Բժ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ, Գերմանիա
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի 76 ամեակը
Ի՞նչ նշանականութիւն ունի օրաթերթի մը երկար ապրիլը, եթէ այդ օրաթերթը իր ետին թողած տարիներուն ապրած է միայն իր գոյատեւման, ո՛չ թէ քիչ մըն ալ իր ընթերցողներուն եւ նաեւ իր ժողովուրդին համար: Նշանակալից է հայատառ «ՄԱՐՄԱՐԱ» օրաթերթի առաքելութիւնը եւ իր ընթերցողներուն բերած ծառայութիւնը, որպէս մայրենի լեզուի դպրոց, հայ գիրի ու գրականութեան շտեմարան: «ՄԱՐՄԱՐԱ», որպէս մշակոյթի սպասաւոր, ինքնանուէր մատուցումներով եւ դժուարին պայմաններով իսկ, շարունակեց հաւատարիմ պահակը մնալ ազգային ինքնութեան ու մշակոյթին: Ամէն օր ապրեցաւ իր ընթերցողներուն ու նաեւ իր ժողովուրդին համար: «ՄԱՐՄԱՐԱ» օրաթերթը 76 տարիէ ի վեր կը հրապարակէ հայ գրականութենէն, արուեստէն, ազգային, համայնքային, գաղութային, մշակութային, կրթական կեանքէն լուրեր ու յօդուածներ: Ի գին մեծ զոհողութիւններու, կը շարունակէ կրել իր ուսերուն դրուած ծանր լուծը:
Ամենաջերմ զգացումներով կը շնորհաւորեմ «ՄԱՐՄԱՐԱ» օրաթերթի 76-ամեակը: Կը շնորհաւորեմ մասնաւորաբար օրաթերթի խմբագրապետ ու հայ մամուլի տաղանդաւոր ուսուցիչ Պրն. Ռոպէր Հատտեճեանը, թերթի խմբագրական կազմը, թղթակիցները, գործակիցները, նաեւ ընթերցողները: Շնորհաւոր, «ՄԱՐՄԱՐԱ»: