Անգամ մը գրած եմ, թէ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ հայապատկան ինչ կառոյցներ քանդուեցան Հալէպի մէջ. աղբիւրէ մը քաղելով նոր տեղեկութիւն մըՙ կիմանանք, որ դարձեալ Հալէպի մէջ ցարդ ռմբահարուած եւ քանդուած են զանազան համայնքներու պատկանող 15 եկեղեցիներ, առաւել քրիստոնէական գերեզմանատուներ եւ քաղաքին շրջակայքը գտնուող սրբավայրեր:
Թէեւ ամբողջ Հալէպն է թիրախը հրասանդներով եւ գազի տակառներով ռմբակոծումներուն եւ որոնց թիրախ դարձան հազարաւոր շէնքեր, գործարաններ, վաճառատուներ, հաստատութիւններ, նաեւ դպրոց ու մզկիթ, յատկապէս պատմական Մեծ մզկիթը, սակայն մարդ ակամայ նախ ի՛րը կը մտածէ:
«Օդանաւ մը ջախջախուեցաւ. 225 մեռեալ…»: «Հայ կա՞յ մէջերնին»…
Բնական հակազդեցութիւն է, որ քրիստոնէական կառոյցներուն քանդումը ըլլայ մեր առաջին սեւեռակէտը բոլորէն առաջ: Կառոյցներ, որոնք սուրիական պետութեան հաստատած ապահովական մթնոլորտին մէջ ժամանակին գործած են ամենայն ազատութեամբ եւ որոնց ի պատիւ պետութիւնը պաշտօնական արձակուրդի օրեր ընդունած է Ս. Ծնունդի ու Ս. Յարութեան տօները իրենց թէ՛ արեւմտեան եւ թէ արեւելեան հատուածներով:
Բայց ինչո՞ւ կը քանդեն քրիստոնէականը: Ըստ իրենցՙ անաստուածնե՞ր են քրիստոնեաները: «Քաֆէր» կըսեն ու քրիստոնեայ երիտասարդներ կը խաչեն, մասնաւորաբար անոնք, որ նահատակութիւնը աչքերնին առնելով կրօնափոխ չեն ըլլար: Սակայն, նաեւ հարիւրաւոր իսլամներ եւ եզիտիներ ալ սպաննեցին գլխատելով, ողջակիզելով ու անոնց կիներն ու աղջիկները որպէս հարճ գերեվաճառութեան հրապարակներուն վրայ ծախու հանելով:
Տակաւին, անոնց սլաքները երկարեցան քրիստոնեայ եւրոպական եւ իսլամ արեւելեան երկիրներ, ուր անձնասպանական գործողութիւններ իրականացնելովՙ ահագին մարդ սպանեցին ու վիրաւորեցին:
Իրենց «խալիֆայութեան» կեդրոն ընտրած Իրաքն ու Սուրիանՙ շրջակայ երկիրներէն միայն Իսրայէլը զերծ մնաց անոնց հարուածներէն: (Բան մը, որ կը մղէ շրջանառուող ենթադրութիւնները հաստատելու, թէ ահաբեկչական կազմակերպութեան «կնքահայրը» Իսրայէլն է եւ համաշխարհային սիոնիզմը: Զարմանալին այն է, որ փոխանակ դատապարտուելու, Իսրայէլ հաւատացուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն պաշտպանը ինք է, երբ նոյնինքն Երուսաղէմի մէջ հրեայ կրօնաւորներ շատ վատ ձեւով կը վարուին հայերու եւ միւս քրիստոնեաներուն հետ, զանոնք ծաղրելով, վատաբանելով ու վրանին թքնելով):
Չես հասկնար, ի՞նչ է իսկապէս ԻՊ-ի ուզածը. իսլամութիւնը տարածե՞լ, իսլամական երբեմնի խալիֆայական դրութիւնը վերահաստատե՞լ, քրիստոնեայ տարրը տեղահանե՞լ միջին-արեւելեան երկիրներէն, թէ՞ Իսրայելի շուրջի երկիրները քարուքանդ ընել…
Երկու բան առանց մեր կամքին կը շալկենք ամբողջ մեր կեանքի ընթացքինՙ անուն եւ դաւանանք: Եթէ ոչ անունին համար, սակայն դաւանանքին համար մեր կեանքով կը պայքարինք, գիտնալով հանդերձ, որ եթէ քրիստոնեայ ընտանիքի փոխարէն իսլամ ընտանիքի մէջ ծնած ըլլայինք, իսլամ պիտի դառնայինք եւ անոր համար ալ պիտի պայքարէինք: Իսկ մահմետականն ալ եթէ քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ ծնէր, պարզ է որ քրիստոնեայ պիտի ըլլար:
Հետաքրքրական է մարդ արարածը, յատկապէս մեր կողմերը, ուր տակաւին պահպանողականութիւնն ու աւանդոյթները արեւելում կու տան մեր արարքներուն. այդ երկուքը այնքան ծանր նստած են մեր մէջ, որ գիտնալով հանդերձ անոնց բռնատիրութիւնը մեր ուղեղներուն եւ հոգիներուն վրայ, մանկուց մեր մէջ բոյն դրած սովորութեան մը համաձայն կենթարկուինք անոնց:
Սակայն, չէ՞ որ քաղաքակրթութիւն, զարգացում, տրամաբանութիւն ըսուած բաները կան, որ հանդուրժողականութիւն եւ այլադաւանը յարգելու կը մղեն մարդս:
Ներկայիս երիտասարդութիւն մը կայ, որ այս բարեմասնութիւններէն աւելի արկածախնդրութեամբ եւ հերոսանալու երազանքներով տարուած է եւ ասոր համար ալ կը զինուորագրուի ահաբեկչական զանազան կազմակերպութեանց: Երիտասարդութիւն մը, որուն ենթահողը առողջ չէ եղած. այլասերած, փտած ընտանիք ու միջավայր եւ, ով գիտէ, ինչ պայմաններ:
Արդեօք ԻՊ-ի դէմ պայքարին զուգահեռ կը մտածուի՞ ենթահողը առողջացնելու մասին: Ախտին դէմ պայքարելու լաւագոյն միջոցը պատճառները վերացնելու մէջ չէ՞: