«Փչան Թէոդորոս»ի մասին լսած էք անպայման, յոյն թատերագիր Տիմիթրի Բսաթասի նշանաւոր հերոսի անունն է «Ստախօս կ՛ուզուի» թատերգութեան մէջ: Արդէն այս անունը խորհրդանիշ դարձած է որոշ մարդիկ բնութագրելու համար:
Թէեւ ծանօթ է շատերուն, բայց աւելորդ չ՛ըլլար եթէ անգամ մը եւս ներկայացնեմ զինք: Ուրեմն խորհրդարանի երեսփոխաններու ընտրարշաւի ժամանակ թեկնածու մը խոստումներ կը շռայլէ աջ ու ձախ, որ իր ընտրուելէն ետք իր անուան քուէարկող իւրաքանչիւրին պահանջքը պիտի կատարէ:
Կ՛ընտրուի: Ու ահա այստեղ կը սկսի բուն գլխացաւը, երբ ընտրողներ ափ կ՛առնեն իր գրասենեակը եւ կը պահանջեն որ խոստումները կատարէ… Այս նեղ կացութենէն դուրս գալու համար վարպետ ստախօս մը կը փնտռէ, որպէսզի ան դիմաւորէ դիմորդներն ու օրօրէ զանոնք իր սուտերով, քանի որ երեսփոխանը անհնար է որ այդ խոստումները կարենայ կատարել: Կը յաջողի գտնել «շնորհաշատ» ստախօս մը, որուն անունը Թէոդորոս, կամ Տոթորոս է: Ահա՛ թէ ուրկէ կու գայ «Փչան Թէոդորոս» մակդիրը:
Փչան Տոթորոսը շատ յաջող կը կատարէ իրեն վստահուած պաշտօնը եւ մեղրածոր սուտերով կ՛օրօրէ դիմորդները, որ անպայման պիտի կատարուին իրենց տրուած խոստումները:
Ուրեմն հասկցաք թէ ինչի մասին է գրածս: Փչան Թէոդորոսներ միշտ ալ եղած են, կա՛ն եւ յաւէտ պիտի ըլլան, որպէս վահան ու ասպար իրենց տուած խոստումները յարգել եւ իրականացնել չկարողացող իշխանատենչ մարդոց:
Բան մը փոխուա՞ծ է այսօր… Հայաստանի մէջ ալ Ազգային ժողովի պատգամաւորական ընտրութիւններու ընտրարշաւին թեկնածուները աջ ու ձախ խոստումներ կը տեղացնեն, անոնք գիտեն թէ ժողովուրդը ինչերէ դժգոհ է եւ ինչեր ունենալ կ՛երազէ, եւ շատեր, մասնաւորաբար բարի, միամիտ քաղաքացիներ ու գիւղացիներ անմիջապէս կուլ կուտան այդ «շաքարները», որոնք յաճախ թղթադրամներու մէջ փաթթուած կը հրամցուին… մինչեւ որ շաքարը հալի իրենց բերաններուն մէջ եւ մէջտեղ ելլէ դառնահամ միջուկը: Յետո՞յ…
Յետոյ… Փչան Թէոդորոսները գործի կ՛անցնին, կամ ալ ընտրուողը ինք կը վերցնէ այդ դերը, որ նախօրօք իւրացուցած կ՛ըլլայ, քանի որ լարախաղացութեան «փչան»ութեան եւ «օրօր»ներու մասնագիտութիւնը մաս կը կազմէ գործընթացի վարպետութեան:
Եթէ մարդ հաւատայ թեկնածուներու նախընտրական ծրագիրներուն եւ տրուած խոստումներուն, ապա մէջտեղ կու գայ աշխարհի ամենաիտէալական երկիրը իր բացառիկ քաղաքականութեամբ, ազգային արժէքներով, տնտեսութեամբ, ընկերային կառոյցներով, խաղաղ, հարուստ, երջանիկ… Իսկական դրախտ…
Սակայն վախնամ այս «Դրախտ»ը տարանջատուի ու մէյ մը դրԱԽՏ ըլլայ, մէյ մըՙ դրԱԽՏ… Այսինքն անոր մէջի ԱԽ-ն ու ԱԽՏ-ը իրական ըլլան, քան ամբողջ բառը:
Չափաւոր խոստումներով, անկեղծ ու ազնիւ թեկնածուներ ալ կան հաւանաբար, փափաքելի՛ է որ ըլլան, որպէսզի միայն ժխտականը չտեսնենք, սակայն տեսնենք, կամ ոչ, անգիր գիտենք, որ այդպիսիներ այնքան հազուագիւտ են, որ ընդհանուր գորշութեան մէջ անոնց փայլքը չ՛երեւիր:
Անկեղծ-ազնիւներու ժամանակը ե՞րբ պիտի գայ: