Կիւլլապի Կիւլպենկեան հաստատութեան տնօրէն խորհուրդ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Աւելի քան 80 տարիներու ազգանուէր ծառայութեամբ, «Վերժին Կիւլպենկեան» մայրանոցը հալեպահայութեան մասնաւորապէս ու սուրիահայութեան ընդհանրապէս եղաւ բարիք մը մանաւա՛նդ գաղթական հայութեան բեկորներուն համար, որոնք Ցեղասպանութեան դառն ճակատագիրը ճաշակելով կազմեցին իրենց բոյնը ասպնջական սուրիական հայրենիքէն ներս:
Մայրանոցը ծննդեան տուն եղաւ ու հասաւ բոլորի՛ն անխտիր, առանց յարանուանական, հատուածական ու քաղաքական գոյն տալու այս ազգօգուտ հիմնարկին: Մայրանոցին մէջ ծնան յաջորդական սերունդներ եւ այսօր անոնք ակնածանքով կը յիշեն անոր կատարած բարեսիրական մեծ գործը:
Դժբախտաբար, սուրիական պատերազմին հետեւանքով, «Վերժին Կիւլպենկեան» մայրանոցն ալ ի շարս ազգային այլ հաստատութիւններու ստիպուած եղաւ ժամանակաւորապէս փակել իր դռները: Վերջին քանի մը տարիներուն Կիւլլապի Կիւլպենկեան հաստատութեան մայրանոցը, իր աշխարհագրական դիրքով աւելի հանդարտ վայր մը ըլլալով հայաշատ թաղամասին մէջ, ժամանակաւորապէս դարձաւ ապահով երդիք մը հայ ծերանոցի տարեցներուն համար, քանի որ պատերազմի պատճառով ծերանոցի շէնքը ռմբակոծուած եւ վնասուած էր:
«Կիւլլապի Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան տնօրէն խորհուրդը 25 դեկտեմբեր 2015-ին յայտարարած է համայն հալեպահայութեան, որ «Վերժին Կիւլպենկեան» մայրանոցը, բարեսիրական հիմնարկ մը, դարձեալ կը վերադառնայ իր աւանդական առաքելութեան, վերահաստատելով շէնքին առաջին յարկը իբրեւ հիւանդանոց: Նաեւ, Կիւլլապի Կիւլպենկեան հաստատութեան տնօրէն խորհուրդի որոշումով, ժամանակաւորապէս իր համալիրին մէջ ապաստան տալով հանդերձ պիտի շարունակէ իր դռները բաց պահել մեր տարեցներուն առջեւ, մինչեւ բարի աւարտը տխուր պատերազմին եւ անոնց վերադարձը դէպի հայ ծերանոցի շէնքը:
Հալէպի մեջ, հաստատութեան եւ համալիրին լիազօր ներկայացուցիչ պրն. Օհաննէս Օհաննէսեան շուտով պիտի ձեռնարկէ վերաբացումի նախնական աշխատանքներուն, որպէսզի մայրանոցը վերագտնէ իր անցեալի հմայքը եւ վերընդունի մայրերը իր հիւանդանոցէն ներս:
«Կիւլպենկեան» մայրանոցի վերաբացումը յոյս, անվտանգութիւն, կայունութիւն եւ աշխատավայր կը հայթայթէ Հալէպի բնակիչներուն:
Շուտով հալեպահայութեան ուշադրութեան պիտի յանձնուի նոր զարգացումները «Վերժին Կիւլպենկեան» մայրանոցին հետ կապուած: Մինչ այդ, Կիւլլապի Կիւլպենկեան հաստատութիւնը մնայուն խաղաղութիւն կը մաղթէ Սուրիական Հանրապետութեան եւ հալեպահայութեան:
Խմբ. կողմից տեղեկացնենք, որ հալեպահայությանը քաջ հայտնի մայրանոց-ծննդատան վերաբացումը անմիջական չէ. դեռեւս աշխատանքները նախապատրաստական փուլում են: