ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ, 2 սեպտեմբեր 2015, Փարիզ
Երեւան: Իր անունը կրող կառուցուող թաղամասի տան մէջ կամ ճաշարանը յաճախ միասին եղած էինք Վահագն Յովնանեանի հետ: Արտակարգ անձնաւորութիւն մը, որուն համար հայրենիքը եւ անոր կառուցումը ոչ լուսանկար էին, ոչ ճառ, այլ կեանքի արարում: Պարզ եւ համեստ այս հայը, ամէն առիթով կըսէր, որ հայրենիք պէտք է գալ, հաստատուիլ: Իր յաջողութեան բոլոր բարիքները կրնար վայելել Ատլանտեանի գեղածիծաղ ափի իր պերճ ու շքեղ տան մէջ, ուր հանգիստ կեանքի բոլոր պայմանները ունէր: Բայց եկած էր հայրենիք: Հայրենալքման հակառակ ուղղութեամբ:
Եկած էր Հայաստան մնալու, արմատաւորուելու, ոչ միայն իր անձով, այլ արմատաւորելու համար ուրիշներ ալ: Պատմեց, որ այս գեղեցիկ թաղամասը կառուցուած է Երեւանի աղբանոցին վրայ: Ինչպիսի սիրով եւ յանդգնութեամբ հոն կառուցած է գեղեցիկ եւ ապագային նայող թաղամասը: Օրինակելի Վահագն Յովնանեան, որ իր նախաձեռնութեամբ ասպարէզ կարդացած է բոլոր անոնց, որոնք կրնան իր ըրածը ընել եւ չեն ըներ:
Բարոյական յանդգնութիւն է չբաւարարուիլ խօսքով եւ տալ անձին օրինակը:
Վահագն Յովնանեանին իրապէս կը պատշաճի բարի մարդու համբաւը, բարերարի լուսապսակը, թէեւ վերջին տասնամեակներուն այդ բառի իմաստը նուազուրդի ենթարկուեցաւ:
Նիւ Եորքի հայերը կը պատմեն, որ Վահագն Յովնանեանի տան դռները միշտ բաց եղած էին մշակոյթի գործիչներու առջեւ եւ ան սատար հանդիսացած էր մշակութային նախաձեռնութիւններու: Հայաստանի մէջ ալ շարունակած էր զօրավիգ կանգնիլ մշակոյթի:
Սուրիական տագնապին հետեւանքով Երեւան հասած ընտանիքներու համար բնակութեան պայմաններ ստեղծած էր, առանց ժողովներէ եւ յանձնախումբերէ անցնելու:
Իր յաջողութիւնը սնապարծութեան չէր վերածած Վահագն Յովնանեան: Հաճելի խօսակից էր: Կը սիրէր հայերէն երգը: Դեռ երկու շաբաթ առաջ իրեն այցելութեան գացինք, արդէն ծանր հիւանդ էր: Երբ աչքերը բացաւ, զանազան խօսքեր ըսաւ, բայց նաեւ հայերէն երգեց, երգերՙ որոնք իրեն ընկերացած էին Իրաքէն Ամերիկա եւ Հայաստան:
Գործի մարդ էր Վահագն Յովնանեան: Նիւ Ճըրզիի մէջ իր անունը կրող հայկական արդիական հայկական վարժարան կայ, ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած: Այդ դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը, ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ, եկած էր Հայաստան, Ապրիլ 24-ին: Իր հիւրն էին: Խումբը իր թաղամասը հիւր եկած էր: Հրաւիրած էր նաեւ բարեկամներ: Իր սաները հայերէն կը խօսէին եւ հայերէն երգեցին, ամերիկածին տղաք եւ աղջիկներ, եւ իր աչքերուն մէջ կը կարդացուէր երջանկութեան ուրախութիւնը:
Երազներ ունեցող եւ երազները կեանքի վերածող իրաւ մեծ հայ էր Վահագն Յովնանեան, որուն հայրենասիրութիւնը հեռուն նստած յուզուողի սէր չէր, այլ անձի ներդրում էր:
Մեր զրոյցնէրէն մէկուն ընթացքին հարց տուի, թէ ինչպէս պիտի շարունակուէր իր մեծ գործը: Ըսաւ թէ Նինան, իր աղջիկը, պիտի շարունակէ գործը, որ իր ամուսնին եւ երկու աղջիկներուն հետ կը բնակի իր տունէն քարընկեց մը հեռու: Ան ալ Ամերիկայի ճոխութիւններէն հրաժարած եւ եկած էր հայրենիք:
Յաճախ ըսած եմ, որ մահուընէն ետք առաքինութիւնները կապրին: Բայց առաքինութիւններ պէտք է ունենալ, որպէսզի ապրին: Հռոմէացիները առաքինութիւնը կը սահմանէին որպէս հոգիի ուժ:
Վահագն Յովնանեան հռոմէացիի հոգեկան հզօրութիւն ունեցաւ: Իր թաղամասը մանրանկար քաղաք պիտի ըլլայ, իր դպրոցներով եւ կեանքով:
Ինք կեանք տուաւ այդ անբնակ վայրին: Այդ վայրը, իր կենդանի պատգամով, պիտի ըլլայ Վահագն Յովնանեանի շարունակուող կեանքը, որուն ծառուղիներէն դիտեց երազային Արարատը: Իր երազած քաղաքը իրականութիւն է այսօր, իր կարօտի աչքերուն մէջ եղած Արարատն ալ օր մը կըլլայ հայու իրականութիւն:
Օրինակելի՛ Վահագն Յովնանեան:
Անոնք որոնք կը սգան իր կորուստը, պիտի ունենա՞ն, կունենա՞ն իր իրաւ եւ անխարդախ հայրենասէրի հռոմէացիի առաքինութիւնը: Քանի որ յիշեցինք հռոմէացիները, յիշենք նաեւ անոնց զինուորի խօսքը. վահանի ետին կամ վահանի վրայ: Վահագն Յովնանեան հայու վահանին ետին մնաց եւ մեզմէ կը բաժնուի վահանին վրայ, մերժելէ ետք օտար եւ օտարացնող երկինքը, մերժումՙ որ առաքինութիւն կը պահանջէ:
Միշտ պէտք է կրկնել. օրինակելի:
Մեծ յեղափոխականի կտակ-խօսքը պէտք է յիշել. գործն է միայն կենդանի:
Եւ Վահագն Յովնանեան կ՛ապրի: