ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ազատ խօսքի ջատագով Ամերիկայի մէջ տեղեկատուական ցանցերը ատենը անգամ մը դուրս գալով իրենց երկիրն ու քաղաքականութիւնը թմբկահարող կարգախօսներէն, քօղարկուած կամ մշուշապատ իրադարձութիւններու աղօտութեան վարագոյրը բանալովՙ իրականութիւնները հանրութեան կը յանձնեն:Այսպէս, վերջերս New York Times ազդեցիկ թերթին մէջ լոյս տեսած երկարապատում գրութեամբ մը Scott Anderson բաւական համարձակ եւ յստակ պարզաբանումներ կ՛ընէ արաբական երկիրներու «գարնանային» ցնցումներուն մասին եւ մանրամասն նկարագրութիւններու կողքինՙ թիւերով կը խօսի:Այսպէս. 13 տարի առաջ ԱՄՆ-ի Իրաք ներխուժման հետեւանքով ցարդ 1.455.590 իրաքցի սպանուած է, ինչպէս նաեւՙ 4801 ամերիկացի զինուոր եւ 3487 զինուոր դաշնակից զօրամիաւորումներէն:Արաբական երկիրներու մէջ սանձազերծուած պատերազմները ցարդ արժած են $1.705.856.000.000 (մէկ թրիլիոն, եօթհարիւրհինգ միլիառ, ութհարիւրյիսունվեց միլիոն ԱՄՆ տոլար)…Իրաք ներխուժման, ապա արաբական երկիրներու մէջ պատերազմներ բռնկեցնելուն որպէս հետեւանք, մէջտեղ եկած են «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնն ու անոր նման ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններ: (Անշուշտ այդ ծայրայեղական կազմակերպութիւնները իրենք իրենց մէջտեղ չեն եկած…)Յանուն Իսլամի պաշտպանութեան եւ իսլամական կրօնի քարոզչութեան սիրոյն մղուած կռիւներուն զոհ գացածներուն 70%ը… իսլամներ են: (Պատկերացուցէք, իսլամը իսլամ կը սպաննէ յանուն Իսլամին…)Կը մտածեմ, այս եւ նման արձանագրուած եւ համաշխարհայնացած տուեալները ի՞նչ անդրադարձ կ՛ունենան երկիրներու ղեկավարութեանց վրայ, ոճրագործին եւ զոհին վրայ, ընթերցողներուն վրայ:«Արաբական գարունի» առաջին «ծաղիկները»ՙ Թունուզն ու Եգիպտոսը, համեմատաբար շուտ խաղաղեցան, առաջինը այդ թէժ տարածաշրջանին մէջ մեծ նշանակութիւն չունէր, իսկ Եգիպտոս երկու իշխանափոխութեանց պարագային ալ շարունակեց աւանդական տուրք տալու ձեւը առ որ անկ է: Լիպիան դեռ տակնուվրայ է, Եմէնըՙ կրակներու մէջ, Սուրիան… անոր վիճակը նկարագրելու համար յարմար բառեր կը պակսին: Ցնցումի ենթարկուելու նոր թեկնածուներ կը նշմարուին հորիզոնին վրայ. վերի թիւերը ենթակայ են աւելնալու եւ բազմապատկուելու…Այս բոլորէն տեղեակ ըլլալէ ետք, հիմա, միամիտօրէն հարց մը տանք, թէ այսքան մարդ յանուն ինչի՞ կը սպաննուի, այսքան երկիրներ յանուն ինչի՞ կը քանդուին, կամ այսքան հսկայ գումարներ ուրկէ՞ կը ծախսուին…Դեռ աւելի միամիտ, նոյնիսկ անմիտ բաներ չըսէք յանկարծ, թէ այս ծովածաւալ դրամով քանի անօթի երկիր կը կշտանար, կամՙ քանի հազար համալսարան ու դպրոց կը կառուցուէր, կամ քանի հազար գիւղ ու քաղաք կը լուսաւորուէր…Այսպիսի անմեղ հարցումները կամ առաջարկները ոմանց կողմէ ձեզ մեղաւոր կը դարձնէին եւ ձեզ խենթի տեղ կը դնէին: Ի՞նչ է, լուսնի վրա՞յ կ՛ապրիք, թէ՞ չէք գիտեր որ այս ամէնը «վերէն» հրահանգուած է եւ դուք ընդդիմանալու իրաւունք չունիք, աւելի ճիշդՙ անոր դէմ կենալու կարողութիւն չունիք: Իսկ այդ «վերէն» ըսուածը մերթ «Աստուծոյ ընտրեալն» է, կ՛ըսեն, մերթ Լուսաւորեալքն (Illuminati) են կ՛ըսեն, մերթ ալ այլմոլորակայիններն են, կ՛ըսեն: Այսինքն, բոլորն ալ Աստուծոյ «դեսպաններն» են, եւ ուր Աստուած կը գործէ, հոն մեզի պէս մարդիկ գործ չունին: |