Շաբաթ երեկոյեան Օփերայի կողքէն անցած ատենս տեսայ հոն խռնուած ցուցարարները ու լսեցի բեմէն բարձրաձայն ելոյթ ունեցողները, առանց լաւ հասկնալու, թէ ինչեր կ՛ըսէին, միայն յստակ տեսայ իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած «Ո՛Չ»-երը:
Պահ մը կարծեցի Ո՛Չ-ը ուղղուած է մեր հարեւան երկրին, սահմանային վերջին զարգացումներուն առթիւ, ըսելու համար, թէՙ Ո՛Չ, չենք ընկրկիր, Ո՛Չ, թիզ մը իսկ հող չենք զիջիր Արցախի ազատագրուած տարածքներէն, Ո՛Չ ձեր թշնամական նկրտումներուն, մեզ պատերազմի մէջ քաշելու փորձերուն, եւայլն:
Սակայն յետոյ իրազեկ դարձայ, որ ցոյցը կազմակերպուած էր ընդդիմադիրներուն կողմէ եւ երեւի ներկայ նախագահին հրաժարականը եւ իշխանափոխութիւն կը պահանջէին:
Տասնամեակներէ ի վեր երազուած անկախութիւնը վերջապէս ունեցանք, տասնամեակներէ ի վեր խօսքի ազատութիւն տենջացինք ու վերջապէս ունեցանք, սակայն զանոնք այնքան չափազանցուած ձեւով օգտագործեցինք, որ երբեմն օգուտի փոխարէն անոնց վնասները սկսանք տեսնել: Չէ՞ որ ըսուած է. «Հայուն չափը, չափազանցութիւնն է»…
Հիմա կը մտածեմՙ մեր երկիրը լուրջ վտանգի առջեւ է, սահմանային գօտիի վրայ պատերազմական վիճակ է, հայ զինուորներ զոհ կ՛երթան թշնամիի գնդակոծումներուն: Թէեւ ճիշդ է որ մերինները լաւ հակահարուած կու տան, սակայն, նահատակ հայ զինուորներուն գերեզմաններուն հողը դեռ թաց է անոնց մայրերուն արցունքներէն: Մեր բոլորին նայուածքները ուղղուած պիտի ըլլան դէպի թէժ կէտերը, սակայն, այստեղ, Երեւանի մէջ, ուրիշ աշխարհ է, ուրիշ կշռոյթով կը շարժի կեանքը սրճարաններուն, ճաշարաններուն, հաճոյքի վայրերուն եւ ցուցարարներու հաւաքավայրին մէջ:
Մեր պատմութեան ընթացքին մեր բերդատէր իշխաններն ու նախարարները յաճախ իրարու հետ թշնամացած են, իրարու դէմ կռուած են, սակայն յաճախ ալ, երբ արտաքին թշնամին մօտեցած է Հայաստանի սահմաններուն, անոնք մէկ կողմ դնելով իրենց տարակարծութիւններն ու հակամարտութիւնները, միացած են ու ընդդէմ գացած թշնամիին: Այսպէս գրուած էր հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ եւ այսպէս ալ սորված ենք եւ ուրախացած ու փորձած ենք դաս քաղել իրենցմէ:
Ահա՛ ասոր կ՛ըսեն հայրենասիրութիւն: Իսկ մենք ի՞նչ կ՛ընենք այս օրերուն: Ինծի համար երկրորդական է ներկայ իշխանութեան դէմ ուղղուած ցուցարարներուն պահանջքները. Չեմ ըսեր իրաւունք չունին, ունի՛ն շատհաւանաբար, սակայն ներքին ճակատին հանդարտ ըլլալը շատ անհրաժեշտ է, որովհետեւ որեւէ տեսակի երկպառակութիւն կը վնասէ երկրին, իսկ թշնամին ալ կ՛օգտուի անկէ: