Արաբական առածը կ՛ըսէ. «Ամէն մարդ իր փափաքածին չի հասնիր, քամիները կը փչեն առագաստանաւերուն չցանկացած ուղղութեամբ»: Այսպէս ալՙ Սուրիոյ պատերազմի առաջին ամիսներուն, աշխարհի կարգ մը ղեկավարներուն փափաքը, նոյնիսկ անոնց վստահ յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատին անկումը օրերու հարց է…
«Օրեր»ը այնքան երկարեցան, որ դարձան տարիներ ու տակաւին Ասատը իր տեղն է:
Քաղաքագէտները եւ պետական մարդիկ, երբ յայտարարութեամբ մը հանդէս պիտի գան, տասն անգամ կը սերտեն իրենց ըսելիքը, խորհրդականներու օգնութեամբ կ՛ուղղեն խնդրայարոյց բառերը, լեզուագէտներու օգնութեամբ կ՛ուղղեն լեզուական սխալները, ապա ելոյթ կ՛ունենան, քանի որ խօսքը փամփուշտի պէս է. երբ արձակուի, ետ չի վերադառնար, իսկ եթէ սխալ ըլլայ թիրախը, կամ շեղի իր ընթացքէն, կրնայ վնասել նոյնինքն արձակողին:
Դիմատետրին (Ֆէյսպուք) մէջ խօսուն նկար մը կը պարզէր, որ Աշխարհի շատ մը երկիրներու ղեկավարներ, նախագահներ, վարչապետներ, նախարարներ, թիւով 12, որոնք Ասատին «երթալը» գուշակած էին, իրենք գացին, բայց Ասատը մնաց…
Այս հինգ տարիներու ընթացքին աշխարհի պետութիւններու մէջ,- Եւրոպայէն մինչեւ Արաբական ծոց,- հսկայ փոփոխութիւններ, քաղաքական վերիվայրումներ տեղի ունեցան, ծանօթ դէմքեր չքացան քաղաքական թատերաբեմէն, մինչ Սուրիան մնաց, դիմացաւ ու կը շարունակէ դիմանալ, զարմացնելով եւ բարկացնելով անոր մահը ցանկացողները, որոնք իրենց գուշակութիւններուն եւ սխալ հաշիւներուն ճամբուն վրայ յաջողեցան աւերակ դարձնել Սուրիոյ նման ծաղկուն երկրի մը մեծ մասը, պատճառ դառնալով հարիւրհազարաւորներու մահուան եւ գաղթական դարձնելով խաղաղ ապրող ժողովուրդի մը համարեա կէսը:
Ա՞յս պիտի ըլլար Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը ցանկացողներուն ճիգերուն արդիւնքը: Զարմանալի է, աշխարհի ճակատագիրը որոշող մեծ պետութիւնները, որոնք իրենք զիրենք աստուածներու տեղ դրած են, ա՞յս պիտի ըլլար անոնց ամենակարող գաղտնի սպասարկութեանց խոհանոցներուն մէջ եփած ապուրը:
Ինչպէս իւրաքանչիւր երկիր, այդպէս ալ Սուրիան ազատ է իր բարեկամները ընտրելու, ուզած երկրին հետ համաձայնութիւններ կնքելու, անշուշտ իր շահերէն ելլելով, այդպէս ալ որեւէ երկրի նման իրաւունք ունի երկիրն ու պետականութիւնը պաշտպանելու, երբ սպառնալիքներ ըլլան: Այնպէս որ, ենթադրեալ ընդդիմադիրներու կողմէ քաղաքներու, մասնաւորաբար Հալէպի մէջ ամիսներով կազի տակառիկներով հրասանդներ տեղացնելն ու խաղաղ բնակչութեան մէջ աննկարագրելի քանդումներ ու մահեր պատճառելը շրջանցելով, Սուրիան քննադատել, որ պայթուցիկ տակառներ կը տեղացնէ ժողովրդային թաղամասերու վրայ ու զոհեր կը խլէ, պարզապէս անարդարութիւն է: Ղուրանին մէջ ըսուած է. «Ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման…», սակայն շատերը չեն ուզեր յիշել անոր շարունակութիւնը, որ կըսէ. «Բայց սկսողն է աւելի անարդարը»:
Ո՞վ չէր փափաքեր, որ դրական փոփոխութիւններ ըլլային Սուրիոյ մէջ, նոյնիսկ նախագահը ինք յայտարարած է, որ կողմնակից է փոփոխութիւններ ընելու, սակայն առիթ չտուին, մարդոց փափաքը ընդդիմութեան անունին տակ դուրսէն ղեկավարուած զինեալ պայքարի վերածեցին ու երկիրը այս օրերուն հասցուցին:
Դեռ օրերը յղի են անակնկալներով: Իշխանութիւնները կու գան ու կ՛երթան, երկիրը կը մնայ, պէտք է դադրի արիւնահոսումը, վիրաւոր Սուրիան պէտք է վերականգնի: Յուսամ աշխարհի ճակատագրին հետ խաղացող մեծ պետութիւնները կը զգաստանան, կ՛ընդունին իրենց սխալը եւ կը մասնակցին Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն: