Շուկայի մէջ հանդիպեցայ հալեպահայ հին ծանօթի մը. սովորական բարեւէն ու որպիսութիւնը հարցնելէն ետք, բնականաբար պիտի հետաքրքրուէի իր զբաղումով: «Կ՛երթամ կոր»,- ըսաւ: «Ո՞ւր»,- հարցուցի: «Հալէ՛պ»,- ըսաւ: «Խե՞ր,- ըսի,- ինչո՞ւ կ՛երթաս»: «Վերջացաւ,- ըսաւ,- վերջացաւ. ռուսերը կը մաքրեն կոր, վաղը պատերազմը կը կենայ, երթանք ալ տուներնիս, տեղերնիս գտնենք, ազատինք այս գաղթականի վիճակէն»:
Մարդը այնքան համոզուած կը խօսէր, որ չուզեցի «Դեռ կանուխ է այսպիսի եզրակացութեան հասնելու, քիչ մը համբերէ, տեսնենք ինչ պիտի ըլլայ…», ըսելով իր խանդավառութեան ջերմաստիճանը նուազեցնել:
Ասիկա մէկ օրինակն է, որ ինծի հանդիպեցաւ: Ով գիտէ, քանիներ իրեն պէս կը մտածեն եւ արդէն աչքերնին հեռատեսիլինՙ ճամբորդական պայուսակները վար կ՛իջեցնեն պահարանին վրայէն ու անոնց փոշին կ՛առնեն, պատրաստուելով վերադարձի:
Վերադարձի՛: Թող տարօրինակ չթուի, ոչ ալ անմիջապէս քննադատելու թող ելլեն մարդիկ, թէ «ա՞յս էր ձեր հայրենասիրութիւնը, հայրենիքը պանդոկ-հիւրանո՞ց է, թէ՞ ժամանակաւոր գաղթակայան»:
Սփիւռքահայուն արարքները քննադատելէն մինչեւ զանոնք ծաղրելու պատրաստ գրչակներ կան, որոնք առիթի կը սպասեն իրենց մատիտները սրած: Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այս վերաբերմունքը, ինչո՞ւ չեն կրնար հարցին մակերեսէն անդին անցնիլ ու խնդրին էութեան հասնիլ, մարդոց հոգեվիճակը ըմբռնել:
Հարիւր անգամ պէտք չկայ կրկնելու. մարդ որքան ալ հայրենասէր ըլլայ, իր ու իր ընտանիքին ապրուստի ծախսերը պիտի հոգայ, չէ՞, եկեր է ու տարիէ մը ի վեր գործ կը փնտռէ եւ չի գտներ. դանակը ոսկորին հասած է, ու բնական է, որ ամենաբարակ շիւղէն իսկ կախուի չխեղդուելու համար: «Ամենաբարակ շիւղը» այս պարագային ռուսական յուսադրիչ գրոհներն են, որոնք վերջ պիտի դնեն Սուրիոյ պատերազմին ըստ շատերու եւ մասնաւորաբար յուսահատութեան մէջ ինկած սուրիահայերու:
«Այս թանը դեռ շատ ջուր կը վերցնէ», պիտի ըսեն մեծերը. Դեռ արդիւնքը յայտնի չէ, ամբողջ Միջին Արեւելքը տակնուվրայ է, Պաղեստինէն մինչեւ Իրաք, մինչեւ Թուրքիա եւ անշուշտ Սուրիա:
Կ՛ըսեն Հայաստան 15-17 հազար սուրիահայ կայ, այսինքն մօտ 4-5 հազար ընտանիք, որոնցմէ շատեր արդէն երեք տարի է այստեղ են: Ասոնց քանի՞ տոկոսը ինքնաբաւ է ու առանց աշխատելու կրնայ տարիներով դիմանալ: Քանի՞ տոկոսը աշխատանք ունի ու կրնայ ապրիլ իր եկամուտով: Մանրամասն հաշուելու կարիք չկայ. վստահ եմ, որ անոնց քանակը 30%-ը չ՛անցնիր, այսինքն անդին մեծ տոկոս մը կայ, որ կը քաշքրտուի իր խնայած դրամով, բարեսիրական հաստատութեանց նպաստներով ու արտերկիր գտնուող ազգական-բարեկամներու նուէրներով: Վերջը՞…
Վերջը այս պիտի ըլլայ, պիտի շալկուին ու վերադառնան, Հալէպի կարօտով, ռուսէն կախուած յոյսերով, թէ՞ այլ, սակայն երբեք հայրենասիրութեան պակասէն:
Մի զարմանաք եւ մի այպանէք, եթէ դիմատետրին (facebook) կամ մամուլի մէջ կարդաք Հալէպի կարօտով գրուած յուզումնախառն տողեր, ոչ միայն Հայաստանէն, այլեւ Լիբանանէն, Եւրոպայէն, Ամերիկայէն, Աւստրալիայէն… Գուցէ չըմբռնէք, սակայն պիտի հասկնաք, թէ ինչո՞ւ հալէպահայերը այդքան կապուած են իրենց քաղաքին. կապուածութիւն մը, որ աւելի մագնիսական կը դառնայ, երբ այստեղ շատ դռներ ու շատ տրամադրութիւններ կը փակուին իրենց դիմաց:
«Պիտի վերադառնամ» ըսողին ուզածիդ չափ «ջուրը չտեսած մի՛ բոպիկնար» ըսէ, միեւնոյնն է, պիտի բոպիկնայ… մերկանալէ առաջ: