Ո՞վ կը հաւատայ, որ ի հեճուկս Հալէպի աղէտալի կացութեան ու ամէնօրեայ հրթիռակոծումներուն, երիտասարդ սերունդը համալսարան կը յաճախէ, դասախօսութեանց կը հետեւի, քննութիւններուն կը մասնակցի ու վերջաւորութեանՙ վկայական կը ստանայ: Հեքիաթի նման բան մըն է, անտրամաբանական, անհաւատալի, սակայն, հաւատեցէք, այս տարի Հալէպի համալսարանի զանազան ճիւղերէն հարիւրաւոր շրջանաւարտներու շարքին, 60 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ալ շրջանաւարտ դարձան ու վկայուեցան:
Աւանդոյթը պահելով, Հալէպի Հայ համալսարանականներու միութեան կազմակերպումով, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին վաթսուն շրջանաւարտները ստացան նաեւ Հայկական վկայականներ, ձեռամբ Սրբազան հօր:
Երբ գաղութ մը դեռ հարիւրաւոր դպրոցականներ ունի (նախկին հազարաւորներու փոխարէն) եւ համալսարանականներու ոչ արհամարհելի թիւ մը, ոչ ոք իրաւունք ունի այդ գաղութին «հոգեհանգիստը» կարդալու…
Նպատակս ձեռնարկը նկարագրել չէ, այլ մտածել, որ այս վաթսուն շրջանաւարտներուն ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ: Մասնաւորաբար, որ անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը աղջիկներ են:
Անոնցմէ ոմանք պիտի նշանուին, ամուսնանան, ընտանիք կազմեն, ոմանք իրենց ծնողներուն հետ աւելի ապահով երդիքներ գտնելու համար պիտի գաղթեն, իսկ անոնցմէ թիւ մըն ալ պիտի շարունակէ մնալ Հալէպ: Կասկածելի է, որ այս վկայեալ շրջանաւարտները աշխատանք գտնեն երկրի այս կացութեան մէջ. քանի մը բախտաւորներու կողքինՙ շատեր անգործ պիտի մնան ու սպասեն ճակատագրի տնօրինութեան:
Հապա ինչո՞ւ համալսարան յաճախեցին եւ վկայական ստացան: Ի՞նչ ընէին, տունը մնային ու տան տնտեսութեա՞մբ զբաղէին: Չէին կրնար բաւարարուիլ երկրորդականի (միջնակարգ) վկայականով. այս դարուն այդ վկայականը հանգրուան մը չէ անցեալի նման, այլ կամուրջ մըն է դէպի համալսարան տանող: Համալսարանական ուսումը անհրաժեշտութիւն դարձած է, ոչ միայն աշխատանքի ու դիրքի սիրոյն , այլՙ մտաւոր զարգացման, հոգեկան գոհացումի. կեանքի նուաճումներէն մին, որ նոր հորիզոններ կը բանայ ուսումնատենչ երիտասարդութեան դիմաց:
Բայց այս օրերուն, անոնց ապագայով մտահոգուելէ առաջ, անոնց ողջ ու առողջ մնալն է կարեւորը, երբ մահը դարձած է ամէնօրեայ այցելու, որմէ խուսափիլը միմիայն բախտի, կամ ճակատագրի հարց է, քանի որ ապահովութեան ոչ մէկ երաշխիք կայ, մասնաւորաբարՙ երբ Թուրքիան Հալէպը թիրախ դարձուցած է իր հարուածներուն: Դեռ քանի օր առաջ, երբ Գերմանիան պաշտօնապէս ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, յաջորդ օրն իսկ թրքամէտ զինեալներ 30 հրթիռներով հարուածեցին հայաշատ Նոր Գիւղի շրջանը եւ 4 հայեր զոհուեցան…
Թող Աստուած պահապան հանդիսանայ այս շրջանաւարտներուն: