ԻԿՈՐ ՏՈՐՖՄԱՆ-ԼԱԶԱՐԵՎ
Հայոց աշխարհը ինծի համար Կասպից ծովեզերքէնՙ Պաքուէն սկսաւ, իր ներքին բակերէն, լայնատարած պատշգամներէն, գոյնզգոյն կերակուրներով ծածկուած երկար սեղաններէն, ղարաբաղեան բարբառին հնչիւններէն, հայկական պարերու մէջ փռուած ձեռքերու ուրուագիծերէն, «Քամիներու քաղաքին» չինարներու անդադար սօսաւիւնէն: Եթէ պոլսահայերը վարժ են Հայաստանը իբրեւ արեւելեան հեռաւոր երկիր մը երեւակայել, ապա մեզի համար նոյնիսկ Ղարաբաղը արեւմտեան աշխարհ մըն էր: Մոսկուա ծնածՙ բնականաբար չէի կրնար հայութեան մասին յստակ գաղափար մը ունենալ, բայց երբ մանկութեանս Պաքու կերթայի, մեծ մօրս ու մեծ հօրս հետ ժամանակ վայելելու, ուրիշ տիեզերք մը կը բացայայտէիՙ բաղձալի ու խորհրդաւոր: Կը յիշեմ, ինչպէս մեծ մայրիկիս հետ զբօսնելու կամ գնումներ ընելու ատեն, ան, երբեմն, անծանօթի մը հետ պատահական զրոյցի բռնուելով, հետը ռուսերէն քանի մը նախադասութիւն փոխանակելէ ետք յանկարծ հայերէնին կանցնէր: Քովը կանգնած ու գլուխս ի վեր պարզածՙ մանկական կարճ հասակէս խօսակից մարդուն կզակը միայն կը տեսնէի ու մարդը աչքերովս կուտէի, փորձելով հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս մեծ մայրիկս կրցած էր կռահել, թէ դիմացինը հայ էր: Իսկ եթէ հարցնէի իրենՙ կը ժպտէր միայն ի պատասխան…: Մարմնովս իսկ կը զգայի, որ ես այս անհետացող աշխարհին հետ անզննելի թելերով կապուած էի:
Զիս նախորդող չորս սերունդները Պաքու ապրած են, բայց մեծ մօրս ու մեծ հօրս ընտանիքները տարբեր գաւառներէ էին, ու Պաքուի մէջ իրենց տարբեր շրջանակները զիրար շատ չէին հաւներ: Առաջինը Շուշիէն կու գար ու իր բարբառը կը պահէր. Արցախի լեզուն քաղաքին փողոցներուն վրայ, ո՛չ միայն Էրմէնիքենտ, այլեւ քաղաքին բուն կեդրոնը, մինչեւ 1990-ի ջարդը, կը լսուէր:
Միւս ընտանիքին արմատները Շամախի կը կորսուէին. մեծ հօրս մայրըՙ Թագուհի Աբէլեանՙ դերասան Յովհաննէս Աբէլեանի քոյրն էր, միեւնոյն Բաբախանեան ընտանիքէն, ինչպէս էինՙ Ալեքսանդր Շիրվանզադէ, Լէօ ու Կոստան Զարեան: Երիտասարդ Շիրվանզադէն, 19-րդ դարու վերջը, Շուշիէն Պաքու տեղափոխուելունՙ առաջին շրջանին մօրաքրոջՙ Մարիամ Բաբախանեանին տունը ապրած է, ու յետագային զայն իբրեւ իր «երկրորդ մայրը» յիշած է «Կեանքի բովից» երկին մէջ: Իսկ Մարիամին դուստրըՙ Թագուհի, իր ընտանիքով հաստատուած է գեղեցիկ չորեքյարկանի տան մը մէջ, որ Թագուհիին ամուսինըՙ Կարապետ Լազարեւ կառուցել տուած էր նախկին Սդարօ-Բոլիցէյսգայա փողոցին մէջ: 1920-էն ետք, Բոլշեւիկեան կառավարութիւնը խլեց այս տունը Լազարեւներէն, բայց մեծ հայրսՙ Արթեմիյ (Յարութիւն), մինչեւ վերջ միեւնոյն փողոցը ապրեցաւ, ուրիշ հայաշէն տան մը մէջ, որուն մասին եւս քանի մը խօսք պիտի ըսեմ: Սովետական ժամանակներուն, այսպէս կոչուած «ունեւոր դասակարգին» հետ նոյնացուած ըլլալու սարսափը ա՛յդչափ ուժգին էր, որ Արթեմիյ իր ծնած տանը մօտենալունՙ ամէն անգամ փողոցին միւս կողմը կանցնէր, որպէսզի զինք իր հարազատ բոյնին քով յանկա՛րծ չտեսնեն ու չմեղադրեն, թէ իր ընտանեկան օջախը կը կարօտնար:
Մեծ մայրսՙ Էմմա, հօրենական գծով կու գար շուշեցի Թառումեան ընտանիքէն, որ դարասկիզբին Կորչագովսգայա փողոցը կապրէր: 1822 թուականին Թառումեանները աջակցած էին կառուցելու Շուշիի «Ագուլեցոց» (ագուլիսցիներուն) եկեղեցին, որ մինչեւ 1887, Ղազանչեցոց եկեղեցիին շինութիւնը, քաղաքին աւագը եղած էր: Ատիկա 1920-ի ջարդին օրօք կործանեցաւ, սակայն 1895-ին Պաքու հրատարակուած գիրքի մը մէջ Մակար եպիսկոպոս Բարխուդարեանց նկարագրելով այս «անտաշ քարով կառուցեալ» տաճարը, կարձանագրէ անոր հարաւային դրան ճակատակալ քարին վրայ փորուած գրութիւնը, որ Թառումեաններուն «արդիւնքն եւ ծախքն» կը յիշէ:
1915-ի վերջը եւ 1916-ի սկիզբը, Պաքու, թաթարներուն (այսօրուան ատրպէյճանցիներուն) յարձակումները հայերու վրայ աւելի յաճախակի դարձած էին, ինչ որ նոր ջարդի մը վախը կարծարծէր հայոց մէջ: Կովկաս ու Միջին Ասիա հակահայկական հալածանքները կը գրգռէին թաթարներու «իսլամական բարերար միութիւնները», որոնք սերտ կապ մը կը պահէին Երիտթուրքերուն հետ: Մեծ մօրս մայրը յղի ըլլալուն չնայելով, երբ անգամ մը, գարունը, լուրը ստացած էր, որ թաթարներ փորձեր էին դպրոցէն վերադարձող աղջիկներուն վրայ յարձակիլ, անոնց ուղեկառքը կանգնեցնելով, իսկոյն որոշած էր մեծ ընտանիքին փութանակի փախուստը կազմակերպել: Քանի՜ցս հայերուն քով կրկնուած ընթացք. կի՛նն է, որ ընտանիքին ճակատագիրը կորոշէ: Վտանգը ա՛յդչափ շօշափելի էր, որ բոլոր պատրաստութիւնները քանի մը օրուան մէջ կատարուեցան: Ուղեկառք նստելու ատեն, Էմմային մեծ քոյրը յանկարծ անհետացած էրՙ բոլորը տագնապի մատնելով, բայց քանի մը վայրկեան յետոյ լքուած տունէն ելածՙ արծաթեայ սպասքը ձեռքին. երիտասարդներն ու երեխաներն ալ կը գիտակցէին, ուրեմն, որ ճամբան դժուար էր ըլլալու, ու տուներնին կրնային այլեւս չտեսնել:
Վտանգէն ազատուելու համար, թաթարաբնակ տարածքներու մէջէն Թիֆլիս կամ Ռուսաստան երթալու փոխարէն, Թառումեանները նախընտրած են ծովը կիսել. Թուրքեստանը իրենց աւելի ապահով կը թուէր: Արդէն նախորդ դարու վերջին քառորդէն սկսեալ, Աշխապատ հաստատուած էին շատ մը պաքուեցի հայեր, որոնց շնորհիւ Պաքու մնացած իրենց հայրենակիցները կրնային տեղեկանալ Միջին Ասիա տիրող վիճակին վերաբերեալ: Իսկապէս, 1916-ին Աշխապատ հանգիստ տեղ մըն էր. բայց եթէ իրօք այդպէս էր, ինչո՞ւ Աշխէն ու Արշակ հոն կանգ չառին, այլ իրենց եօթ դուստրերուն հետ երեք-չորս անգամ աւելի երկար ճամբայ մը կտրելով հասան Ֆերկանայի հովիտը, ուր հայեր ու ընդհանրապէս քրիստոնեաներ քիչ էին: Մանկութեանս, ընտանիքիս գաղթին պատմութիւնը ա՛յդքան անգամ լսած եմՙ թէ՛ մեծ մօրմէս, թէ՛ իր քրոջմէն, թէ՛ մօրմէս, որ զիս իրենց բոլոր քայլերուն տեղեակ կը համարէի: Միայն երբ առաջին անգամ գրիչ մը ձեռքս առի այս եղելութիւնները գրանցելու համար, անդրադարձայ, թէ քանի՛ օղակ պակաս են շղթային մէջ: Աւա՜ղ, ուշ էր արդէն մասնակիցները փնտռելու…:
Կենթադրեմ, սակայն, որ ի սկզբանէ մտադիր էին իրենց ճամբորդութիւնը դէպի Ռուսաստան շարունակել, որովհետեւ Խավաստէն մինչեւ Օրենպուրկ տանող երկաթուղագիծ մը կը գործէր, բայց Աշխէնին յղի ըլլալուն պատճառով ստիպուեցան կենալ Խավաստէն քիչ մը անդին գտնուող Քոքանտը, ուր եւ ծնաւ վերջին երեխանին: Քոքանտ տարի մը հանգիստ ապրեցան, բայց երբ յաջորդ տարուան ամառըՙ փետրուար 1917-ին, ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով Միջին Ասիան անկառավարելի դարձած էր, Էնվեր փաշայի գործակալները կրցած էին հոն իրենց գործունէութիւնը սաստկացնել. զինուած գունդեր կը շրջէին վայրէ վայր հայեր փնտռելով: Անգամ մը, թաթարներու մօտենալուն լուրը առնելով, Աշխէն սուրացած է երեխաները պահարաններու մէջ, անկողիններու տակ թաքցնելու համար, ու միայն Թառումեաններուն ուզպեք խոհարարը տունէն դուրս ելլելով եղեռնագործներուն առջեւ ձեւացուցած է, թէ այդ տունը մահմետականի տուն մըն էր, եւ ատով փրկած է ընտանիքը: Այս արկածէն ետք Քոքանտը ձգելով, Թառումեանները հաստատուած են Աշխապատ:
Ընտանիքին տաս անդամներէն միայն Էմմա երեսնական թուականներուն սկիզբը վերադարձաւ Պաքու, ուր ամուսնացաւ Արթեմիյ Լազարեւին հետ: Իրենք ապրեցան վերոյիշուած տունը, որ Լազարեւներուն տան քով կը գտնուէր եւ ուր թէ՛ քեռիս, թէ՛ մայրս ծնան եւ ուր ես ալ մանկութեանս ամենաքաղցր պահերը անցուցի: Մինչեւ այսօր կարող եմ մտովի վերականգնել այդ ինքնուրոյն կառոյցը, որուն պատշգամները գէր ատլանտներ լոկ մէկ ձեռքով կը կրէին, եւ անոր տարբեր դռներուն յատուկ ճռճռոցն ու բաղխումըՙ առանձին-առանձին:
Աշխէն երբե՛ք չուզեց Պաքու վերադառնալ: 1905-ի ու 1918-ի կոտորածներուն ակնարկելով կը կրկնէր, թէ ո՛ւր որ ատիկա պատահեցաւՙ նորէն պիտի պատահի: Թառումեաններուն փախուստէն ողջ 74 տարի ետք, յունուար 1990-ին, աղջիկն Էմմա նորէն պիտի փախչէր Պաքուէն, քեռիիս ընտանիքին հետ, վերջնականապէս լքելով իր քաղաքն ու տունը, բայց ատիկա արդէն ուրիշ անգամ պատմուելիք եղելութիւն է: Երբ, քանի մը տարի առաջ իմացայ, որ չկայ այլեւս այդ շէնքը, հասկցայ, որ այն անբացատրելի զիլ կսկիծը, որ ամէն տարի Պաքուին նորէն հանդիպելու ուրախութեանս կը խառնուէրՙ այդ քաղաքին, իր հայերուն ու այդ ջերմ բոյնին աւերումը նախազգացող կոծ մըն էր:
Նկար 1. Պաքու, 1905
Նկար 2. Պաքու, 1920