Աղօթքը մեր կեանքի անբաժան մէկ ազդակը դարձած է դարերէ ի վեր, եւ ոչ միայն որպէս հաւատքի դրսեւորում, այլեւ ազգային աւանդոյթ: Հինէն ի վեր մեր դպրոցներուն մէջ օրը կը սկսէր աղօթքով: Կը յիշեմ յիսնականներուն, ամէն առաւօտ, նախակրթարանի աւարտական դասարանի աղջիկները կը հաւաքուէին «լիւանին» (Բեմահարթակ, դպրոցի վերածուած Արաբական տան բակին ճակատը) մէջ եւ «Առաւօտ լուսոյ» կ՛երգէին, իսկ մենք, մեր դասարաններուն մէջ յոտնկայս, մեր երկու ափերը իրարու միացուցած, գլխիկոր կը հետեւէինք աղօթքին, որուն աւարտին կը խաչակնքէինք մեր դէմքերն, ու դասապահերը կը սկսէին: Կ”աղօթէինք նաեւ վերջին դասապահու աւարտէն ետք, արձակուելէ առաջ:
Տարիները թաւալեցան, սակայն նոր ժամանակներուն հետ առաւօտեան աղօթքը մոռացութեան չտրուեցաւ, բայց ձեւափոխուեցաւ. ձայնագրեալ շարականներ սկսան սփռուիլ ուսուցչարանէն, իսկ աշակերտներ իրենց դասարաններուն մէջ շարունակեցին յոտնկայս ունկնդրել: Պատերազմն ալ բան չփոխեց, Հալէպի մեր վարժարաններու առաւօտեան այս գեղեցիկ սովորութիւնը դեռ կը շարունակուի, եւ այս անգամ, աւելի կուռ հաւատքով ու երկիւղածութեամբ:
Հիմա, Երեւանի բնակարանիս պատուհանէն ամէն օր ականջիս կը հասնին մերձակայ դպրոցի մը բարձրախօսով ձայնասփռուող առաւօտեան ա…, ներողութիւն, սխալմամբ «աղօթք» պիտի ըսէի, ուրեմն ա… անգլերէն երգ մը, աշխոյժ եւ խանդավառող:
Դպրոցի առօրեան երգ ու երաժշտութեամբ սկսիլը վստահօրէն իր բարերար ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մանուկներուն եւ պատանիներուն վրայ, որոնք թօթափելով առաւօտեան թմրածութիւնը, աւելի եռանդով կը մտնեն դասարան:
Շատ բարի. եթէ մանկավարժութիւնը այդ կը թելադրէ, ապա ո՞ւր մնաց մեր աւանդոյթը, մեր գեղեցիկ Հայր մերն ու Առաւօտ լուսոն, որոնց աւարտէն ետք սովորաբար կը կրկնուէր աղօթքին չափ կարեւոր եւ հոգեպարար մաղթանք-խնդրանքըՙ «Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ, Տէր, եւ զգործս ձեռաց մերոց յաջողեա մեզ, Տէր»:
Արեւմտեան եւ միջազգային մանկավարժական օրէնքներն ու թելադրութիւնները կը ձեւուին եւ կը չափուին բազմազգեան ու բազմակրօն աշակերտութիւնը նկատի առնելով, ուր աղօթքը, կամ որեւէ կրօնական արտայայտութիւն կը վերցուի ծրագրէն, առաջքը առնելու համար հաւատալիքներու բախման պատճառով յառաջ գալիք անախորժութիւններու:
Մենք ստիպուած չենք հետեւելու անոնց, այնքան ատեն որ մեր մօտ բազմակրօնութեան հարց գրեթէ չկայ եւ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն է:
Խորհրդային շրջանին յստակ էր աղօթքին բացակայութիւնը աշակերտին դպրոցական առօրեայէն, սակայն հիմա, երբ փոխուած է ամէն ինչ, երբ վերադարձած է եկեղեցին իր բոլոր դրսեւորումներով, ինչո՞ւ չմտածել աղօթքի մասին ալ, պէտք կա՞յ կրկնելու, որ մենք, որ առաջին քրիստոնեայ… եւ այլն, եւ այլն…
Վերջին տարիներուն որքան ակնյայտ դարձաւ որոշ ծանօթ կրօնքի մը հետեւողներուն աննկարագրելի կապուածութիւնը իրենց հաւատալիքներուն եւ անոնց օրէնքներուն կիրառումը ամենայն բծախնդրութեամբ, ճիշդ մեր հակառակը, երբ մեր կապը մեր եկեղեցւոյ հետ օրէ օր կը թուլնայ: Կը զգանք, կը տեսնենք, սակայն ոչինչ կ՛ընենք այս նահանջին առաջքը առնելու համար:
Սուրբ Էջմիածին եւ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւն, ի՞նչ է ձեր կարծիքը: