Սուրիական պատերազմի հինգերորդ տարին տարածաշրջնը նոր զարգացումներու թատերաբեմ պիտի դառնայ: Արդարեւ, Սուրիոյ կողմնակից օտար պետութիւնները, գլխաւորուած Ռուսիայով, որոնք ցարդ քաղաքականութեան լեզուով իրենց կեցուածքը կը պարզէին յաչս միւս ճակատին, երբ տեսան, թէ քաղաքական լեզուն անըմբռնելի դարձաւ, անցան գործնականի եւ «մտան» Սուրիա:
«Մտան»ը բաւական վտանգաւոր բառ է, քանի որ Սուրիան եւ իր համախոհները անդադար «օտար ուժերու ներթափանցում»ի դէմ արտայայտուած են պատերազմը քննարկող բոլոր ժողովներու ընթացքին, ուր հակառակորդ պետութիւններ ներխուժման առաջարկներով ելոյթ ունեցած են որպէս միակ միջոցը նախագահ Ասատը տապալելու:
Ներխուժելու սպառնալիքները անիրագործելի մնացին, մինչեւ որ «ծայրայեղական ահաբեկչականներուն դէմ պայքարելու» սնամէջ պատրուակով արեւմտեան կարգ մը երկիրներու համաձայնական օդուժը սկսաւ թռիչքներ կատարել Սուրիոյ վրայ, առանց որեւէ լուրջ վնաս հասցնելու «Իսլամական պետութեան», բան մըՙ որ ակնյայտ էր առաջին վայրկեանէն:
Անշուշտ արեւմտեան պետութեանց փափաքները սանձահարողները եղան ՄԱԿ-ի մէջ հնչած վեթօ-ները Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Չինաստանի կողմէ:
Գաղտնիք չէ, որ Ռուսիան շատ կարեւոր զինուորական ռազմախարիսխ մը ունի Սուրիոյ ծովեզերքը: Ինչպէս նաեւ գաղտնիք չէ, որ սուրիական ծովեզերեայ շրջանը շատ հսկայ գազի պաշարներ ունի, այնքան հսկայ, որ կ՛ըսուի, թէ երբ արդիւնաբերուի, Ռուսիայէն ետք աշխարհի ամէնամեծ գազ արտադրող երկիրը կրնայ դառնալ:
Ասոնք նկատի առնելով եւ ասոնց վրայ գումարելով իսրայէլեան նկրտումներըՙ շրջանի զօրաւոր պետութիւնները քայքայելով իր անվտանգութիւնը ապահովելու եւ տակաւին միջազգային սիոնիզմի քաղաքականութիւնըՙ իսլամները զիրար ջարդելու մղելու, կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ սուրիական կռուախնձորը դիւրին նուաճելի բան չէ, նոյնիսկ եթէ զայն նուաճելու ճամբուն վրայ երկիրը քար ու քանդ ըլլայ, միլիոնաւորներ գաղթեն, տասնեակ հազարաւորներ զոհուին:
Ռուսական ներկայութիւնը արդէն զսպած է իսրայէլեան սանձարձակ օդային ներխուժումներն ու ռմբակոծումները Սուրիոյ տարածքին. օդուժը արդէն գործի անցած է ու քաղաքական լեզուով «զգուշաւոր սպասողական» վիճակ մը կը տիրէ ամէն կողմ. Ռուսիան միւսներուն նման ձեւական յարձակումներ պիտի չկատարէ եւ արդէն իր գրոհներուն արդիւնքը բացայայտուիլ սկսաւ:
Մեր խանդավառութիւնը պիտի շարունակուի՞, թէ՞ առայժմ լռող արեւմուտքը պիտի չհանդուրժէ ռուսական գերակշռութիւնը: Յանկարծ Ֆրանսան որոշեց իր օդանաւերը ուղղել Սուրիա իբր թէ ԻՍԻՍ-ի կեդրոնները հարուածելու, առանց Սուրիոյ համաձայնութեան: Ռուսաստանը անմիջապէս սաստեց: Ինչ ալ ըլլայ կարելի չէ ազատ համարձակ նեխուժել սուրիական տարածքներ: Սուրիան տակաւին կը պահէ իր գերիշխանութիւնը ՄԱԿ-ով նուիրագործուած. իր աթոռը ունի այնտեղ եւ իր դրօշը կը ծածանի շէնքին առջեւ: Պատերազմը դեռ չէ աւարտած ու Սուրիոյ օրինաւոր իշխանութեան մահախօսականը պատրաստողները չորս տարի սպասեցին ու դեռ պիտի սպասեն: Մարդ չի գիտեր ինչ կը բերէ վաղուան օրը:
Այսօրուան դրութեամբ, կա՛մ ռուսական, իրանական եւ չինական ուժերը սուրիական բանակին հետ գործակցաբար վերջ պիտի դնեն պատերազմին, կամ ալ համաշխարհային երրորդ պատերազմը-Աստուած մի արասցէ- իրականութիւն պիտի դառնայ:
Նախագահ Պուտին Խրիմով եւ Սուրիայով վերահաստատեց Ռուսիոյ երբեմնի դիրքը, աշխարհի երկու գերուժերէն մէկը ըլլալու եւ քաղաքական ու ռազմական հաւասարակշռութիւնը պահպանելու: Տեսնենք, Արեւմուտքը պիտի կլլէ՞ ասիկա: