Երկուշաբթի, Հոկտեմբերի 27, 2025
Ազգ
Wildberries
Wildberries-ը նվազեցնում է միջնորդավճարը այն վաճառողների համար, ովքեր ապահովում են արագ առաքում մինչև գնորդ
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
Ազգ
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները

Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԿՈՉԻ

02/06/2017
- 02 Հունիսի, 2017, ԱԶԳ շաբաթաթերթ
Կիսվել ՖեյսբուքումԿիսվել ԹվիթերումՈւղարկել Տելեգրամով

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Անդամ ՌԱԿ-եան Գերագոյն խորհուրդին
Շրջանաւարտ ատենապետ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան (1980-1995)
Պատուոյ ատենապետ Հայ եկեղեցւոյ
Գանատահայոց թեմական խորհուրդի
Շրջանաւարտ փոխ-նախագահ Հ.Բ.Ը.Մ. Կեդրոնական վարչական ժողովի եւ այժմ Վաստակաւոր (Emerite) անդամ Հ.Բ.Ը.Մ.
Կեդրոնական վարչական ժողովի
Մոնթրէալ, 15 Մարտ 2017

Ստորեւ հրապարակում ենք, ի պատասխան մի քանի ամիս առաջ ՀՀ վարչապետ Կարեն Կարապետյանի սփյուռքահայությանը ուղղած կոչի, սփյուռքահայ հանրածանոթ գործիչ եւ գիտնական դոկտ. Արշավիր Գյոնջյանի նամակը:

Մեծայարգ եւ սիրելի պրն. Կարէն Կարապետեան, Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան

Այս նամակը կը գրեմ Ձեզի, հաւանաբար բազմաթիւ ուրիշներու կարգին, որպէս սփիւռքահայ մը, որ խորապէս առնչուած է ազգային հարցերու եւ որ իր անձնական եւ ընտանեկան պարագաներու փաստացի օրինակով, բազմատասնեակ տարիներու ընթացքին գործնապէս իր մասնակցութիւնը բերած է հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը հետապնդող ջանքերուն, անձնական եւ հաւաքական այլազան նախաձեռնութիւններով:

Ես եւս անոնցմէ եմ, որ կարդացի Ձեր կոչը ուղղուած սփիւռքահայութեան, առաջին հերթինՙ անկեղծ գոհունակութեամբ, այնտեղ Ձեր արտայայտած սրտբաց ընդհանուր հրաւէրին եւ զօրակոչին նկատմամբ, կոչՙ որ կատարած էք, որպէսզի բազմամիլիոն սփիւռքահայութիւնը իր ոյժերը մասնակից դարձնէ Մայր հայրենիքի կերտումին եւ յառաջդիմութեան:

Սակայն նաեւ, հիմնուելով վերոյիշեալ տուեալներով ունեցած իմ անձնական եւ հաւաքական կեանքի փորձառութեանց վրայ, պարտաւոր կը սեպեմ ինքզինքս Ձեր ուշադրութեան բերել հիմնական կէտեր եւ անոնցմէ բխած պահանջներ, ուղղուած Ձեզի եւ Ձեր վարչապետի հանգամանքին, որպէսզի երբ Ձեր կատարած կոչէն ետք անխուսափելիօրէն գայ ժամանակը, ուր հաշուեյարդարը կատարուի կոչէն բխած արդիւնքներուն եւ սփիւռքահայութեան պատասխանին, այն ժամանակ կարելի ըլլայ արդարօրէն նշել պատասխանատուութիւնները դրական կամ բացասական արդիւնքներուն նկատմամբ:

Մեծայարգ պրն. Վարչապետ, Հայաստանի անկախացումէն 25 տարի ետք, բոլորս, Դուք եւ մենք, համաձայն ենք, թէ ռոմանթիք հայրենասիրութեան շրջանը բոլորովին անցած է: Ձեր կոչը կարդացող եւ լսող ամէն մէկ հայուն եւ յատկապէս սփիւռքահայուն համար կան երկու անխուսափելի տուեալներ, որոնց ազդեցութեան վրայ յենելով է, որ սփիւռքահայը իր յաջորդ քայլը պիտի առնէ, որպէսզի ան պատասխանէ դրապէս եւ կամ մնայ պարզապէս անտարբեր Ձեր տուած սրտբաց հրաւէրին:

Այդ տուեալներէն առաջինը դժբախտաբար այն բոլոր ձախորդ փորձերը եւ յաճախ խոր ցաւ պատճառող վնասներն են, որ ունեցան բազմաթիւ սփիւռքահայեր, վերոյիշեալ ռոմանթիք հայրենասիրութեան շրջանին, երբ անոնք ազնիւ եւ հայրենասիրութեամբ լեցուն մեծ կամ փոքր փորձեր կատարեցին Հայաստան գալու եւ իրենց մասնակցութիւնը եւ նպաստը բերելու երկրին զարգացման աշխատանքին: Այս մասին աւելորդ է աւելին ըսել: Անոնցմէ մի քանի հատին ես անձնապէս շատ մօտէն ծանօթ եւ անձնապէս վկայ եղած եմ:

Եթէ վերեւի այս տուեալը կը պատկանի անցեալին, երկրորդ տուեալը կը վերաբերի այսօրուան, եւ այստեղ է որ ակնկալութիւնը եւ պահանջքը կ՛իյնայ ամբողջովին Ձեր վրայ:

Այս երկրորդ տուեալը պատկերաւոր եւ փաստացի կերպով ներկայացնելու համար երկար եւ յատուկ օրինակներ տալու փոխարէն պիտի զայն բնորոշեմ հետեւեալ խտացած կերպով: Որպէսզի սփիւռքահայը եւ կամ աւելի ճիշդըՙ ներառեալ հայաստանաբնակ եւ արտագաղթի ճամբան բռնած հայը հանգիստ զգայ իր կարողութիւնը, միջոցները եւ հետաքրքրութիւնը ուղղելու դէպի Հայաստան, անհրաժեշտ է որ կարենաք երաշխիքը տալ, թէ պետական օղակները իրական ջանքերով ամէն միջոց յանձն առած են, որպէսզի առօրեայ վերաբերմունքի եւ գործի փոխանակումներու մէջ տիրէ յարգանք հանդէպ ստորագծուած նորմալ բարոյականի եւ արդարութեան , գոնէ այնքանով, որ մեր ապրած, յատկապէս արեւմտեան երկիրներուն մէջ, այս երկուքին նկատմամբ գոյութիւն ունի բնական ակնկալութիւն եւ հասկացողութիւն, քաջ գիտնալով հանդերձ, թէ ամէն տեղ կան սայթաքումներ, սակայն չկան այն այլանդակ երեւոյթները, որոնք դժբախտաբար կը տիրեն Հայաստանի մէջ եւ որոնց նկատմամբ եթէ ձեռք չառնուին արմատական միջոցներ, Ձեր կոչը դժբախտաբար պիտի չունենայ իսկապէս դրական արձագանգ:

Բարոյականի եւ արդարութեան նկատմամբ հրապարակաւ տեսանելի յարգանք պահանջելը եւ պարտադրելը պետական կառոյցներէն եւ պաշտօնեաներէնՙ Ձեր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ են: Նոյնպէս մեր իրաւունքն է պահանջել Ձեզմէ, որ առնէք հարկ եղածՙ թերեւս քաղաքականօրէն դժուար, սակայն անհրաժեշտ քայլերը, որպէսզի անկէ ետք մենք բոլորս դառնանք Ձեր կոչին ջատագովողները, խօսափողերը եւ դրական պատասխանողները:

Վերջացնելէ առաջ այս նամակս, չմնալու համար վերացական ոլորտին մէջ, կ՛ուզեմ մատնանշել որպէս սիմպոլիք օրինակներ մի քանի յատուկ եւ կոնկրէտ պարագաներ, որոնք տարբեր ձեւերով կրնան հրապարակաւ ուղենշել վերեւը իմ մատնանշած ընդհանուր անկիւնադարձային քաղաքական առողջ մթնոլորտի ստեղծման համար Ձեր առնելիք քայլերը: Հոս պիտի թուեմ երեք տարբեր բնագաւառներու վերաբերող օրինակներ, երթալով ընդհանուրէն դէպի խիստ մասնաւոր հարցեր:

Առաջին առաջարկս կը վերաբերի սփիւռքահայ գործարարներուն գործնապէս վստահութիւն ներշնչելու, դիւրութիւն եւ քաջալերութիւն հայթայթելու մտահոգութեան: Այս նպատակով կ՛առաջարկեմ, որ ստեղծէք «Հայաստանի մէջ Սփիւռքահայ Գործառնութեանց նախարարութիւն» մը, որուն աշխատանքի դաշտը ըլլայՙ նախ քաջալերել եւ յայտնաբերել այն սփիւռքահայերը, որոնք կրնան հետաքրքրուիլ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելով, եւ յետոյ եւ մանաւանդ տառացիօրէն քայլ առ քայլ առաջնորդել այդ սփիւռքահայը իր ամէն քայլափոխին, որպէսզի ան չհանդիպի հարկային մարմիններու խժդժութեանց եւ թաղային խաժամուժին, երբ սկսի ոտք դնել Հայաստան եւ հաստատել իր գործը Հայաստանի մէջ: Այդ նախարարութիւնը պարտի իր գլուխը ունենալ հայաստանաբնակ եւ նաեւ սփիւռքահայ որակաւոր անձնակազմ մը :

Երկրորդ առաջարկս կը վերաբերի սփիւռքահայուն մօտ ընդհանուր բարոյական բարձր մակարդակի նկատմամբ լրջութեան հաւաստիք վերստեղծելու խնդրին:

Խօսքս կը վերաբերի անթիւ եւ անհամար, լուրջէն մինչեւ ծիծաղելի, հասկնալի եւ անհասկնալի շքանշաններ տալու ստեղծուած անլուրջ սովորութեան: Ես եւս ըլլալով այդպիսի շքանշանի մը ստացողներէն մէկըՙ կրնամ հանգիստ կերպով կատարել այս քննադատութիւնս եւ առաջարկս:

Այսօրուան ստեղծուած վիճակով , արժանաւորը եւ անարժանը անխղճօրէն իրար խառնուած են: Հետեւաբար պէտք է գիտնաք, թէ Հայաստանէն ստացուած որեւէ շքանշան այսօր քմծիծաղով կ՛ընկալուի մեր մօտ: Կը բաւէ որ մէկը ունենայ «ազդեցիկ» բարեկամ մը, որպէսզի ստանայ ոսկեայ կամ արծաթեայ շքանշան: Այս եւս կը վերաբերի բարոյականի նկատմամբ Հայաստանի մէջ ստեղծուած արհամարհանքի երեւոյթին: Կ՛առաջարկեմ որ, հետեւելով այլ լուրջ պետութեանց եւ հաւաքականութեանց սովորութեան, հաստատէք տարբեր շքանշաններու համապատասխան յստակ եւ հրապարակուած չափանիշներ , եւ շքանշանները այսուհետեւ շնորհուին որեւէ թեկնածուիՙ պայմանաւ որ ան իր կոնկրէտ գործունէութեամբ լրացնէ այդ չափանիշներուն պահանջքները: Իսկ ես համաձայն եմ, որ մինչեւ այսօր տրուած շքանշանները վերագնահատուին եւ ջնջուին անոնք, որոնք չեն լրացներ չափանիշներու պահանջքները, եւ կամ ջնջուին բոլորն ալ:

Երրորդ եւ վերջին առաջարկ-օրինակս բարոյականին եւ արդարութեան նկատմամբ յարգանքը վերահաստատուած տեսնելու կապակցութեամբ, կը վերաբերի իմ պատկանած հայ աւանդական կուսակցութիւններէն ամենահին-ամենանորինՙ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, ՌԱԿ-ին:

Յարգելի պրն. Կարապետեան, նոյնիսկ եթէ անձնապէս Դուք պարագաներու բերմամբ անմիջականօրէն չէք առնչուած հայ աւանդական կուսակցութեանց գործունէութեանց հետ, շատ հեշտ է գտնել անոնց մասին պատմական կոնկրէտ տուեալներ: Ես կը խօսիմ եւ կը գրեմ որպէս ՌԱԿ-ի երկար տարիներու ղեկավար մը եւ յատկապէս մինչեւ 1995 Հայաստանի անկախացման առաջին տարիներուն անոր Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ ատենապետը: ՌԱԿ-ը պատմական տուեալներով անխոնջ եւ անսակարկ առաջնորդը եւ հայրենասիրութեան ջահակիրը եղած է յատկապէս Սփիւռքի մէջ եւ անվերապահ յենարան մը Էջմիածնակեդրոն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան:

Դժբախտաբար սակայն, անցնող տասնեակ մը տարիներուն ՌԱԿ-ը զոհը դարձաւ ներքին անիմաստ անհամաձայնութեանց, սակայն անձնապէս ու խորապէս քաջալերուած եւ ուրախ եմ տեսնելով, թէ վերջին մէկ տարուան շրջանին դրական եւ հիմնական նախաձեռնութիւններով աշխարհատարած ՌԱԿ-ի անդամակցութիւնը վերականգնումի մեծ աշխատանք մը տարաւ, միացնելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի իր անդամակցութեան ոյժերը անցեալ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած իր համաժողովով: ՌԱԿ-ը վերահաստատեց ինքզինք որպէս Հայաստանակեդրոն Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւն , Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներուն վրայ հիմնուած իր օրինական Կեդրոնական վարչութեամբ եւ համասփիւռքեան Գերագոյն խորհուրդով: ՌԱԿ-ը իր աշխարհատարած եօթը թերթերով եւ յատկապէս անգլիատառ ամենաազդեցիկ The Armenian Mirror-Spectator թերթով կը հանդիսանայ ամէնահաւատաւոր եւ յարգուած քաղաքական կազմակերպութիւնը, որ ինչպէս անցեալ հարիւր տարիներուն իր գործունէութեան ընթացքին այսօր եւս անշեղ կերպով կը գործէ յօգուտ հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:

ՌԱԿ-ի մասին այս երկար ներածականէն ետք Ձեր ուշադրութեան կ՛ուզեմ յանձնել, թէ այսօր տակաւին դժբախտաբար կայ փոքր անջատողական խմբակ մը ՌԱԿ-ին մէջ, որ կը մնայ անջատ այս մեծ շարժումէն եւ սակայն ինքզինք կը շարունակէ կոչել «ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւն»: Այս վերջինը չունի կանոնագրային օրինականութեան ոչ մէկ հիմք: Սակայն մեծ զարմանքով, յուսախաբութեամբ եւ դժգոհութեամբ ականատես ենք այն անհաւատալի երեւոյթին, որ, հակառակ իրենց տրուած բոլոր բացատրութեանց, Հայաստանի պետական օղակներ կը շարունակեն ինչ-ինչ պատճառներով տակաւին լուռ կամ բացայայտ կերպով զօրավիգ կանգնիլ այդ անօրինական խմբակին եւ անտեսել հայաստանակեդրոն եւ օրինական ՌԱԿ-ի հսկայ շարժումը: Ինչո՞ւ: Այս երկար նամակիս մէջ բարոյականի եւ արդարութեան հանդէպ յարգանք ցոյց տալու անհրաժեշտութեան օրինակներուն մաս կը կազմէ նաեւ այս պահանջը, որով պէտք է անյետաձգելիօրէն վերջ տրուի անընդունելի եւ անարդար այս կեցուածքին: Այս մասին կը սպասենք Ձեր պատասխանին:

Յարգելի եւ սիրելի պրն. Վարչապետ, Ձեր սքանչելի կոչը, բնականօրէն հրաւէր է նաեւ լուրջ եւ թերեւս դժուար իրագործելի ու սակայն անհրաժեշտ փոխադարձ շինիչ առաջարկներու: Հաճեցէք այս գրութիւնս ընդունիլ որպէս այդ:

Յարգանքներով եւ յաջողութեան մաղթանքներովՙ

ShareTweetShare
Նախորդ գրառումը

ՆԱՎԹԻ ԳՆԵՐԻ ՏԱՏԱՆՈՒՄԸ ԵՎ ԱՄՆ-Ի ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒՄԸ ԱՅԴ ՀԱՐՑՈՒՄ

Հաջորդ գրառումը

ՀԱՍՏԱՏՎԵԼ Է ՍՏԱՄԲՈՒԼԻ ԹՈՒԶԼԱ ՇՐՋԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Համանման Հոդվածներ

24 հոկտեմբերի, 2025

Խոսքն ու խրատը չեն կարող տեղ հասնել

24/10/2025
24 հոկտեմբերի, 2025

Մարդիկ հոգնել են առճակատումից

24/10/2025
24 հոկտեմբերի, 2025

Անկարան եվ Ադրբեջանի ու Իսրայելի միջեւ սողացող դաշինքը

24/10/2025
24 հոկտեմբերի, 2025

Հայաստանի ընդդիմությունը կորցրեց իր խորհրդանշական դեմքերից մեկին

24/10/2025
Հաջորդ գրառումը

ՀԱՍՏԱՏՎԵԼ Է ՍՏԱՄԲՈՒԼԻ ԹՈՒԶԼԱ ՇՐՋԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Արխիվ

Loading...
«Հոկտեմբերի 2025»
Երկ Երք Չրք Հնգ Ուր Շբթ Կիր
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  
« ՍեպտեմբերիՆոյեմբերի »

Վերջին լուրեր

Նորություններ

Հոկտեմբերի 27-ը ծանր դաս է այն մասին, որ պետականությունը պահպանվում է ոչ թե խոսքով, այլ պատասխանատվությամբ. «Միասնության թևեր»

27/10/2025

1999 թվականի հոկտեմբերի 27-ին խորհրդարանի դահլիճում հնչած կրակոցներով ոչ միայն կյանքից զրկվեցին պետականության խորհրդանիշ դարձած մարդիկ, այլև խոցվեց մեր պետության...

ԿարդալDetails

Ադրբեջանն Արցախի շրջափակումը ոչ միայն որպես զենք էր կիրառում, այլ այդ ընթացքում Արցախի դեմ ագրեսիա նախապատրաստում. Տիգրան Աբրահամյան

27/10/2025

Հայրենիքը, եկեղեցին, Սփյուռք – Հայաստան գործակցությունը պառակտելու լուրջ փորձեր են կատարվում. Արամ Ա Կաթողիկոս

27/10/2025

Իշխանությունները նոր «քայլ արեցին»՝ արժանանալով ողջ հայության դատապարտմանը և զայրույթին. Սամվել Կարապետյան

27/10/2025

Կալանավորված Հայաստան. Վահե Հովհաննիսյան

27/10/2025
logo-white1
“Վահան Թեքեյան” Սոցիալ-Մշակութային Հիմնադրամ
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։ Կայքի նյութերը տարածելիս հղումը կայքին պարտադիր է։

©2024 «ԱԶԳ» վերլուծական

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In

Add New Playlist

Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • «ԱԶԳ» շաբաթաթերթ, տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2025
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները

© 2025 «ԱԶԳ» վերլուծական