ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
ԴՈԿՏ. ՆՈՒՊԱՐ Գ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Գահիրէ, Սեպտեմեր 25, 1922 – Պոստոն, Նոյեմբեր 23, 2016
Հայ Դատը ո՛չ միայն ազգային կուսակցութեանց նպատակներուն գլուխը կը գտնուի, այլ պէտք է գլուխը գտնուի ամէն հայու հետապնդած ազգային նպատակներուն:
Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան
ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԸ
Նուպար Պէրպէրեան ծնած է սեպտեմբեր 25, 1922-ին, Գահիրէի մէջ, արաբկիրցի ծնողքէ` Գէորգ Մ. եւ Արեգնազ Պէրպէրեան: Իր հայեցի կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի հայաշատ արուարձան Հելիոպոլսոյ Նուպարեան ազգային վարժարանին մէջ, նախակրթարան մը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է: Հայրը եղած է տնօրէնը Գահիրէի հանրային փոխադրակարգերու (թրամուէյ) ընկերութեան:
Ֆրանսական պաքալորէայի առաջին եւ երկրորդ մասերու (փիլիսոփայութիւն) քննութիւնները յաջողութեամբ անցընելէ ետք, հետեւած է իրաւագիտութեան, որուն «լիսանս»ը ստացած է 1944-ին: Նոյն տարուան մէջ, իբրեւ փաստաբան արձանագրուած է եգիպտական Խառն դատարաններու մօտ, ապա, 1949-ին, անցած է եգիպտական Ազգային դատարաններ:
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՓԱՐԻԶԷՆ
Իրաւագիտութեան դոկտորի երկամեայ շրջանը բացառիկ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, միջազգային իրաւագիտութեան ճիւղին Տոքթորայի աւարտագիրը ներկայացուցած է 1947-ին, Փարիզի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան ֆաքիւլթէին մէջ, իբրեւ նիւթ ունենալով «Ապահովութեան Խորհուրդը – Անոր հիմնական տարբերութիւնները Ազգային Ընկերութեան խորհուրդին հետ» եւ իբրեւ աւարտաճառի նախագահ` Լա Հէյի Միջազգային ատեանի նախագահներէն եւ միջազգային օրէնսգիտութեան աշխարհահռչակ հեղինակաւոր դէմք Փրոֆ. Ժորժ Սէլը, որ յետ յաջողութեան իրեն առաջարկած է այդ ատեանին մէջ պաշտօն, զոր Նուպար անվարան մերժած է, հայ ժողովուրդին ծառայելու առաքելութիւնը նախընտրելով այդ դիրքէն:
1947-1948-ին, յաջողութեամբ աւարտած է Փարիզի համալսարանի լրագրութեան դասընթացքները:
ԱՆԽՈՆՋ ԽՄԲԱԳԻՐԸ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ
1941-ի գարնանային գեղածիծաղ օր մը, պաշտօնի կոչուած է իբրեւ օգնական-խմբագիր Գահիրէի ՌԱԿ «Արեւ» օրաթերթին, որ այդ թուականին լոյս կը տեսնէր Վահան Թէքէեանի խմբագրապետութեամբ:
1942-ին Նուպար կը միանար ՌԱԿ-ի շարքերուն: Աւելի ուշ ստանձնած է վարիչ քարտուղարութիւնը Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան, որուն ատենապետն էր Միհրան Տամատեանը, իսկ անդամները` Վահան Թէքէեան, Էօժէն Բաբազեան եւ ռամկավար այլ ղեկավարներ:
1947-ին ստանձնած է Փարիզի «Ապագայ» երկլեզուեան (հայերէն ու ֆրանսերէն) շաբաթաթերթին, 1948-1958` Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին, 1958-1960` Ֆրեզնոյի «Նոր Օր» եռօրեային եւ 1961-1982` Պոստոնի «Պայքար» օրաթերթին խմբագրապետի պատասխանատու պաշտօնները: 1960-1961-ին վարած է կուսակցութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան վարիչ քարտուղարութիւնը:
1982-էն ի վեր, հակառակ հանգստեան կոչուելուն, ան կը շարունակէր իր աշխատակցութիւնը բերել ռամկավար ազատական մամուլին եւ յատկապէս` Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին, Մոնթրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթին Երեւանի «Ազգ» օրաթերթին եւ Լոս Անճելըսի «Նոր Օր» շաբաթաթերթին: Գրած է նաեւ` Լոս Անճելըսի անկախ շաբաթաթերթին` «Նոր Կեանք»ին, մինչեւ անոր փակումը 2013-ին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՅԼ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Պէրպէրեան 1950-ին հոգաբարձու նշանակուած է ա՛յն ազգային վարժարանին մէջ, ուր սորված է իր այբուբենը: Աւելի ուշ նշանակուած է եգիպտահայ Ուսումնական խորհուրդի անդամ:
1941-ին անդամակցած է Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ առաջին հերթին ստանձնած է Պէյրութի ՀԵԸ-ի Հայ համալսարանական ուսանողներու միութեան վարչութեան ատենադպրութիւնը: Այդ օրերուն սիրալիր գործակցութիւն ունեցած է Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի եւ Հայկաշէն Ուզունեանին հետ: Գահիրէ, Փարիզ եւ Պէյրութ, անդամակցած է զանազան մշակութային միութիւններու: 1947-էն սկսեալ անդամակցած է եգիպտական Փաստաբաններու կաճառին, իսկ 1950-էն եգիպտական Մամուլի ընկերակցութեան: Պատկանած է Ազատ որմնադրութեան միջազգային կազմակերպութեան «Անի» օթեակին:
Եղած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան վաստակաւորներու հիմնադրամին ատենապետը, այն օրէն ի վեր, որ անոր հիմնադիրը` Հրաչ Երուանդ, հրաժարած է առողջական պատճառներով: Նուպարով ալ հիմնադրամը դադրեցաւ ծառայելէ իր վաստակաւորներուն:
1958-ի սեպտեմբերին ժամանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ իր մօր հետ:
Կուսակցական առաքելութեամբ այցելած է զանազան շրջանակներՙ Քանատա, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա ու Աւստրալիա: Մասնակցած է ՌԱԿ-ի ընդհանուր պատգամաւորական քանի մը ժողովներու որպէս պատգամաւոր:
Խորհրդային Հայաստանի յիսնամեակին` 1970-ին, մաս կազմած է սփիւռքահայ պատգամաւորներու խումբին:
ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԷՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Հիմնադիրներէն եղած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի շրջանակին, որուն Կեդրոնական վարչութեան որպէս ցկեանս անդամ ծառայած է առաջին օրէն սկսեալ: Դիւանի անդամն ու ատենադպիրը եղած է անոր: Թէքէեանի կազմակերպած գրական թէ մշակութային զանազան հանդիսութեանց որպէս գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած է զանազան մասնաճիւղերէն` Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Նիւ Եորք, Պոստոն, Լոս Անճելըս:
ԳՐԱԿԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ
Գրած է շուրջ տաս հազար խմբագրականներ եւ հարիւրաւոր նորավէպեր ու տասնեակ մը թատերախաղեր` Բիւրակն գրական անունով:
Դժբախտաբար, իր գործերը չեն ամփոփուած հատորի մը մէջ, այլապէս Պէրպէրեանէն կարելի է ունենալ հաստափոր քանի մը հատոր, ուր արձանագրուած պիտի ըլլային ամբողջ շրջանի մը ազգային կեանքի անցուդարձերն ու դէպքերըՙ իրենց յուսախաբութիւններով ու յաջողութիւններով:
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
1981 նոյեմբերի 27-ին Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Թ.Մ.Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղերը կազմակերպեցին մեծարանքի հանդիսութիւն մը Պէրպէրեանի ազգային-հասարակական կեանքի եւ խմբագրական վաստակի 40ամեակի առթիւ: ՀԲԸՄի Սետըլ Պրուքի (Նիւ Ճըրզի) կեդրոնին մէջ, նախագահութեամբ Ամերիկայի Հայոց առաջնորդ Թորգոմ արք. Մանուկեանի եւ ներկայութեամբ ՀԲԸՄի ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանի: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը մտաւորականներու, եկեղեցականներու, արուեստագէտներու եւ գաղափարի ընկերներու:
Խօսք առին յոբելեարին գաղափարի ընկերները` Մ. Հայկենց, Երուանդ Ազատեան, Անդրանիկ Լ. Փոլատեան, դոկտ. Գրիգոր Մագսուտեան, տոքթ. Գէորգ Քեշիշեան, տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան: Ինչպէս նաեւ` Թորգոմ Սրբազան եւ Ալեք Մանուկեան:
Պարգեւատրուած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Հայրապետէն «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով: Մայիս 22, 2012-ին Պոստոնի մէջ Պէրպէրեան պարգեւատրուած է նաեւ Հ. Հ. նախագահին «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: Տուչութիւնը կատարուեցաւ քաղաքի Հայոց ժառանգութեան այգիին բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին, ուր ներկայ էին Մեսեչուսէցի կառավարիչ Տիւվալ Փաթրիք, Պոստոնի քաղաքապետ Թոմ Մինինոյ, քոնկրեսմէն Էտուըրտ Մարք, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան: Յանուն նախագահին շքանշանը յանձնեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան:
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Թորգոմ արք. Մանուկեան (Նիւ Եորք). «Մեր ինքնութեան, մեր ձգտումներուն գլխաւոր ազդակ համարուող հրատապ հարցերը մշտական օրակարգի վրայ բերելու, ձեւաւորելու եւ համակարգելու համար եռանդուն եւ անխոնջ գործած է Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան ամբողջ չորս տասնեակ: Եւ այդ ցայտուն ընդունակութեամբ ալ հայ հրապարակագրութեան աւանդները գիտակցութեամբ կիրարկելով` ներշնչած, խանդավառած եւ յուսադրած է իր խմբագրած թերթերու ստուար ընթերցողները»:
Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան (Պէյրութ). «Իրապէս փշոտ էր ընտրած ճանապարհը: Յաղթահարելու համար արգելքները, անհրաժեշտ էր զօրացնել հաւատքը գործին հանդէպ, վճռականութիւնը եւ կամքը տոկալու եւ շարունակելու համար աշխատանքը»:
Հայկաշէն Ուզունեան (Փարիզ). «Քառասուն տարիներ շարունակ, առանց ընդմիջումի ան մնաց պատնէշի վրայ, տեսաւ, ապրեցաւ, ուսումնասիրեց ու գրեց հայ մարդուն համար: Ան բարոյական իր սկզբունքներուն անխախտ համոզումովը ուզեց աւելի լաւը, աւելի առողջը կերտելՙ հաւաքական մեր շահերուն հետամուտ»:
Անդրանիկ Անդրէասեան (Լոս Անճելըս). Նուպար Պէրպէրեանի խառնուածքին ամենէն տիրական տարրը` իր համոզումներուն բիւրեղացած ու ծաւալուն ամրութիւնն է, – հայ ազգային, ընկերային ու նաեւ մարդկային կարիքներու եւ ձգտումներու մէջ»:
Անդրանիկ Լ. Փոլատեան (Նիւ Ճըրզի). «Պարտաճանաչ խմբագիրը` որ իր ամենօրեայ պարտականութիւնը խղճմտօրէն կը կատարէ եւ միշտ կը յարգէ իր աշխատանքի ժամերը, բարձր գիտակցութիւն կը ցուցաբերէ իր պաշտօնին նկամամբ եւ խորհրդապահութեան կնիքին տակ կ՛առնէ իրեն վստահուած գաղտնիքները»:
Երուանդ Ազատեան (Տիթրոյթ). «Գահիրէի կամ Աղեքսանդրիոյ ընտրական միթինկներուն մէջ պէտք է տեսնէիր զինք, – կ՛ըսէր յաճախ կինս` Նորան, որ աւելի երկար ատեն ճանչցած էր զինք – առի՛ւծ կը կտրէր բեմերու վրայ եւ ժողովուրդը իր ուսերուն վրայ կը տանէր զինք»:
Զարեհ Մելքոնեան (Սաութֆիլտ). «Հայ հրապարակագրական մամուլը առաջին օրէն իսկ եւ միշտ` փշապսակ մը զետեղած է միայն` իր ամենէն ազնուական սպասարկուներուն իսկ գլխուն: Բայց այդ փշեպսակը եղած է ա՛լ աւելի անգութ` մանաւանդ կուսակցական խմբագիրին պարագային: Պէրպէրեան հաւատարիմ մնալով հանդերձ իր հիմնական ուղղութեանՙ ազատ մտածողութեան ջատագով եղած է»:
Համբարձում Պէրպէրեան (Ուոթըրթաուն). «Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան, իբրեւ ղեկավար դէմքերէն Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, իր համոզումները պաշտպանած է խիզախօրէն, առանց ազդուելու միջազգային քաղաքական աննպաստ պայմաններէն»:
Ալեք Գլըճեան (Սանթա Մոնիքա). «Հոգեմաշ, տարապահար աշխատանքի լուծին տակ կքող ուղտերը նախանձով կը դիտեն զինք: Փոքրակազմ մարմինը` արոյրէ՛, բարձրաթիռ միտքը` կայծքարէ՛, ու յորդուն սիրտը` հայ գրին ու ոգիին անխորտակ տարրերով ուռճացած, դարբներ են Պէրպէրեան Նուպար կոչեցեալ այս մարդը: Ան կը վազէ` չի յոգնիր, – կ՛աշխուժանայ. կը գրէ` չի հատնիր, – կը ծաւալի. կը բանախօսէ` չի պարպուիր, – կ՛աճի, կ՛ուռի, կը շատնա~յ: Իր զայրոյթը ժպիտով կը պարուրէ. կոպտութիւն չկայ իր կրպակին մէջ»:
Եղաւ հայ խմբագիր, հակառակ նիւթական ու գործնական բոլոր դժուարութեանց, հայ ոգին պաշտպանեց ամէն օր, Հայ դատի շունչը արծարծեց, եւ Մեսրոպի հանճարէն շող մը ղրկեց իր ընթերցողներուն, հայ թերթը դարձնելով գաղափարի ընկերը, դաստիարակն ու լրատուն հայ մարդուն:
Այս սրբազան առաքելութիւնը հաւատաւոր նուիրումով մը եօթանասուն տարի կիրարկուեցաւ Նուպարին կողմէ, որ իր ճարտար գրիչին միացուց բեմբասացի բացառիկ շնորհ մը. եւ այդ առաքելութիւնը տարաւ ոչ միայն բեղուն գրիչով, այլեւ իր անսպառ շունչով, անխորտակելի կամքով եւ զանգուածները շարժելու իր զօրութեամբ:
Գաղափարի այս նուիրեալը, ազգային պայքարներու այս վաստակաւորը, օժտուած էր նաեւ կարգ մը հազուագիւտ շնորհներով, որոնք աննկատ պէտք չէ մնան. անոնցմէ մէկը եւրոպական նուրբ զուարթախոհութիւնն է, որ միշտ համեմեց Պէրպէրեանի լրագրական սիւնակները, նոյնքան նաեւ բեմական ու անձնական մտերիմ խօսքը:
Պէրպէրեանի ֆրանսական բարձր ուսումը եւ անոր ընկերացող հիւմըրը այնքան ալ գնահատուած ապրանքներ չեղան ամերիկահայ գաղութին մէջ, ուր ֆրանսական մշակոյթի ծանօթ անձերը մատի վրայ կարելի է համրել: Անոր համար ալ ան ապրեցաւ cultural shock իր Ամերիկա ոտք կոխած առաջին օրէն իսկ:
Վերջապէս, անկասկած այն լայն ու զգայուն սիրտն է, որ միշտ կը բաբախէ իր ազգին, իր հայրենիքին համար, իր գաղափարի ընկերներուն ու մտերիմներուն համար:
Ընտանիք չկրցաւ կազմել հակառակ իր տաքուկ սրտին:
Կարճ հիւանդոըթենէ ետք մահացաւ Պոստոնի մէջ, 23 նոյեմբեր, 2016-ին: