Թունուզցի արաբ մը կը գրէ. «Ութսունական թուականներու վերջաւորութեան Թունուզը մարախներու յարձակումի ենթարկուեցաւ. փճացաւ ցորենի ամբողջ բերքը: Երկիրը ահաւոր սովի վտանգին առջեւ էր: Ոչ Ամերիկան, ոչ ալ Քաթարը օգնութեան փութացին: Հանգուցեալ նախագահ Հաֆէզ Ասատն էր, որ ցորէնով բեռնաւորուած վեց նաւ ուղարկեց,- Թունուզի տարեկան ցորենի բերքին մէկ ու կէս անգամը,- եւ երկիրը փրկուեցաւ:
Հիմաՙ մեր երկրին նոր ղեկավարները հազարաւոր զինեալներ կ՛ուղարկեն Սուրիա, սպաննելու եւ երկիրը աւերելու համար: Պատմութի՛ւն, արձանագրէ. Թունուզի ժողովուրդը չի մոռնար…»:
Ժողովուրդը չի մոռնար, սակայն ծախուած ղեկավարները կը մոռնան:
Որեւէ մեկնաբանութեան կարիք կա՞յ:
Թունուզը չի մոռնար: Մենք, հայերս ալ չենք մոռնար, երբ միեւնոյն նախագահը 1992-ին 6000 թոն ցորեն նուիրեց Հայաստանին, որպէս օգնութիւն երկրաշարժէն եւ շրջափակումէն տուժած մեր հայրենիքին: (*)
Այսօր Սուրիան արիւնաքամ է. ռազմադաշտի վերածուած է: Ոչ թէ այլմոլորակայիններ, այլ ՄԱԿ-ի անդամ գեր-զարգացած եւ գեր-դեմոկրատ երկիրներ ուժի ցուցադրութեան թատերաբեմ դարձուցած են երկիրը. թատերաբեմ, ուր հինգ տարիէ ի վեր ամէն օր միայն ողբերգութիւններ կը բեմադրուին:
Իրենց ստեղծած, շինած-զինած կազմակերպութեան դէմ կը կռուին,-իբր թէ,-սակայն զայն զինաթափել ու ոչնչացնել չեն յաջողիր: Զարմանալի է, ամբողջ աշխարհը «Իսլամական պետութեան» դէմ է, մեծ պետութիւնները օդուժով ամէնօրեայ յարձակումի անցած են, սակայն այս կազմակերպութեան ոչ թէ չեզոքանալուն, այլ նոյնիսկ տկարանալուն մասին բան չենք լսեր.
Ի՞նչ օգուտ ամէնօրեայ ձեր հարիւրաւոր յարձակումներէն ու թշնամի թիրախներ ռմբակոծելէն: Ի՞նչ արժէք ունին այդ բոլորը, եթէ ի վիճակի չէք հրասանդները լռեցնելու, ծարաւ Հալէպին ջուր հասցնելու, խաւար ու ցուրտ Հալէպի ելեկտրականութիւնը վերադարձնելու, ձեր ազատագրած ճամբաներէն վարելանիւթ փութացնելու:
Ինչո՞ւ բոլորէն աւելի Հալէպը կը խաչուի:
Ռուսիան երբ ձեռք առաւ ԻՊ-ն մաքրելու գերխնդիրը, ամէն մարդ, մասնաւորաբար սուրիացիները ուրախացան, որ վերջապէս լրջացաւ հարցը եւ Ռուսիան կատակ չի վերցներ ու պատրաստուեցան ողջունել ակնկալուած խաղաղութիւնը:
Երբ Թուրքիան վար առաւ ռուսական ռմբակոծիչը եւ Պուտինը սպառնալիքներ տեղացուց Էրտողանի գլխուն, հայերը սկսան փոշոտած քարտէսները բանալ ու հայապատկան հողերուն վերատիրանալու յոյսեր փայփայել:
Մեղք ենք, իսկապէս մեղք ենք. յուսահատ մարդոց նման ամենափոքր յոյսին փաթթուելու պատրաստ ենք:
Պիտի կրկնեմ քաղաքական նշանաւոր ասացուածքը. «Չկան մնայուն բարեկամներ կամ թշնամիներ. կան մնայուն շահեր»:
Մենք այդ «շահ»ին մէջ որեւէ ներդրում ունի՞նք:
Մինչ այդ, Հալէպի մէջ այսօր, վարժարանի մը ուսուցչուհիին մէկ ամսականով միայն զոյգ մը կօշիկ կարելի է գնել…
*) Խմբագրության կողմից ավելացնենք, որ նույն Հաֆեզ Ասադը 1988-ի երկրաշարժից հետո, մինչեւ ավելի քան մեկ տարի, բոլոր պետական պաշտոնատներում հատուկ գանձարկղ էր տեղադրել Հայաստանի աղետյալների օգնության համար…