«Ապագայ»
Մարտի 6-ին, հրաւէրովը Մոնթրէալի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան «Էօժէն Բաբազեան» ակումբի վարչութեան, տեղւոյս Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ պրանչ-նախաճաշով ընդունելութիւն մը սարքուած էր ի պատիւ վերջերս Մոնթրէալ տեղափոխուած սուրիահայ ՌԱԿ-եան անդամներու եւ անոնց ընտանիքներուն:
Ճոխ եւ այլազան համադամներով եւ ուտեստեղէններով հիւրասիրուելէ ետք, խօսք առաւ տեղական ակումբին երկարամեայ վարչական ու համայնքիս նուիրեալ ծառայողՙ ընկ. Նուպար Պապիկեան, որ արագ ակնարկով մը ներկայացուց խտացուած պատմութիւնը Մոնթրէալի ՌԱԿ-ի գործունէութիւններուն, որ կը ցոլացնէր մոնթրէալահայ գաղթօջախի կազմութեան ու արագ զարգացման մէջ ՌԱԿ-ի եւ անոր ղեկավարութեան կեդրոնական դերինՙ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, Թէքէեան մշակութային միութեան, ՀԲԸՄ-եան ու Ալեք Մանուկեան ամենօրեայ վարժարանի կազմութեան եւ բարգաւաճման մէջ: Ընկ. Պապիկեան շեշտեց, թէ այս նորածին հայ գաղթօջախին մէջ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի յարատեւ ճիգերով է որ սկսան ու զարգացան զանազան ժամանակաշրջաններու բեղուն գործունէութիւններ քաղաքական, կրթական, մամուլի ու հրատարակչական, թատերական, երաժշտական, պարի, նկարչական ցուցահանդէսներու, ամառնային ճամբարներու, ռատիօժամի եւ հեռուստատեսութեան, պատանեկան ու երիտասարդական շարժումներու ծրագիրներ, միշտ վայելելով ՀԲԸՄ-եան ցկեանս նախագահ եւ ազգային մեծագոյն բարերար տիար Ալեք Մանուկեանի ամբողջական վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը, հանդէպ ընկ. դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի գլխաւորած ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի անձնուէր խումբին:
Հակիրճ ելոյթներ ունեցան դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան, ընկերուհի Այտա Գարիպեան, որոնք շեշտեցին ՌԱԿ-ի ոչ-ինքնանպատակ, այլ ընդհանրական ազգային շահերու ի նպաստ առաքելութիւնը: Խօսք առաւ նաեւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիր պրն. Աւետիս Պագգալեան, ինքնին նախկին հալէպահայ, որ շուրջ չորս տարիէ ի վեր իր ստանձնած խմբագրի պաշտօնին բերմամբ ինքզինք հարազատօրէն հայկական ազնիւ շրջապատի մէջ կը զգայ: Ան մաղթեց, որ իր հայրենակիցները եւս մաս կազմեն այս ջերմ հայկական շրջանակին:
Օրը շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցներով որ փոխադարձ ծանօթացումներու առիթը ընծայեց ներկաներուն:
Շնորհաւորելի են Մոնթրէալի ՌԱԿ-ի ակումբի նուիրեալները այս հաճելի եւ ազգօգուտ նախաձեռնութեան համար: