Աստուծոյ եւ բնութեան ամենակատարեալ արարածը անշուշտ ՄԱՐԴն է, իր խօսելու, զգալու, մտածելու եւ գործելու անսահման կարողութեամբ: Սակայն, զարմանալիօրէն, ի սկզբանէ եւ մինչեւ այսօր ան, հակառակ իր բազմապիսի յատկութիւններուն, բաւարարուած չէ եւ միշտ փափաքած ու ձգտած է աւելի կատարեալին հասնիլ:
Դիտած է շուրջը, տեսած է երկինքին մէջ սաւառնող թռչունները ու ցանկացած է անոնց պէս ինք ալ թռչիլ. տեսած է անյաղթահարելի ուժը առիւծին ու ցուլին եւ փափաքած է անոնց նման զօրաւոր ու անպարտելի ըլլալ: Այդ կը փաստեն աշխարհի շատ մը քաղաքակրթութիւններէն ու հին ժողովուրդներէն մնացած հնախօսական վայրերու քանդակներն ու արձանները, ուր իրենց չաստուածները պատկերուած են թեւաւոր առիւծի ու մարդու գլխով. այսինքն կատարելութեան հասնելու մարդու ցանկութիւնՙ մարդու ուղեղ, առիւծի մարմին եւ արծիւի թեւեր. չէ՞ որ աստուածները մարդոց երեւակայութեան արդիւնք են:
Հազարաւոր տարիներ առաջ ապրած մարդը ինչո՞ւ դժգոհ եղած է իր ունեցածէն, ինչո՞ւ ցանկացած է աւելին ունենալ. իր կերտած աստուծոյ մէջ ինքզինք չէ՞ տեսած, ինք ալ չէ՞ ցանկացած աստուածանալ:
Երեւի այս ցանկութիւնը մնայուն յատկանիշն է մարդ արարածի նկարագրին, քանի որ այսօր ալ նոյնանման ձգտումներու ականատես կ՛ըլլանք, յատկապէս շարժանկարի պաստառին վրայ, ուր Սուփըրման ու Պաթման, Սփայտըրման ու Անդման* եւ ասոնց նման գերմարդկային կարողութիւններով օժտուած մարդիկ անընդհատ սխրագործութիւններ կ՛ընեն չարին դէմ պայքարելով: Սուփըրմանըՙ Գերմարդն է, Պաթմանըՙ Ջղջիկ մարդն է, Սփայտըրմանըՙ Սարդամարդն է, իսկ ամենանորը Անդմանն է, Մրջիւնմարդը…
Անշուշտ սինեմաշխարհը հսկայ «պիզնես» է, բազմամիլիոնանոց գործարք, որուն համար անդադար հետաքրքրական նորութիւններ պէտք են շարժապատկերի սրահները լեցնելու համար. իսկ պատանի հանդիսատեսին ալ երեւակայութիւնը գրգռելու եւ անոր մէջ գերմարդ ըլլալու ցանկութիւն եւ կիրք սերմանելու համար նոր հերոսներ պէտք են, ամէնաանհաւատալի արկածախնդրութիւններով:
Զարմանալի է, փոխանակ մարդը ձգտի ՄԱՐԴ դառնալ, կը մղեն զինք որ գերմարդ դառնայ: Գերբնական կարողութիւններու մասին մտածելէ առաջ, ինչո՞ւ չեն աշխատիր մարդը մղել առաքինութիւններով օժտուելու, դառնալու ուղղամիտ, պարկեշտ, բարեպաշտ, բարեգործ, որ շրջապատն ալ վարակէ իր բարեմասնութիւններով, թէ չէ ի՞նչ իմաստ ունի սուտ բաներով ողողել նոր սերունդին ուղեղն ու հոգին:
Մարդուն համար եթէ անհրաժեշտ ըլլային թեւերն ու գազանի մարմինը, վստահ եմ այդպէս կը ստեղծուէին, սակայն Աստուած մարդուն խելք շնորհած է, որպէսզի մտքով սլանայ եւ խելքով զօրանայ:
Ե՞րբ մարդը պիտի գիտակցի իր աստուածատուր կարողութիւններուն եւ գոհանայ ՄԱՐԴ դառնալով:
(*) Superman, Batman, Spiderman, Antman