Աշխարհի մէջ երկու մարզաձեւ ահաւոր կերպով ատած եմ. մին բռնցքամարտն է, կամ կռփամարտը, իսկ միւսըՙ ցլամարտը; Մէկըՙ մարդ հարուածելով, քիթն ու բերանը արիւնելով ու գանկը ցնցելով, յաղթանակ տանելու «մարզանքն» է, իսկ երկրորդը, անմեղ անասունի մը դիմաց կարմիր լաթ մը ճօճելով, զայն կատղեցնելու եւ ապա սրախողխող ընելու «մարզանքն» է… եւ ասոնք միլիոնաւոր հանդիսատես ունին ու միլիոններու եկամուտ:
Եթէ մենք զմեզ քաղաքակիրթ կը նկատենք, ապա ինչո՞վ կը տարբերինք Հռոմի արեան ծարաւ կայսրերէն, որոնք հաճոյքով կը դիտէին կրկես նետուած մենամարտիկներու զիրար խոցելով սպաննութիւնները:
Տակաւին մեր մէջ գազանային բնազդը կ՛ապրի՞, անպայման արիւ՞ն պիտի տեսնենք որ յագենանք եւ օլէէէ գոչենք:
Մուհամմէտ Ալի… աշխարհի անկրկնելի բռնցքամարտիկը մահացաւ անցեալները, տարիներով կէս-անդամալոյծ վիճակով տառապելէ ետք:
Արդէն կուռք մըն էր, մեռնելէն ետք ալ աստուածացուցին զինք. եւ ինչո՞ւ համար, քանի որ լաւ բռնքցամարտիկ է, աշխարհի ախոյեան, առասպելական մարզիկ, որ մէկ հարուածով դիմացինը նոք աութ ըրած, գետին փռած է… Այսինքն, մարդ ծեծելու վարպետ էr եւ ատոր համար ալ միլիոններու տիրացած է եւ համաշխարհային դէմք դարձած:
Չեմ գիտեր, լա՞մ, թէ՞ խնդամ:
Եթէ զինք մեծարէին իր կատարած բազմաթիւ բարեսիրական օժանդակութիւններուն համար, ըսելիք չէի ունենար, սակայն մարդը կը պատուեն յետմահու անոր թաղումին նախագահներու, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ անուանի դերասաններու եւ մարզիկներու մասնակցութեամբ, ուրիշ մարդոց ցաւ պատճառելուն եւ անոնց քիթն ու բերանը այլանդակելով եւ արիւնաշաղախ դարձնելով գետին տապալելուն համար… Ուղեղիս մէջ չի տեղաւորուիր. եւ այս բոլորը մարզանք կը համարեն…
Մարդ ծեծելը ինչո՞ւ մարզաձեւի վերածուած է. ցուլ սպաննելը ինչո՞ւ շոուի, ցուցադրութեան վերածուած է:
Ցլամարտերը արգիլելու շատ կոչեր եղան, յատկապէս կենդանիներու պաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ, սակայն բողոքները տեղ չհասան, քանի որ կարգ մը երկիրներ, ի մասնաւորի Սպանիան, մեծապէս կ՛օգտուին զբօսաշրջիկներէնՙ այդ ազգային խաղը անոնց առջեւ ցուցադրելով:
Բայց կռփամարտը արգիլելու կոչեր չեղան. ինչպէ՞ս արգիլեն, երբ հազարաւոր մարզական ակումբներու մէջ, տասնեակհազարաւորներ կը մարզուին այդ գծով ու իրար ծեծելու կելլեն հանդիսատեսներու առջեւ, որոնք կը վճարեն ու մարզասրահներ կը լեցնեն: Շահաբեր պիզնես է, արգիլել կըլլա՞յ:
Գազանը ե՞րբ արմատախիլ պիտի ըլլայ մարդոց մէջէն: