Անցեալները Բիւրականի շրջանին մէջ նորաբաց հիւրանոցի մը պատասխանատուին հարցուցի, թէ ի՞նչ կ՛արժէ կեցութիւնը, ըսաւՙ Արարատին նայող սենեակներուն օրավարձը 40.000 է, իսկ միւս կողմըՙ Արագածին նայող սենեակներունը 37.000: Ուրեմն Արարատը քիչ մը աւելի կ՛արժէ, քան Արագածը… թէեւ, իմ կարծիքով, տարբերութիւնը աւելի մեծ ըլլալու էր, նկատի առած անոնց բարձրութիւնն ու ոգեղէն արժէքը:
Երեւանի մէջ ալ նոյնն է պատկերը. Արարատին նայող տուներուն արժէքը աւելի բարձր է, քան միւսներունը: Տեղացիներուն համար շատ ալ կարեւոր չէ, այնքան շատ տեսած են, որ սովորական դարձած է եւ որեւէ սովորական բան աւելի նուազ կ՛արժէ, քան անսովորը: Նորակառոյց շէնքի մը Արարատին նայող յարկաբաժիններուն մեթր քառակուսին 200 տոլար աւելի կ՛արժէ, քան միւսները: Եւ իսկապէս, Արարատին նայող յարկաբաժինները աւելի շուտ վաճառուած են, քան միւս յարկաբաժինները, եւ անոնց տէրերը մեծամասնութեամբ սուրիահայեր են…
Այս ամբողջ յառաջաբանին գլխաւոր միտք բանին Հայաստանի մէջ վերջնական կայք հաստատողներու ուրախալի երեւոյթն է: Պատերա՞զմն էր պատճառը, հաւանաբար, թէեւ պատերազմէն առաջ ալ հաստատուողներ եղած են: Եթէ նկատի ունենանք հայկական ասացուածքը, թէ «Չկայ չարիք, առանց բարիքի», ապա սուրիական պատերազմի չարիքէն Հայաստան հաստատուելու բարիքը ծնաւ, թէեւ նորածինը կանխածին ըլլալով, յատուկ խնամքի կը կարօտի, որպէսզի ապրի…
Սակայն աւելի ուրախալին այն է, որ պատերազմին հետ բնաւ առնչութիւն չունեցող երկու հայ ընտանիքներ, մին Արաբական էմիրէութիւններէն եւ միւսը Լիբանանէն, որոշում կայացուցած են, որ իրենց կեանքը շարունակեն Հայաստանի մէջ, բաղդատելով այստեղի պայմանները իրենց երկիրներու պայմաններուն հետ, եւ նախընտրութիւնը տուած են Հայաստանին, որուն առաւելութիւնները դիտած են օտարութեան մէջ ապրած մարդոց ակնոցով, հակառակը այն հայաստանցիներուն, որոնք գերադասած են երկրէն դուրս ապրիլ, այդ երկիրներուն խաբուսիկ կամ իրական առաւելութիւններէն գրաւուելով:
Կախում ունի, թէ մարդ ի՞նչ կ՛ուզէ կեանքէն, ի՞նչ կը ցանկայ ունենալ, իրեն համար դրամն ու շռայլ կեա՞նքն է կարեւորը, թէ՞ հոգեկան գոհացումը, զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը, ազգասիրութիւնը…
Ճիշդ է որ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար, ոչ ալ քանի մը սփիւռքահայերու Հայաստանի մէջ կայք հաստատելը հայրենադարձութիւն է, սակայն նաեւ ճիշդ է չինական առածը, որ կ՛ըսէ. «Ամենաերկար ճամբան իսկ կը սկսի մէկ քայլով»… Մաղթենք, որ այդ քայլերը տասնապատկուին, հարիւրապատկուին, եւ հայրենադարձութիւնը իրական դառնայ:
Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տարեդարձը հանգրուանային այն ցուցանիշն է, ուր լրջօրէն մտածելու է հայրենահաւաք կազմակերպելու մասին, ուր Հայաստան որոշում կայացնէ մագնիսի նման աշխարհատարած հայութիւնը իրեն քաշելու, ուր իւրաքանչիւր սփիւռքահայու կոչ ընէ, խնդրելու պէս պահանջէ, նոյնիսկ հրահանգէ, որ վերադառնա հայրենիք, որ հայութեան համար ամենաապահով տեղը Հայաստանն է, ուր կարելի է պահպանել ազգային դիմագիծն ու մեր հոգեմտաւոր արժէքները:
Հայրենի իշխանութիւն եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ ի վիճակի են այս «ցանկատեսութիւնը» իրատեսութեան վերածելու: