Սուրիոյ պատերզամին հետեւանքով Թուրքիա «հաստատուած» շուրջ 2 միլիոն փախստականներու հարցը սկսած է լուրջ բեռ դառնալ Անքարայի համար:
Անցնող օրերուն արաբական մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ լուր տարածեցին այն մասին, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները սկսած են գործի դնել Հալէպի յատկապէս հիւսիսային աւաններուն մէջ բնակարանային համալիրներ կառուցելու երկու հիմնական ծրագիրներ:
Մինչ առաջին ծրագրին հիմամբ «Ալ Ռահի» (Հալէպէն 65 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող) շրջանին մէջ «պատրաստ են» 40 հազար բնակարաններ, անդին Ալ Պապ քաղաքին մէջ կառուցման ընթացքի մէջ են 11 հազար բնակարաններ:
Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին, նոյն շրջաններուն մէջ օգտագործման պիտի յանձնուին արդիական հիւանդանոցներ եւ վարժարաններ:
Նոյն առումով Անքարան «ապահովական զննում»ներ կը կատարէ այն փախստականներուն մասին, որոնք պատրաստ են Թուրքիայէն հեռանալ եւ ապաստանիլ այդ նորաստեղծ աւաններուն մէջ:
Տակաւին, բացայայտօրէն կ՛ըսուի, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն ենթակայ չեղող այդ շրջանները պիտի կառավարուին Թուրքոյ Քիլիս քաղաքի վարչական մարմիններու «հովանիով»:
Միջազգային բոլոր նորմերը խախտող այս վարքը նորութիւն չէ Թուրքիոյ պարագային: Դէպքի մասին կարճ վերլուծութիւն մը գրելով սուրիացի քաղաքագէտ Մոհամմատ Քամալ ալ Ջաֆի յայտնած է, թէ Անքարայի համար «ամէնէն սիրելի» շրջանը Հալէպն է ու անոր շրջակայ տարածքները: Ալ Ջաֆի պատմական զուգահեռ մը գծելով կը յայտնէ, որ Անքարա նոյն միջոցներով եւ դանդաղ ու երկարատեւ «ներթափանցումով»ՙ վերաբնակեցումով յաջողած էր իրեն կցել մինչ այդ Սուրիոյ «օրգանական» մասնիկը համարուողՙ Իսքենտերունը, Ալեքսանտրէթը, որ Թուրքիոյ «կը տրուէր» 1939-ին Ֆրանսայի հովանիով կատարուած հանրաքուէի մը հիմամբ (ուր թրքական կողմը գործի կը դնէր բացայայտ կեղծումներ):
Այդ ժամանակաշրջանին էր նաեւ, որ հայութեան կարեւոր հատուած մը ստիպուած եղած էր հեռանալ այսօր արդէն Հաթայ կոչուած մեզի յայտնի Ալեքսանտրէթէն:
Այդ օրերուն «Իսլամական պետութեան» խաղաքարտը չկար: Խաղացողներն ուրիշ էին, բայց մշտական ներկայութիւն եղողը Թուրքիոյ «հանրապետութեան» վարչակարգն էր:
Վերջին ամիսներուն Սուրիոյ շուրջ ընթացող բանակցութիւնները դանդաղ ու բաւական ձանձրալի ռիթմով կը շարունակուին:
Անքարան ամէն գնով կը փորձէ պահպանել «իրեն նախատեսուած» շրջանները եւ Օսմանեան կայսրութեան «հիւանդ մարդ»ը յիշեցնող քայլերով ապահովել իր գարշապարը սուրիական սահմանագծի երկայնքով տեղ-տեղ ինքնահաստատման փորձ կատարող քրտական ջոկատներէն:
Հակառակ իր «ախորժակներուն», Էրտողանի վարչակազմը, որ օրերս սուսերամարտի ելած է Պերլինի դէմ, կը գոհանայ հերթական սպառանլիքներով ու կը սպասէ Մոսկուա- Ուաշինկթըն վերջին «կանաչ լոյս»ին:
Թուրք մէկէ աւելի վերլուծաբաններ կը գրեն, որ իրենց բանակը նախկին «փայլ»ը չունի ու ատոր համար է նաեւ, որ «շաբաթներու հարց» հանդիսացող Ալ Պապը «Իսլամական պետութեան» ճիրաններէն «ազատագրելու» ճակատամարտը տեւեց հինգ ամիս:
Այսօր Անքարան կը խօսի քրտաբնակ Մընպէջ քաղաքի «ազատագրման» մասին: Ու դարձեալ գործի կը դնէ սպառնալիքի լեզուն:
Այս բոլորով մէկտեղ ուժի մէջ է բնակեցման նոր ծրագրիր մը, որուն շնորհիւ Անքարան մտադիր է հիմնելՙ «թուրքմենական աւաններ»:
Մտահոգիչ է տեղի ունեցածը, մանաւանդ երբ տարբեր պատասխանատու բեմերէ լսելի կը դառնայ Հալէպը վերականգնելու ծրագիրներու մը մասին:
Ներհայկական առումով ալ բաւական ակնառու է, որ մինչեւ այս պահը Հալէպը ոտքի հանելու լուրջ եւ պատրաստի ծրագիրներ չկան:
Եթէ Հալէպը պիտի վերադառնայ (բան մը որ բացառուած է) իր երբեմնի դերին, ապա հայութիւնը պարտաւոր է կրկին մտածել թրքական գործօնին մասին:
Գործօն մը, որ այսօր սկսած է ովասիսներ «աճեցնել» հայկական Հալէպէն ընդամէնը տասնեակ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող եւ բաւականին կասկածելի տարածքներու մէջ: