Երբ մեր խելքը միջպետական որոշ անցուդարձերու չի հասնիր, կ՛ըսենք «քաղաքականութիւնէ» ու այդ ձեւով կը համոզենք մենք զմեզ, փոխանակ յայտարարելու, որ տգէտ ենք, այսինքն այնքան մը տեղեկութիւն ու խելք չունինք, որ թափանցենք եղելութեանց խորքը եւ եզրակացութեան մը հասնինք, կամ մեկնաբանութիւն մը կատարենք:
Սուրիական պատերազմի սկիզբէն ըսուեցաւ, որ ահաբեկչական կազմակերպութեանց գլխաւոր հրահրիչն ու ֆինանսաւորողը Սէուտական Արաբիան է, իսկ Թուրքիան ալ ծրագիրը իրականացնողներէն գլխաւորն է:
Հիմա, թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Սէուտական Արաբիան, երկուքն ալ թիրախ դարձած են անձնասպանական գործողութիւններու, որոնց պատասխանատուութիւնը իր վրայ վերցուցած է ԻՊ կազմակերպութիւնը:
Ռուսիան, որ սպառնալիքներ տեղացուցած էր Թուրքիոյ գլխուն ռուսական ռազմօդանաւը վար առնելնուն պատճառով, մէկ օրուան մէջ կակուղցաւ, երբ Էրտողան ցաւակցութիւն յայտնեց (ոչ թէ ներողութիւն խնդրեց) եւ լարուած յարաբերութիւնները սկսան վերադառնալ նախկինՙ բնականոն հունին:
Միւս կողմէ, նոյնը պատահեցաւ Իսրայէլի հետ, եւ այս երկու կարեւոր իրադարձութիւնները տեղի ունեցան ճիշդ այն օրերուն, երբ Թուրքիոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւնները հարիւրաւոր զոհեր խլեցին:
Բան մը հասկցա՞ք: Ինչ անունով կոչել այս եղածները. միայն մէկ բացատրութիւնՙ «քաղաքականութիւն…»:
Դեռ աւելին. եթէ պրպտենք ու դարձնենք անցեալի էջերը, պիտի տեսնենք, որ ԱՄՆ-ի Իրաք ներխուժումն ու Սատտամ Հուսէյնին մահապատիժի ենթարկելն ու Լիպիոյ Մուամմար Քատտաֆին խոշտանգելով սպաննելը ի՞նչ արդիւնք տուին, յատկապէս այդ երկու գործողութիւնները դեմոկրասիի անունով հրահրող արեւմտեան պետութեանց եւ արաբական աշխարհին. -Ոչի՛նչ, բացի անկէ, որ Իրաքը մէկ միլիոնէ աւելի զոհեր տուաւ ու դեռ կը շարունակէ տալ, իսկ Լիպիան դեռ կ՛արիւնի:
Հապա՞ Եմէնը… Արաբական պատմութեան մէջ «երջանիկ» կոչուած այս երկիրը…
Քաղաքականութի՜ւն…
Յիշեալներէն ո՞ր երկրին մէջ խաղաղութիւն տիրեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրէ: Երկիրը ամբողջ քանդելէ ետք հասկցան, որ իշխանափոխութեան պարագային ծայրայեղականները պիտի գան իշխանութեան գլուխ, բան մը, որ բնաւ պիտի չուզէ Արեւմուտքը: Ուրե՞մն… լեզու գտնել ներկայ իշխանութեան հետ: Եւ ահա՛ իր թքած թուքը լիզելու կը պատրաստուի Էրտողանը:
Քաղաքականութի՜ւն…
Եւ ակամայ կը վերադառնանք միեւնոյն թեւաւոր խօսքին- «Չկան մնայուն թշնամիներ, ոչ ալ բարեկամներ, կան մնայուն շահեր»:
Մեծ ու հարուստ երկիրները քաղաքականութիւն կը խաղան, իսկ մանր երկիրներ ոտքի տակ կ՛երթան:
Իսլամական Ֆիթր-ի տօնի երրորդ օրը, երբ Հալէպի մէջ մարդիկ քիչ մը ուրախանալու եւ ցաւաթափ ըլլալու համար փողոցն են, քանի մը հրթիռ կու գան «շնորհաւորելու» իրենց կրօնակիցներըՙ 43 զոհ եւ 200-ի վիրաւորներ պատճառելով. «Սրբազան Ճիհատ»… Քաղաքականութի՛ւն: