Բժ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ, Գերմանիա
17 տարի առաջ Նաիրի Հունանեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը ահաբեկիչներ ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս խուժեցին եւ գնդակահարեցին ՀՀ գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութեան առաջին դէմքերը, սպաննեցին Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, փոխնախագահը, նախարարներ ու պատգամաւորներ, ընդամէնը ութ հոգի, վիրաւորեցին այլ պատգամաւորներ ու նախարարներ:
Ահաբեկչութենէն ժամեր անց ՀՀ օրուան նախագահըՙ Ռոպէր Քոչարեան, դէմառդէմ հանդիպում մը ունեցած էր գլխաւոր ահաբեկիչ Նաիրի Հունանեանի հետ, որմէ ետք ահաբեկիչները կամովին զինաթափուեցան եւ ձերբակալուեցան: Այդ արիւնալի դէպքին մասին, այդ օրերուն հասարակական ու քաղաքական շրջանակներու մէջ շատ մը հարցականներ, կասկածներ ու շշուկներ կային, սակայն այդ կասկածներն ու շշուկները չլուսաբանուեցան: Ոճրագործութեան դատական նախաքննութիւնը աւելի քան մէկ տարի տեւեց, դատավարութիւնը սկսաւ յունուար 2001-ին եւ տեւեց 3 ամիս, պետութեան առաջին դէմքերը դաժանաբար գնդակահարող ու սպաննող ահաբեկիչները դատապարտուեցան ցմահ ազատազրկման:
Ոչ ոք համոզուեցաւ, որ ահաբեկիչները այդ դաժանագոյն ոճրագործութիւնը ինքնուրոյն եւ առանձին գործած են:
27 հոկտեմբեր 1999 Խորհրդարանի այդ արիւնալի դէպքը Հայաստանի պետականութեան եւ ժողովրդավարութեան դէմ անգթօրէն գործուած, ներքին մութ ծալքեր ունեցող միանշանակ ոճրագործութիւն մըն էր:
Այդ ոճրագործութիւնէն 17 տարի անցաւ, սակայն արիւնալի այդ դէպքը դեռեւս կատարելապէս չէ բացայայտուած, ո՛չ դատարանը եւ ոչ ալ նախաքննութիւները չեն կարողացած հարցին վերջնական պատասխանը տալ, թէ արդեօք ահաբեկիչները ինքնուրո՞յն գործած են, թէ՞ անոնց ետեւը մութ խմբակ մը, կամ անձեր եւ կամ երկիրներ կանգնած էին:
Հոկտեմբեր 27-ի կասկածեալ յանցաւորներէն եւ վկաներէն ոմանք ինքնասպան եղան, ոմանք վաղաժամ ու կասկածելի ձեւով մահացան, որոնց մահուան պատճառներու դատաբժշկական բացատրութիւնները համոզիչ չէին եւ մնացին կասկածելի, իսկ անոնցմէ մէկն ալ արկածի ենթարկուեցաւ:
Տարիներու ընթացքին հոկտեմբեր 27-ի դէպքին դատաքննութիւնը պարզապէս անձեռնմխելի դարձած է եւ կը շարունակէ չբացայայտուած մնալ:
27 հոկտեմբեր 1999-ի դէպքը մեր պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս մութ ու խորհրադաւոր էջերէն մին, որուն մասին բան իմացողը կը լռէ, իսկ չիմացողը կը սիրէ տարատեսակ կարծիքներ յայտնել ու շշուկներ տարածել: Մինչդեռ այդ դէպքը ճակատագրական նշանակութիւն ունի մեր պետականութեան ու մեր ազգին համար: Եթէ այդ դէպքը չապրէինք, թերեւս այսօր ուրիշ Հայաստան մը կրնայինք ունենալ:
Ամէն տարի Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայ աշխարհի մէջ վերյիշելով հոկտեմբեր 27-ի նահատակներու բարի յիշատակը` կը մատուցանենք մեր յարգանքի տուրքը:
Աստուած անոնց հոգիները լուսաւորէ, նաեւ մեզ… լուսաբանէ: