Մարտի 27-ը թատրոնի միջազգային օր ընդունուած է եւ աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ, ուր թատրոն կայ եւ թատերասէր հասարակութիւն, օրը կը նշուի յատուկ տօնակատարութիւններով:
Պարերազմէն տակաւին դուրս չեկած վիրաւոր Հալէպն ալ նշեց այս տօնը, իր հինգ թատերախումբերու մասնակցութեամբ: Անշուշտ նշումը ձեւական չէր, ոչ ալ աւանդոյթ մը շարունակելու պարտաւորութիւն, այլՙ սիրով ու հաւատքով, որովհետեւ բոլոր միւս արուեստներէն տարբեր, թատրոնը մարդիկ իրար քով բերելու, միացնելու, համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ ընտանիքի մը տպաւորութիւնը ստեղծող միջավայր է, անջատ իր մէջ խտացնող ամենագեղեցիկ ու ամենադաստիարակիչ տարրերէն ու արուեստներու համագումար ըլլալու իրականութենէն:
Թատրոնի մէջ ու բեմի վրայ մարդիկ նոր դէմքերով կը ներկայանան, տարբեր իրենց իսկութենէն, սակայն, երբ բեմէն վար կ՛իջնեն, արդէն վերադարձած կ՛ըլլան իրենց անձին, զգեստները, դիմակն ու շպարը թողած վերը:
Քաղաքականութիւնն ալ թատրոն է. իմ համեստ կարծիքովս ամենամեծ թատրոնը, ուր ներկայացուածը երգիծա՞նք է, ողբերգութիւ՞ն, թէ տրամա՞, դժուար է կռահել… որուն բեմայարդակը ամբողջ աշխարհն է, իսկ դերակատարները բազմահազար քաղաքագէտներ, կամ անքաղաքագէտ իշխանատենչ հարուստ ու զօրաւոր մարդիկ, որոնք բեմայարդակի վրայ, թէ բեմայարդակէն վար, սովորութեան մը համաձայն, կամ դերակատարութեան պահանջքին ենթակայ, իրենց դիմակները չեն հաներ, որովհետեւ շատերու դէմքին սօսինձուած կ՛ըլլայ դիմակը եւ ենթական կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր իսկական ինքնութիւնը: Չէ՞ որ կ՛ըսուի, որ մէկը եթէ սուտ մը անընդհատ կրկնէ, ինք ալ կը սկսի հաւատալ իր յօրինած սուտին:
Կը դիտես աշխարհը կառավարող մարդիկը, երբ ժողովի մը առթիւ իրար մօտ կու գան, իրարու ձեռք կը սեղմեն, կը գրկախառնուին, կը համբուրուին, յաճախ չափազնցութեան երթալով, ինչպէս Հոլլանդն ու Մերգելը… Իրարու հետ սեղան կը նստին, կը ժպտին, կը խնդան, կը լուսանկարուին ու կը վերադառնան իրենց բոյները, նոր որոշումներ առած, բարեկամութիւնները աւելի ամրապնդած, նոր համաձայնութիւններ կնքած… Եթէ կարենաս թափանցել անոնց դիմակներէն ներս, ապա պիտի տեսնես անոնց իսկական դէմքը, գործի դրուած կեղծիքը, որը անշուշտ քաղաքական վարպետութիւն, կամ աչքբացութիւն կը նկատուի: Ես կը հաւատամ որ այդ մարդիկը իրենց տուներուն մէջ, իրենց կիներուն հետ ալ կեղծ կը վարուին, քանի կեղծիքը իրենց արեան մէջ անցած է:
Հիմա ձեր շուրջը նայեցէք եւ մտաբերեցէք մեր երկրի իշխանաւորներուն ու իշխանատենչերուն ելոյթները ընտրարշաւի օրերուն, անոնց դէմքերը փողոցային պաստառներու ու որմազդերու վրայ, անոնց ճառերը բեմահարթակներու վրայ, անոնց շռայլած խոստումները, ձեռքսեղմումները, երեխաները գգուելն ու համբուրելը… ու պիտի տեսնէք թէ այստեղ ալ նոյնն է, այստեղ ալ թատրոն է, թատերականացած քաղաքականութիւն է, եւ անշուշտ տարբեր չէր կրնար ըլլալ, քանի որ քաղաքականութեան հետեւող բոլոր դերակատարները միեւնոյն աղբիւրէն ջուր կը խմեն եւ ջուրին հետ ալ` գործընթացին սատարող վարպետութիւններ:
Թատրոնը, որպէս արուեստ հին Յունաստանէն, մինչեւ հին Հայաստան եւ ցայսօր, արուեստներու ազնուագոյնն է: Միայն թէ անոր մէջ քաղաքականութիւն չխառնեն, կամ աւելի ճիշդՙ քաղաքականութեան մէջ թատրոն չխառնեն: