Dan Brown, որ հռչակաւոր դարձաւ իր The Davinci Code արկածախնդրական, խիստ հետաքրքրական գիրքով, հեղինակն է նաեւ շարք մը նոյնանման գիրքերու, որոնք best seller (լաւագոյն վաճառուող) դարձած են եւ 52 լեզուներու թարգմանուելով, անոնցմէ ցարդ 200 միլիոն օրինակ վաճառուած է, բազմամիլիոնատէր դարձնելով նաեւ հեղինակը (ականջը խօսի հայ հեղինակներուն…):
Ըսեմ որ այս մարդուն գրածներուն այսքան ժողովրդականութիւն գտնելուն պատճառը դիպաշարին խիստ հետաքրքրական ըլլալը չէ միայն, այլեւ երեւակայական ըլլալով հանդերձՙ անոնց իրական ըլալուն պատրանքը յաջողութեամբ տալն է, երբ յիշուած բոլոր վայրերը, կամ օգտագործուած գոյքերը, ինչպէս թանգարանային գեղանկարներ, արձաններ, գիրքեր, արխիւային նիւթեր եւայլն, իրական են եւ իսկապէս գոյութիւն ունին:
Իր վէպերուն գործողութեանց թատերաբեմը ընդհանրապէս Իտալիան է իր հարուստ պատմութեամբ, իր տեսարժան վայրերով եւ պատմական արժէք ներկայացնող արուեստի գլուխգործոցներով:
Վերջերս կարդացի իր The Inferno (Դժոխքը) գիրքը, որ Տանթէ Ալլիկիերիի «Աստուածային կատակերգութիւն» գիրքին շուրջ հիւսուած է, յատկապէս եռագրութեան (Trilogy) «Դժոխք»ի բաժինն է խնդրոյ առարկան:
Նպատակ չունիմ գիրքին վերաքաղը ընելու, կամ անոր գլխաւոր նիւթին ամփոփումը ներկայացնելու, սակայն, այն ինչ որ ուշադրութիւնս մեծապէս գրաւեց եւ պատճառ դարձաւ, որ օրերով անոր մասին մտածեմ, հետեւեալն էր.
Գիտնական մը շատ լուրջ ուսումնասիրութիւն կատարելով կը նախատեսէ, որ քանի մը տասնամեակ ետք մարդկութիւնը պիտի վերանայ երկրագունդի երեսէն, որպէս արդիւնք անոր արագընթաց աճին: Օր պիտի գայ, որ արագ-արագ միլիարներով բազմացող մարդկութիւնը ապրելու տարրական պայմաններ, ուտելիք եւ խմելիք պիտի չգտնէ:
Ուրե՞մն… Ուրեմն ձեւ մը պէտք է գտնուի այդ արագընթաց աճը կանխելու, կամ ալ ծայրայեղ միջոցներու դիմելու, ինչպէս մահացու համաճարակ հիւանդութիւն մը տարածելու արհեստական վիրիւսի մը միջոցով. որովհետեւ ծնելիութեան սահմանափակումները, ինչպէս Չինաստանի պարագային, շատ ազդու չեն այլ վայրերու մէջ, ուր բազմազաւակութիւնը կրօնքի եւ տգիտութեան արդիւնք է:
Անշուշտ այս առաջարկը, որքան ալ որ գիտականօրէն տրամաբանական թուի, աշխարհը չի կրնար ընդունիլՙ մարդկութեան կէսը սպաննել, որպէսզի միւս կէսը ապրիՙ ոճիր է…
Այս հարցը անշուշտ առաջին անգամ չէ որ կը բարձրանայ. գիտնականներ շատոնց է այս մասին կը մտածեն, բայց դեռ լուծումի մը չեն յանգած, բացի ծնելիութեան սահմանափակում թելադրելէ:
Իսլամական աշխարհը, որ երկրագունդի ներկայ բնակչութեւն մէկ կարեւոր մասն է, ըստ իրենց հաւատքին, սահման չեն դներ ծնելիութեան, ատիկա մեղք համարելով: Քրիստոնեայ աշխարհն ալ վիժումի (abortion) դէմ ըլլալով, դէմ է նաեւ հակաբեղմնաւորիչ միջոցներու: Ուրե՞մն. լուրջ եւ բաւական դժուար հարց է:
Միւս կողմէ, հիմակուընէ իսկ աշխարհի մէջ ըմպելի ջուրի տագնապ սկսած է. արդեօք տաս, քսան տարի ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ: Անապատացումը, որ կանաչ տարածքներ կը լափէ, ո՞ւր պիտի հասնի անոր պատճառած աւերը քանի մը տասնամեակ ետք:
Մէկ խօսքով, գիրքին արծարծած մտահոգութիւնը որքան ալ ճիշդ ըլլայ եւ իսկապէս սպառնայ մարդկութեան, ոչ ոք պիտի համարձակի մարդ արարածին ապրելու իրաւունքը խլել ու անոր կեանքին թելը կտրել: Արդէն պատերազմները, ցեղասպանութիւնները, համաճարակները եւ բնական կամ արհեստական տարատեսակ պատուհասներն ու արկածները բաւական կեանքեր կը խլեն անժամանակ կերպով: Միլիոնաւորներ զոհ կ՛երթան անոնց, սակայն միլիոնները ոչինչ են միլիարներու հետ բաղդատած:
Կ՛ըսուի, թէ քանի մը տասնամեակ չանցած, աշխարհի վրայ մարդկութեան թիւը պիտի հասնի 9 միլիարի…
Այս հեռանկարը նկատի առած, երբ աշխարհի պետութիւնները ապագայ սերունդներուն մասին մտածելով ձեռք-ձեռքի տալով լուծումներ եւ միջոցներ չեն որոներ եւ կը շարունակեն եղածն ալ քանդել, ապա ուրեմն անոնք ոճրագործներ են եւ յանցապարտ պիտի ներկայանան պատմութեան դատաստանին, եթէ անշուշտ դատաւոր ու դատաստան մնայ:
Կը զարմանամ, արհեստագիտութեան այսքան յառաջընթացին մէջ դժուա՞ր է այս աղէտը կանխարգիլող միջոցներ ստեղծել. Նախ, պատերազմներն ու զէնքի ու զինամթերքի արտադրութիւնը դադրեցնել եւ անոնց վրայ ծախսուած միլիարները յատկացնել գիտաշխատանոցներու, կեանքի գոյատեւման նոր միջոցներ որոնելու եւ ստեղծելու, ըմպելի ջուրի, կամ սնունդի նոր աղբիւրներ գտնելու:
Իմ կարծիքով, անկարելի չէ: Անջրպետային բազմամիլիոնանոց մրցակցութեան ու այլ մոլորակներու վրայ նոր բնակելի վայրերու մասին մտածելու փոխարէն, մեր Երկիր մոլորակը պահպանելու եւ շէնցնելու մասին թող մտածեն:
Մարդ գիտակցաբար ինքնասպանութեան կը դիմէ՞:
Ասիկա «մահ իմացեա՛լ անմահութիւն» չէ. ասիկա անխելքութեան գագաթնակէտն է: