Մայր աթոռը չի թաքցներ, որ Սբ. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միջեւ տարակարծութիւններ կան: Այս մասին լրագրողներուն հետ խօսելու ընթացքին յայտարարեց Մայր աթոռի դիւանապետ ՙ Տ. Արշակ եպս. Խաչատրեանը: Սրբազան հայրը այդ խնդրէն բացի խօսեցաւ երէկ իր լրումին հասած եկեղեցական- ներկայացուցչական ժողովի ընդհանուր օրակարգին մասին, որն առնչուած էր յատկապէս եկեղեցւոյ կանոնադրութեան վերամշակման եւ բարեփոխման հարցերուն: Ներկայիս գործող կանոնադրութեան վերջին տարբերակը մշակուած է 1945 թուականին, իսկ օրերս քննարկուած եւ բարեփոխումներու ենթարկուած կանոնադրութիւնը հիմք ունի նոյն այդ կանոնադրութիւնը:
Կանոնադրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրուին յառաջիկայ օրերուն, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ Մայր աթոռի եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հիմնական մտահոգութիւնը կը վերաբերի Եւրոպայի թեմերուն, ուր կարգ մը հիմնական թեմեր մինչեւ այս պահը կանոնադրութեան խնդիր ունին:
Այս մօտեցման ելակէտը նոյն այդ եւրոպական թեմերուն մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն է, որուն մասին ժողովի բացման նիստին ակնարկեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը: Վեհափառը նշեց, որ կարգ մը թեմերու յատկապէս աշխարհիկ պատասխանատուներ անձնական մեկնաբանութիւններ թոյլ տալով կը դանդաղեցնեն համայնքային գործունէութիւնը ու յաճախ պատճառ կը դառնան անհասակցողութեան եւ յարաբերութիւններու լարման:
Վեհափառը նաեւ վստահեցուց, որ ի հեճուկս տարածուող խօսքերուն այն մասին, թէ Մայր աթոռը նպատակ ունի «ձեռք դնել» թեմերու պատկանելիութիւնը եղող կալուածներուն վրայ, Սբ. Էջմիածինը այդպիսի օրակարգ չէ դրած իր առջեւ եւ տեղի ունենալիք բարեփոխումները կը միտին հունաւորել առկայ յարաբերութիւնները եւ դրական ընթացք մը տալ թեմերու կրօնական- ազգային կեանքին:
Եւրոպական երկիրներու մէջ գործող համայնքի «երեւելի»ներ յաճախ այն կարծիքով կ՛առաջնորդուին, որ իրենք «անկախ կառավարութիւն» են եւ կրնան գործել ինչպէս որ յարմար կը տեսնեն: Անոնք այս առումով եւս կը մոռնան, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ազգային եկեղեցի է: Հաստատուն, իրաւական հիմք ունեցող եւ այսօրուան պահանջները նկատի առնող կանոնադրութիւն մը դրական եւ բարերար դեր պիտի ունենայ առկայ հարցերուն լուծման եւ տարուելիք աշխատանքներուն նոր թափ մը տալու տեսակէտէն: Այստեղ պէտք է նշել, որ անցնող օրերուն մանրակրկիտ քննարկման դրուած եկեղեցական կանոնադրութիւնը պիտի վաւերացուի յառաջիկային հրաւիրուելիք ազգային-եկեղեցական ընդհանուր ժողովին կողմէ, որ պիտի հրաւիրուի գործող կանոնադրութեան հիման վրայ:
Մայր աթոռ- Թեմեր յարաբերութիւններուն նոր ընթացակարգ մը ստեղծելէն բացի կան նաեւ Էջմիածին- Անթիլիաս բաւական կնճռոտ եւ երկար տարիներէ ի վեր «լռութեան թաղանդ»ով մը պատուած տարակարծութիւնները: Անցնող օրերուն լուսարձակներէ հեռու եղած քննարկումներուն մէջ բնականաբար այս հարցն ալ քննարկուած պէտք է ըլլայ: Ու չնայած անոր, որ այդ առումով կրնան հրապարակային յայտարարութիւններ չհնչել, սակայն այս ժողովի ընդհանուր տեսադաշտը իրաւական կարողութիւնը ունէր այդ հարցերուն անդրադառնալու եւ անցնող երկու տարիներուն «մէկ կողմ դրուած» Էջմիածին- Անթիլիաս ստեղծուած միացեալ յանձնախումբերուն նոր եռանդ մը տալու:
Մեր եկեղեցւոյ շարք մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ կը հաւատան, թէ երկու Կաթողիկոսական աթոռներու յարաբերութեանց միջեւ գոյութիւն ունի դրական ընթացք մը եւ այդ դրական հունաւորումը պէտք է ամրացուի ու գործնական քայլերու առաջնորդէ:
Կայ նաեւ Երուսաղէմի ու Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական Աթոռներուն հետ յարաբերութիւններու հարցը: Մինչ առաջինին պարագային տակաւին կան բաւական նկատելի տարակարծութիւններ, անդին Պոլսոյ մէջ առկայ իրավիճակը եւ Պատրիարքի մը չգոյութիւնը նոյնպէս կը խանգարէ, որ Մայր աթոռի հետ առկայ յարաբերութիւնները չանցնին պաշտօնական կապերու ընդհանուր եզրը: Մայր աթոռի ունեցած դրական կեցուածքները եւ նախամեծար Աթոռի մը ցուցաբերած վերաբերմունքը մեծապէս օժանդակեցին, որ տեղի ունենայ տեղապահի սպասուած ընտրութիւն եւ ապա այդ ընտրութիւնը ամրագրուի եւ համայնքը իր առաջին քայլերը կատարէ Պատրիարքի ընտրութեան ճանապարհին:
Մայր աթոռը այսօր կանգնած է իր պատմական դերի վերստանձման կարեւոր փուլին առջեւ: Մէկ կողմէ եկեղեցւոյ բարենորոգչական ընթացքը եւ միւս կողմէ Հայաստանով մէկ նոր եկեղեցականներու պատրաստման առաքելութիւնը ցոյց կու տայ, որ յառաջիկայ առնուազն տաս տարիներուն Մայր աթոռի միաբանական կուռ կառոյցը պիտի դառնայ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր սիւները ամրացնող գլխաւոր գործօն:
Ու այդ ժամանակատուածէն ետք շատ բնական է, որ այսօրուան պայմաններն ու պատրաստութիւնը ունեցող միաբանները պիտի կարողանան համալրել Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ առկայ հոգեւորականներու պակասը:
Երուսաղէմն ու Պոլիսն ալ անմասն պիտի չմնան այդ վերանորոգչական գործընթացներէն, որովհետեւ յառաջիկայ տարիներուն այդ պատմական համայնքներուն մէջ զգացուելիք հոգեւորական կոչումներու նուազումը կրնայ լուրջ հարցերու առջեւ դնել պատրիարքական այդ զոյգ աթոռները:
Մնացեալ հարցերը եւ մանաւանդ Անթիլիասի հետ առկայ տարակարծութիւնները կրնան լուծուիլ միայն ժամանակի ընթացքին, անգամ մը եւս ամրացնելով այն մօտեցումը, թէ մէկ ու միակ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ գաղափարը առասապելատիպ միֆ չէ, այլ մարդագրական, գաղափարական, եւ պայմաններու ընդհանուր պրիսմակէն անդին Հայ եկեղեցին հայոց հողին վրայ եւ այդ հողէն սնունդ առնող ոգեղէն շէնք է: