Անցեալ ուրբաթ Փարիզի մէջ սանձազերծուած ահաբեկչական յարձակումները, որոնց զոհ գացին հարիւրաւորներ, սպանեալ կամ վիրաւոր, եւ որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ԻՍԻՍ-ը եւ որուն առթիւ համաշխարհային բողոքի ու դատապարտումի բազմատեսակ արտայայտութիւններ եղան, քանի որ խնդրոյ առարկան Ֆրանսան էր, իսկ Սուրիոյ հնգամեայ պատերազմն ու հարիւր հազարաւոր զոհերը նոյնանման վերաբերմունքի բնաւ չարժանացան, այս դէպքը առիթ տուաւ որոշ մտորումներու:
«ԻՍԻՍ»ը («Իսլամական պետութիւն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ») սովորական ընդդիմադիր կազմակերպութիւն չէ, ոչ ալ ահաբեկչական զինեալ բանակ, ԻՍԻՍ-ը գաղափարախօսութիւն է, ուսմունք, փիլիսոփայութիւն…»:
Այսպէս կը բնորոշէ քաղաքական վերլուծաբան մը 21-րդ դարու այս մարդկային «ցունամին». եւ կարծէք թէ ճիշդ է տրուած բնորոշումը, քանի որ իրենց արարքները լաւագոյն վկաներն են իրենց դաստիարակութեան ու հաւատամքին:
Ջախջախիչ մեծամասնութեամբՙ որեւէ լուրջ զարգացում չունեցող, լուացուած ուղեղներով, կրօնամոլ , արկածախնդիր, դաժանութեան ու վայրագութեան սիրահար, արիւնարբու երիտասարդներու հսկայ բանակ մըն է, որ ո՛չ սպանելէ կը վախնայ, ո՛չ ալ սպանուելէ, կամ անձնասպան ըլլալէ: Այս տեսակ բանակի մը դէմ դնելը դժուար է:
Սակայն պիտի հարց տրուի, ինչպէ՞ս մէջտեղ եկան, ինչպէ՞ս կազմաւորուեցան, ինչպէ՞ս մարզուեցան ու սպառազինուեցան պետութիւններու աչքերէն հեռու, գաղտնօրէն (՞), քանի որ ցարդ ոչ մէկ պետութիւն, արաբական, իսլամական, կամ այլ, բացէ ի բաց տէր կանգնեցաւ անոնց. ընդհակառակն, բոլորն ալ անխտիր կը դատապարտեն զիրենք ու իրենց անմարդկային արարքները:
Ի՞նչ է այս մարդոց ուզածը: Ենթադրութիւնները բազմապիսի են, ինչպէս նաեւ բազմապիսի են այդ ենթադրութիւններուն հակառակը փաստողները: Այսուամենայնիւ, անոնց ահաբեկչական գործողութիւնները կանգ չեն առներ ու երթալով այդ գործողութիւններուն աշխարհագրական ծիրը կը մեծնայ, ինչպէս որ ատենին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ զգուշացուց արեւմտեան պետութիւններն ու ԻՍԻՍ-ը սպառազինողները, ըսելովՙ «Ձեր նետած քարը օր մը ձեր գլխուն պիտի իյնայ»:
Արդի արհեստագիտութեան ընձեռած լրատուական միջոցներով բաւական թափանցիկ դարձան երեւոյթները, սակայն ստախօսութիւնն ալ նոյն տարողութեամբ զարգացաւ: Բազմաթիւ փաստերով այս կազմակերպութեան կնքահայրերը ի յայտ եկան, սակայն խնդրոյ առարկա պետութիւնները կը շարունակեն ստել եւ ուրանալ:
Ամենաողբերգակատակերգականը Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ գումարուած Քսաններու ժողովի ընթացքին պատահածն էր, երբ բոլոր մասնակիցները յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ սգացին Փարիզի զոհերը… որոնց մէջ դժուար չէր տեսնել ԻՍԻՍ-ի կնքահայրերը: Արաբական առածը կ՛ըսէ. «Մարդը կը սպանէ, ապա անոր թաղման թափօրին կը մասնակցի»…
Ով դարք, ով բարք…