Յիսուն տարի առաջ էր կարծեմ, երբ Հալէպ այցելող եգիպտահայ ակումբի մը անդամներուն մէջ սեւամորթ մը տեսայ, որուն համար հայ է ըսին: Հիմա կը դժուարանամ նկարագրել շշմած վիճակս, երբ լսեցի նաեւ անոր մաքուր հայերէն խօսիլը: Մտքիս ծայրէն իսկ չէ անցած, որ կրնայ սեւամորթ հայ ալ ըլլալ աշխարհի վրայ: Յետոյ, կամաց-կամաց համոզուեցայ, որ Ափրիկէի մէջ, Եգիպտոս, Սուտան, կամ Եթովպիա, ուր հայեր կ՛ապրին, կրնայ պատահիլ որ անոնցմէ մին սիրահարուի եւ սեւամորթ կին մը առնէ եւ անշուշտ, որպէս գերակշռող զօրաւոր գոյն, զաւակներն ալ սեւամորթ ըլլան, կամ թխագոյն:
Անցեալները դիմատետրին (Ֆէյսպուք) մէջ հայկական տարազով հայ ընտանիքի մը նկարը բաւական խօսքի եւ մեկնաբանութեանց առիթ տուաւ, քանի որ հայրը սեւամորթ էր եւ իրենց երախան ալ թխագոյն: Անդրադարձները զանազան եւ զարմանազան էին, «Ի՞նչ կ՛ըլլայ, ի՞նչ վնաս ունի»-էն, մինչեւ «Սխալ է, հայը հայու հետ պէտք է ամուսնանայ»ն:
Այս նիւթը զիս հետաքրքրած է միշտ եւ յաճախ դասարանին մէջ աշակերտներուս վիճաբանութեան եւ շարադրութեան նիւթ դարձուցած եմ զայն: 15-16 տարեկան պարման-պարմանուհիներուն գերակշիռ կողմը «Ի՞նչ կ՛ըլլայ, ի՞նչ վնաս ունի»-ի կողմնակից եղած են սկիզբը, ապա, երբ քանի մը դասապահ այս նիւթը ծեծած ենք, կամաց-կամաց սկսած են հասկնալ, որ երկու տարբեր միջավայրէ, տարբեր մշակոյթով, տարբեր հաւատալիքով, տարբեր ըմբռնումներով ու տակաւին տարբեր կենցաղով մարդիկ կրնան ապագային բախումներ ունենալ իրարու հետ, երբ մէկն ու մէկը զիջող չէ ու հարցը կրնայ բարդանալ եւ ընտանիքը կրնայ երկփեղկուիլ:
Վիճաբանութեանց աւարտին, երբ շարադրութիւնները հաւաքած եւ կարդացած եմ, տեսած եմ որ նժառը միւս կողմ յակած է, եւ մեծամասնութեան մէջ խօսած ըլլալով ազգային ջիղը, ճիշդ գտած են, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, որ գոյատեւելու համար բացառապէս հայ ընտանիք կազմելը, քանի հասկցած են, որ ընկերութեան մը հիմնաքարը ընտանիքն է եւ հայ հսարակութեան հիմնաքարն ալ հա՛յ ընտանիքն է:
Հայաստանի մէջ այս հարցը սփիւռքահայու ակնոցով չի դիտուիր: Տեղացիներուն համար, մասնաւորաբար խորհրդային տարիներուն, ռուսերու, վրացիներու, հրեաներու հետ երկկողմանի ամուսնութիւն կնքողներ եղած են, անոնք ձուլումի վախ չեն ունեցած, քանի իրենց հողին վրայ են, եւ ինչ ալ պատահիՙ հողը իր պաշտպանողական դերը ունի:
Հայաստանի անկախացումէն ետք, շատ մը փոփոխութիւններու շարքին, ակնյայտ է որ օտարներու հետ ամուսնութիւններ գրեթէ չկան: Հայրենասիրական, ազգասիրական զգացումները շատ աւելի յստակացած են, թօթափելով նախկին անտարբերութեան փոշիները:
Այս բոլորով հանդերձ, չենք կրնար ժխտել, որ եղած են խառն ամուսնութիւններու բացառիկ պարագաներ, ուր օտար կինը, կամ ամուսինը ոչ միայն դէմ չէ եղած, այլ օժանդակած է, որ ընտանիքը հայաբոյր ըլլայ, զաւակները հայ մեծնան ու ընտանեօք նուիրուին հայանպաստ գործերու: Այո՛, եղած են այսպիսի պարագաներ, սակայն բացառութիւնները օրէնք չեն կազմեր:
Վերադառնալով վերեւը յիշուած նկարին, ըսենք եւ յուսանք, որ միայն տարազով ու արտաքին տեսքով չբաւականան, այլ իսկապէս եւ համոզումով հայ ընտանիք կազմեն: