Երբ բան մը կը չափազանցուի, կը սկսի հակառակ իմաստ տալ, նոյնիսկ որեւէ օգտակար ճաշատեսակ, դեղ ու դարման, երբ կը չափազանցուիՙ կը սկսի վնաս տալ օգուտի փոխարէն:
Ս. Յարութեան տօնին նախորդող ոտնլուայի արարողութիւնը, որ խորհրդանշելու է Յիսուսի խոնարհութիւնն ու համեստութիւնը իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով, ընդունելի է իր գեղեցիկ պատգամին համար, նոյնիսկ եթէ եղածը զուտ ձեւական է (մաքուր, լուացուած ոտքը կրկին լուալը ի՞նչ իմաստ ունի. չեմ կարծեր որ ոեւէ դպիր աղտոտ ոտքերով ներկայանայ եկեղեցւոյ խորանՙ ոտնլուայի…):
Եկեղեցական աւանդութիւն… աւանդութիւնը կարեւոր մէկ շերտն է հաւատքին, եւ Քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները կը կիրառեն այս արարողութիւնը, սակայն Ս. Պապին արարքը զիս զարմացուց, նոյնիսկ ընդվզեցուց: Ի՞նչ է բարոյականը յանցապարտներուն ոտքերը լուալուն… Չեմ հասկնար, թէ ինչ պատգամեց Քահանայապետը, երբ բանտի մէջ ոճիրներու եւ ապօրինի գործարքներու հեղինակ, Իտալիոյ մաֆիայի անդամներուն ոտքերը լուաց, անոնց առջեւ խոնարհելով եւ անոնց ոտքերը համբուրելով…
Շատ չեղա՞ւ: Այս ծայրայեղութիւնը արդէն շատ մը հարցականներու դուռ կը բանայ: Ս. Պապը երբ յանցաւորի մը ոտքը կը համբուրէ, կը նշանակէ որ կը ներէ անոր արարքները (թէեւ հակառակը ըլլալու էրՙ յանցաւորը ի՛նք համբուրելու էր Քահանայապետին ոտքերը եւ թողութիւն խնդրելու էր), կը շրջանցէ արդարադատութիւնը, որ դատապարտած ու պատժած է այդ յանցագործները: Հիմա, այս ծայրայեղ վերաբերմունքին որպէս անդրադարձ, այդ յանցապարտները մեղայի կու գա՞ն, կը զղջա՞ն իրենց ըրածներուն համար, թէ՞ աւելի կը գօտեպնդուին, հաւատալով որ ինչ ոճիր ալ գործենՙ ներում կը ստանան:
Եկեղեցուոյ գլուխը ոեւէ եկեղեցականի անհնազանդութեան պարագային պատիժներ կը տնօրինէ, կը բանադրէ, մինչեւ իսկ կարգաթող կ՛ընէ զինք, մինչդեռ, ահա՛, յանցաւորին յարգանք կը մատուցուի. ուրե՞մն, երկու չափ, երկու կշի՞ռ…
Ես ոչ աստուածաբանութիւն ուսանած եմ, ոչ ալ շատ մխրճուած եկեղեցական խորհուրդներուն մէջ, սակայն որպէս պարզ անհատ չկրցայ ըմբռնել եւ արդարացնել եղածը: Գիտեմ, հիմա շատեր ինծի դաս տալու պիտի ելլեն, իրենք զիրենք աւելի բարեպաշտ քրիստոնեայ դասելով. թող ջանան հասկնալ ըսածս եւ յումպէտս չցնցուին:
Սուրիոյ պատերազմը կը շարունակուի ամենավայրագ ձեւով, դեռ արիւնները չչորցան հանրակառքերով տեղափոխուող ընտանիքներուն, որոնք զոհ գացին ահաւոր պայթումներու:
Հետեւելով Յիսուսի, կամ Պապի օրինակին, ի՞նչ ընելու է… համբուրելո՞ւ է անոնց արիւնոտ ձեռքերն ու ոտնաթաթերը:
Բարութիւնն ու ներողամտութիւնն ալ սահման ունին, այլապէս բարին իր կրաւորական, նոյնիսկ պարտուողական կեցուածքովՙ օժանդակած կ՛ըլլայ չարին չարագործութեանց: