Երեւանի մէջ գրեթէ ամէն փողոցի վրայ գրաւատուն կայՙ «լոմպարտ»: Ոսկեղէններ, կամ սեփական ինքնաշարժ գրաւի դնելով, մարդիկ բարձր տոկոսով դրամ փոխ կ՛առնեն եւ եթէ ժամանակին չմարեն իրենց պարտքը, կամ ուշանան, գրաւատունը իրաւունք կ՛ունենայ գրաւի դրուածը իւրացնելու…
Երեւոյթով անմեղ, նոյնիսկ օգտակար գործարք կը թուի, սակայն մարդոց վզին անցած կանթ մըն է, որ պարտատէրը կը ստորնացնէ եւ երբեմն ալ ընտանիքներ կը քայքայէ ու տուներ կը քանդէ:
Այս հաստատութիւններուն առատութիւնը աղքատութեան ցուցանիշ է: Երբ դրամի համար մարդ իր կամ իր կնոջ նուիրած ոսկեղէնները գրաւի տակ կը դնէ, զանոնք կորսնցնելու վտանգը աչքը առնելով, արդէն սնանկանալու դռան շեմին կանգնած կ՛ըլլայ, ինչպէս ժամանակին կը պատահէր վաշխառուներու հետ, երբ մարդիկ իրենց սեփական կալուածները գրաւի տակ կը դնէին:
Դրամի անհրաժեշտութիւնը օգտակար նպատակի համար, նոր գործ ձեռնարկելու, կամ առեւտրական գործարք մը ընելու, հասկնալի է, սակայն երբեմն այդ քաշուած գումարները ոչ-անհրաժեշտ, կամ նոյնիսկ կասկածելի նպատակներու համար կ՛ըլլան, ըսենքՙ Ամանորի փառաւոր սեղան զարդարելու, բազմատեսակ ուտելիքներով ու խմիչքներով, կամ հարսանեկան խրախճանքի համար վարձելու ամենաշքեղ ճաշարան-զբօսարանը, նոր ինքնաշարժ մը գնելու, կամ երկրէն հեռանալու ճանապարհածախսի համար, ապա այդ պարագային կուտակուող տոկոսներու տակ կքելովՙ աղէտի դռներ կը բացուին: Ունի՞ս, ըրէ՛, չունի՞ս, մի՛ ըներ: Ցուցամոլութենէ մղուած, մարդիկ առանց հետեւանքը մտածելու, ճակատագրական քայլեր կ՛առնեն, որոնց համար վերջէն զղջալը օգուտ չ՛ունենար:
Այդ գրաւատուներուն կողքին կան նաեւ ուրիշ «գրաւատուներ», ձեւով մը վիճակախաղի կեդրոններ, ուր երիտասարդներ աշխարհի մէջ ընթացող զանազան մարզական խաղերու արդիւնքներուն վրայ գրաւ կը դնեն: Եթէ իրենց կանխատեսած խաղի արդիւնքը ճիշդ ըլլայ, իրենց գրաւի դրած գումարին բազմապատիկը կրնան շահիլ… Գրաւիչ բան է, սակայն մեր գիտցած «խումար»ն է, որ դարձեալ վտանգաւոր է ու աղետաբեր:
Բախտախաղը գրաւիչ է, շահելու յոյսը կը մղէ մարդոց որ նետուին այդ սարդոստայնին մէջ ու ճանճի պէս բռնուին: Հարուստին համար ժամանց է, կորսնցուցածին համար շատ չ՛ափսոսար, սակայն չունեւորը, որ ունեցածը ամբողջ կորսնցնէ, այն ատեն վրայ կը հասնի աղէտը: Մոլութիւնը կը մղէ կարգ մը մարդոց որ կատաղի կերպով շարունակեն, միշտ յուսալով, որ յաջորդ անգամ պիտի շահին: Պատահած են դէպքեր, ուր երբ գրպանի դրամը վերջացած է, խաղամոլը գրաւի դրած է ժամացոյցը, տան մէջի իրերը, երբեմն նոյնիսկ տունը, իսկ ամէնէն ահաւորը, որ ես լսած եմ ենթակայէն, խաղամոլ մը երբ կորսնցուցած է ամէն ինչ, գրաւի դրած է սեփական… կնոջը, աւելի ճիշդՙ կնոջ պատիւը… Կրնա՞ք երեւակայել:
Գրաւը, տոկոսով անիմաստ վարկերը, բախտախաղը, թմրամոլութիւնն ու այլ տեսակի մոլութիւններ ընդհանրապէս թեր-զարգացած, աղքատիկ միջավայրերու մէջ բոյն կը դնեն ու կը տարածուին: Պետութիւնը աչալուրջ հսկելու է, որ այսօրինակ գործերու ձեռնարկատէրերը իրենց հարստութիւնը չհիմնեն մարդոց դժբախտութեան վրայ, իսկ ժողովուրդին ալ անհրաժեշտ է օգնել, որ ստիպուած չըլլայ այդ սարդոստայններուն գիրկը նետուելու:
Այս զգուշացում-ահազանգը ծնողներուն է առաւելաբար, որպէսզի հսկեն իրենց զաւակներուն արտատնային եւ արտադպրոցային ժամերուն վրայ, որպէսզի անոնք մոլութեանց գիրկը չիյնան եւ իրենք ալ յետոյ ծունկ չծեծեն: