն մեր Մեծ եղեռնը, իրենց Ողջակիզումին (Հոլոքոսթ) դէմ:
Այստեղ ալ հարցերը նոյնը չեն, անոնք երբ Հիթլէրի զանգուածային մաքրագործումին ենթարկուեցան, հայրենիք չկորսնցուցին մեզի նման, ընդհակառակըՙ անոնք Հոլոքոսթը շահագործեցին նոր «հայրենիք» մը ունենալու համար, եւ գիտենք թէ ինչ քաղաքական խաղերով ու անմարդկային ձեւերով հասան իրենց նպատակին: Հարցերը մէյ մը պաղեստինցիներու աչքերով դիտեցէք, ոչ թէ հրեական քարոզչութեամբ կողմնորոշուեցէք:
Այս բոլորէն ետք ի՞նչն է որ հայաստանահայերուն արեւելում կու տայ, որ անոնց համակրանքը միշտ դէպի Հրեան է, երբ Արաբը աւելի պատճառներ ունի հայ ժողովուրդին կողմէ սիրուելու եւ յարգուելու:
Կը մոռնանք Սիոնիզմի դերը հայկական կոտորածներուն, կը մոռնանք դաւանափոխ (տէօնմէ) Իթթիհատի ղեկավարներուն ճիւաղային ծրագիրները Ցեղասպանութեան եւ հայաթափութեան: Կը մոռնանք անոնց ռազմամթերքի մատակարարումը մեր թշնամիին այս օրերուն, կը մոռնանք անոնց մերժումը մեր Ցեղասպանութեան ճանաչումին, Երեւանի մէջ յուշակոթող ալ կը զետեղենք, բայց այս բոլորին դէմ ի՞նչ կը ստանանք իրենցմէ:
Հրեայ ծագումով անհատ մարդիկ դրական վերաբերմունք ունեցած են հայերու հանդէպ, ինչպէս Հենրի Մորկենթաու, Ֆրանց Վերֆել եւ այլք, չենք մոռնար, երախտապարտ ենք եւ շնորհակալ, սակայն այս մի քանի անհատներով կարծիք չի՛ կազմուիր: Ալ կը բաւէ հրեան ընդունիլ որպէս իտէալ եւ կաղապար ու փորձել ամէն քայլափոխի հայը մտցնել այդ կաղապարին մէջ: Մեր ստորակայական բարդոյթէն ձերբազատուելու ենք: Մենք ալ արժէքներ ունեցող ազգ ենք, գիտակցի՛նք: Ուրիշին ունեցածներով հիանալու փոխարէն, մենք մեր ունեցած արժէքները գնահատել գիտնանք ու ըստ այդմ շարժինք: